Պենտեկոստէի Շաբաթ Պենտեկոստէի Շաբաթ  

Եկեղեցական Գիտելիքներ։ Պենտեկոստէի Շաբաթ 23 – 30 Մայիս 2021

Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛ընդունի որ Սուրբ Հոգին կը բխի Հօրմէն եւ կ՛երթայ դէպի Որդին եւ փոխադարձաբար` կը բխի Որդիէն եւ կ՛երթայ դէպի Հայրը։ Սակայն այս վարդապետութինը յարաբերաբար աւելի ուշ ընդունուած ըլլալով` Հայերը, եւ ընդհանրապէս բոլոր Արեւելքցիները կը պահեն հին աւանդութիւնը եւ կը դաւանին Սուրբ Հոգին որպէս Բխումն ի Հօրէ միայն, ինչ որ հակառակ չէ կաթողիկէ վարդապետութեան, ըստ Վատիկանեան Բ. Ժողովին
Ունկնդրէ Լուրը

Կիրակի  23 Մայիսին` տօնն է Սուրբ Հոգւոյ գալստեան Առաքեալներու վրայ։ Այս տօնը կը կոչուի նաեւ Պենտեկոստէ, որ յունարէն լեզուով կը նշանակէ 50 օր, եւ կը խորհրդանշէ այն 50 օրերը որ կային ընդմէջ հրէական Զատկին եւ Տաղաւարահարաց տօնին։ Կը համապատասխանէ նոյնպէս նաեւ քրիստոնէական տօներուն, որով Քրիստոսի Յարութիւնը տեղի ունեցաւ Զատկի օրով, ուստի եւ զայն կը կոչենք նաեւ տօն Զատկի, իսկ Հոգեգալուստը կը համապատասխանէ Պենտեկոստէին, որով ան տեղի ունեցաւ Համբարձումէն 10 օր ետք, եւ տրուած ըլլալով որ Համբարձումն ալ  կը տօնուի Յարութենէն 40 օր ետք` ուստի եւ Հոգեգալուստը տեղի կ՛ունենայ Յարութենէն 50 օր ետք. Ահա այս է պատճառը որ կը կոչուի նաեւ Պենտեկոստէ։

Առաքեալներու Գործերուն երկրորդ գլխուն մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս, երբ Առաքեալները, հաւաքուած Մարիամ Աստուածածնի շուրջը, վերնատան մէջ կը սպասէին, յանկարծ հով մը անցաւ իրենց միջեւ եւ կրակէ լեզուներ եկան եւ տեղաւորուեցան իւրաքանչիւրի գլխուն վերեւ. Անկէ ետք` անոնք լեցուեցան Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ, բացին վերնատան դռները եւ սկսան աւետարանել համարձակօրէն ու քարոզել յարուցեալ Քրիստոսի պատգամը եւ մկրտել ներկաները։ Ըստ Սուրբ Գրքի, առաջին օրն իսկ 3000 հոգի դարձի եկան ու մկրտուեցան։ Ասոնք էին առաջին քրիստոնէաները, որոնց մէջ կային մեծամասնութեամբ Հրէաներ, բայց նաեւ հեթանոսութենէն հրէութեան եկած զանազան ազգերու պատկանող մարդիկ։

Օրուան Ս. Աւետարանի ընթերցումը մեզ կը ներկայացնէ Յիսուսը որ իր վերջին պատգամը կու տայ առաքեալներուն, իրենցմէ բաժնուելէ առաջ։ Կ՛ապահովեցնէ թէ զիրենք առանձին պիտի չթողու եւ կը խոստանայ թէ պիտի ուղարկէ մօտօրէն Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, որ պիտի ուսուցանէ իրենց ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ իր բոլոր խօսքերը եւ կատարած բոլոր գործերը երեք տարիներու ընթացքին, երբ կը գտնուէր իրենց միջեւ։  

Ծիսական գետնի վրայ, կը դադրի հետեւողական ընթերցումը Առաքեալներու Գործերուն, ինչպէս նաեւ Յովհաննէսի աւետարանին, եւ կը կարդացուին, որպէս Ընթերցուած` Հռոմայեցւոց թուղթը, իսկ որպէս Աւետարան` Մատթէոսի 7-9 գլուխները։ Բոլոր շաբաթը կը կոչուի Պենտեկոստէի շաբաթ եւ Հոգեգալստեան տօնը կ՛երկարի մինչեւ յաջորդ կիրակին, ուր կը տօնենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։

Սուրբ Աստուածի ժամանակ` կ՛երգցուի Որ առաքեցեր զՀոգի քո Սուրբ յառաքեալս, փոխանակ Որ յարեար ի մեռելոց-ին։

Սուրբ Հոգւոյ շարականները բազմաթիւ են մեր ծէսին մէջ եւ այս առթիւ, բոլոր շաբթուան ընթացքին կ՛երգցուին ժամերգութիւններուն մէջ։ Առաքելոյ Աղաւնոյ, Նոյն եւ նման, Զանըսկզբնաբար բխումն ի Հօրէ, Հոգին Սուրբ էր միշտ եւ է եւ եղիցի։ Հետաքրքրական են կարգ մը ստորոգելիներ որոնք կը տրուին Սուրբ Հոգւոյն, զոր օրինակ` մշտաշարժ, ինքնաշարժ, ինքնիշխան, ինքնազօր, ամենազօր, եւայլն։

Խօսք մըն ալ ըսենք Սուրբ Հոգւոյ Բխումին մասին։ Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛ընդունի որ Սուրբ Հոգին կը բխի Հօրմէն եւ կ՛երթայ դէպի Որդին եւ փոխադարձաբար` կը բխի Որդիէն եւ կ՛երթայ դէպի Հայրը։ Սակայն այս վարդապետութինը յարաբերաբար աւելի ուշ ընդունուած ըլլալով` Հայերը, եւ ընդհանրապէս բոլոր Արեւելքցիները կը պահեն հին աւանդութիւնը եւ կը դաւանին Սուրբ Հոգին որպէս Բխումն ի Հօրէ միայն, ինչ որ հակառակ չէ կաթողիկէ վարդապետութեան, ըստ Վատիկանեան Բ. Ժողովին։

Կիրակի 30 մայիսին տօնն է Ամենասուրբ Երրորդութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2021, 07:32