Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձումը Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձումը 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Վեցերորդ Շաբաթ Յինանց 9 -16 Մայիս 2021

Հինգշաբթի 13 մայիսին Տօննէ է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման։
Ունկնդրէ Լուրը

Յինանց վեցերորդ շաբաթը մեզ  կը հասցնէ Քրիստոսի գլխաւոր տօներէն մէկուն, որ է Համբարձման տօնը, յարութենէն ճիշդ 40 օր ետք, որ կը տօնուի հինգշաբթի օրը։ Այս շաբթուայ խորհուրդի գլխաւոր առանցքը կը կազմէ յարուցեալ Քրիստոսի երեւումին վերջին օրերը եւ իր ներկայութեան բարձումը այս աշխարհէն։ Միայն Ղուկասի աւետարանին մէջ կը գտնենք նկարագրութիւնը Համբարձման դէպքին, մինչ միւս աւետարանները կը վերջանան Քրիստոսի պատգամովը աշակերտներուն, որպէսզի երթան քարոզեն իր աւետարանը աշխարհիս բոլոր կողմերը։

Իսկ աւանդական 40 օրերու ներկայութիւնը Քրիստոսի աշխարհէս մեկնելէն առաջ` նշուած է մի միայն դարձեալ Ղուկաս աւետարանչի շարադրած Գործք Առաքելոց-ին մէջ։ Եկեղեցին աւանդութիւն ըրած է այս տօնը Զատկէն 40 օր վերջ կատարել, իսկ Հոգեգալուստն ալ` Զատկէն 50 օր ետք, կամ Համբարձումէն 10 օր ետք։

Կիրակի 9 Մայիսի  աւետարանին մէջ` Յիսուս կը ներկայացնէ ինքզինք բարի հովիւին առակով. Սակայն նախ քան ըսել թէ ինքն է բարի հովիւը, ան կ՛ըսէ. Ես եմ դուռը ոչխարներու փարախին։ Դուռը արեւելքի մէջ` նշան էր իշխանութեան. Իսկ Յիսուսի ընտրած փարախի խոնարհ դուռը նշան կրնայ ըլլալ միայն հոգեւոր իշխանութեան։ Քրիստոս իշխանութիւն ունի բոլոր հաւատացեալ հոգիներուն վրայ, որոնք իր հօտը կը կազմեն. Զանոնք կը ճանչնայ մէկիկ մէկիկ, իրենց անունով եւ անոնք ալ կը ճանչնան իր ձայնը եւ կը հետեւին իրեն, որովհետեւ ինքն է որ կը բանայ դուռը եւ զիրենք ներս կ՛առնէ, կամ թէ ի հարկին` զիրենք դուրս կը հանէ արածելու համար։

Ծիսական գետնի վրայ, տակաւին կը շարունակուին շաբթուան ընթացքին` ընթերցումները Առաքեալներու Գործերուն, ինչպէս նաեւ Յովհաննէսի աւետարանին, բացի Համբարձման հինգշաբթիէն, ուր կ՛ընդմիջուի այս շարունակական ընթերցումը եւ կը կարդացուի Գործք Առաքելոցի առաջին գլուխը, համար 1-14, ուր կը պատմուի մանրամասնութեամբ Քրիստոսի համբարձման դէպքը. Իսկ աւետարանը` Ղուկասի 24-րդ գլխուն վերջին համարներն են, ուր շատ կարճ կերպով կը խօսուի Յիսուսի համբարձման մասին եւ անով վերջ կը գտնէ այս աւետարանը։

Հինգշաբթի 13 մայիսին Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման։

Համբարձման տօնը նաեւ հայկական շատ ժողովրդական տօն մըն է. Ան կը պատահի ընդհանրապէս գարնան կէսերուն եւ առիթ կու տայ ժողովուրդին երթալու դէպի դաշտերն ու լեռները եւ զանազան խաղեր, մրցումներ ընելու, արական խումբերու համար, իսկ կիներուն ու աղջիկներուն սովորութիւնն է Համբարձման վիճակ քաշել եւ անով զուարճանալ, ինչպէս նաեւ զանազան երգեր ու պարեր կատարել։ Տակաւին շատ մը գիւղերու եւ նոյնիսկ քաղաքներու մէջ այս սովորութիւնը կը մնայ եւ առիթ կու տայ ժողովրդական աւանդութիւններու յաւերժացումին։

Սակայն Համբարձումը նախ եւ առաջ` քրիստոնէական տօնակատարութիւն մըն է եւ մեր ժամամուտը սքանչելիօրէն կը մեկնաբանէ աշխարհէս հրաշալի վերացումը Քրիստոսի։ Իսկ շարականագիրը կը նկարագրէ հիացմունքը վերնականներուն, այսինքն երկնքի բնակիչներուն, որոնք կը տեսնեն թէ ինչպէս անձ մը կը բարձրանայ երկրէն եւ կու գայ դէպի երկինք. Անոնք կը բացագնաչեն. Ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յերկրէ, այսինքն ո՞վ է այս անձը որ երկրէն կու գայ դէպի մեզ։ Սա մարդացեալ Քրիստոսն է որ, կու գայ վերագրաւելու իր փառքի աթոռը, սակայն ան զգեցած է մարդկային մարմին եւ զայն փառաւորելու համար է որ կը վերանայ դէպի երկինք, պահելով իր մէջ երկու բնութիւնները, մարդկայինն ու աստուածայինը, յաւիտենականօրէն։

Հինգշաբթի 13 մայիսին, տօնն է նաև ֆաթիմայի տիրամօր (ըստ լատինաց):

Կիրակի 16 մայիսը, 7րդ կիրակին է Յինանց, կը կոչուի նաև երկրորդ Ծաղկազարդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2021, 07:31