Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. երջանկայիշատակ Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. երջանկայիշատակ Կաթողիկոս-Պատրիարքը 

Ի Տէր հանգչեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը

Երջանկայիշատակ Պատրիարքը 87 տարեկան էր։ Պատրիարք ընտրուած էր 25 Յուլիս 2015-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Երեքշաբթի, 25 Մայիս, 2021-ի առաւօտեան, երկար ամիսներու հիւանդութեան մը աւարտին իր հոգին աւանդեց առ Հայր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։

Լուրը կը հաղորդէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը տեղեկացնելով նաեւ թէ Եկեղեցւոյ թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին շաբաթ 29 մայիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա հանգուցեալ հայրապետին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Զմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Կաթողիկոս պատրիարքներու դամբարանը։

Ուրբաթ 28 մայիսի ժամը 18-ին հանգստեան Սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Սուրբ Կոյսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ։

Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժնի անձնակազմը կը միանայ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան սուգին աղօթքներ ապահովեցնելով Հոգելոյս Պատրիարքի հոգւոյն հանգստեան համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի

---------

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան Կաթողիկոս Պատրիարքին հակիրճ կենսագրականը

• Ծնած է հալէպ 15 Նոյեմբեր 1934-ին, տասներորդը 12 զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած էին Հալէպ, Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938-ին:

• Իր նախնական ուսումները կատարած է Ֆուռն-Շուպպաքի Ֆրէրներու Նոթրը-Տամ դպրոցին մէջ:

• Կը մտնէ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, Զմմառ ապա Ճունի, ու կը յաճախէ Մարիսդ Ֆրէրներու վարժարանը:

• Պաքալորեան առնելէ ետք՝ կ’ուղարկուի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանը, Հռոմ, ուր կը յաճախէ վեց տարի Քահանայապետական Գրիգորեան (կրէկորիանա) համալսարանը, ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորեան եւ աստուածաբանութեան լիսանսի վկայականը:

• Կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը ձեռնադրուի Զմմառու միաբան կուսակրօն վարդապետ 28 Մարտ 1959-ին, ձեռամբ Վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, Կաթողիկոս Պատրիարքի, որ նախագահն էր Ժողովուրդներու Աւետարանացման Համաժողովին:

• Յետ մէկ տարի պաշտօնավարելու ճունիի մէջ, որպէս փոխ-տեսուչ փոքր ընծայարանի, կ’անուանուի տնօրէն Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ վարժարանին, զոր կը վարէ 9 տարի:

• 1969-ին՝ կ’ընտրուի Ընդհանուր Մատակարար Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան:

• 3 Յունուար 1977-ին՝ Պօղոս Զ. Սրբազան Պապը զինք կ’անուանէ տիտղոսաւոր Եպիսկոպոս Ամիտայի (Տիարպեքիր) Հայոց եւ Առաքելական Եկզարք ֆրանսաբնակ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն:

• Եպիսկոպոս կ’օծուի 13 Փետրուար 1977-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

• 20 Յունիս 1986-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը կը ստեղծէ Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմը, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար եւ զինք կ’անուանէ առաջին եպիսկոպոսը այդ Թեմին:

• 15 Հոկտեմբեր 1988-ին կը նշանակուի Առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի Հայոց, որոնք զուրկ են տեղական Առաջնորդէ:

• 1997-ին կ’աւարտէ «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը վարած էր:

• 2005-ին եւ 2009-ին, ան կը կազմակերպէ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ, այժմ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած երկու գիտաժողովներ, որոնց ակդաներուն հրատարակութիւններն ալ կը հոգայ:

• 1997-էն 2014 վարած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը:

• 7 Ապրիլ 2013-ին, երբ կը հաստատուի իր յաջորդը՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան, որպէս Թեմին Առաջնորդ, ան կը դառնայ վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի Թեմին, որուն ծառայած էր որպէս Առաջնորդ 36 տարիներ շարունակ:

• 25 Յունիս 2015-ին յետ մահու երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքին, եւ ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագրին ան, որպէս մնայուն Սիւնհոդոսի կարգերէց եպիսկոպոս դարձաւ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:

• 25 Յուլիս 2015-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը զինք կ’ընտրեն 20-րդ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ան կ’առնէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Անունը:

Նորընտիր Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ նոյն տարուայ օգոստոսի 9-ին Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2021, 13:00