Տիրամօր արձանը Տիրամօր արձանը 

Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը. «Ողջոյն Քեզ՝ Լի Շնորհօք»։

Մարիամ, Աստուծոյ անզուգական արարածն է ան, որ Յիսուսէ ետք միակ անմեղն է:
Ունկնդրէ Խորհրդածութիւնը

Եկեղեցւոյ հայրերէն ոմանք Ս. Կոյս Մարիամը կը կոչեն Քրիստոսի «Գլուխ Գործոցը», այսինքն ամենագեղեցիկ պատկերը փրկուածներու մէջ: Աւետարանը զինք կը հռչակէ, որպէս ''Շնորհքներով Լեցուն'', այսինքն շնորհքներու լիութիւնը՝ կատարելութիւնը ունեցող: Ան, զոր Քրիստոս ընտրեց, որպէսզի իր մէջ եւ իրմով մարմին առնէ մարդկութիւնը փրկելու համար: Աստուծոյ անզուգական արարածն է ան, որ Յիսուսէ ետք միակ անմեղն է:

Մարիամ եւ Ս. Գիրքը

Ս. Գիրքը կը յիշէ, թէ Գաբրիէլ հրեշտակապետ, իր այլ պաշտօններուն կողքին, եղած է նաեւ աստուածային պատգամը փոխանցողը: Ան՝ Գաբրիէլ, աստուածային ներկայութեան մէջ կեցող եւ Անոր սրբութեան հետ հաղորդութեան մէջ եղող հրիշտակներէն է: Անոր ներկայութիւնը յատուկ պատկառանք կը ներշնչէ երկնքի եւ երկրի վրայ: Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք Դանիէլ մարգարէին մասին, թէ ինչպէս ան աստուածավախ մարդ մէն էր: Օտար երկրի մէջ առանց վախի կը պահէր օրէնքի բոլոր պատուիրանները: Ծոմապահութիւնն ու աղօթքը երբեք զանց չէր ընէր: Սակայն երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը երեւցաւ այս սուրբ մարդուն, ան օրերով հիւանդ եղաւ եւ տկար էր (Դան. 8:27):

Նոյն այս ահարկու հրեշտակը երեւցաւ նաեւ Ս.Կոյսին: Այս անգամ սիրոյ ողջոյնով եւ խոնարհելով: Հրեշտակապետի մօտեցումը եւ ողջոյնի խօսքերը խռովեցուցին Մարիամը՝ «Այս խօսքերուն վրայ Մարիամ խռովեցաւ եւ կը մտածէր թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը» (Ղուկ. 1:29): Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ Իսրայէլի պահապան հրիշտակը նման բառերով եւ խոնարհութեամբ ողջունէր զինք: Այս կը նշանակէր, թէ երկինքի հրեշտակներն նոյնիսկ կը ճանչնային ամենասրբուհի կոյս Մարիամը տեղը:

Աւետարաններուն ընդմէջէն կրնանք շատ գեղեցիկ իրականութիւններ դուրս հանել Մարիամի մասին: Օրինակի համար ունինք աւետաւոր Գաբրիէլի ողջոյնն ու աւետիսը՝ «Ուրախացիր, բերկրեալդ, Տէրը քեզի հետ է ... Մի Վախնար, որովհետեւ Տիրոջ առջեւ դուն շնորհք գտար: Դուն պիտի յղանաս եւ ծնանիս որդի մը եւ անոր պիտի կոչես Յիսուս: Ան մեծ պիտի ըլլայ եւ պիտի կոչուի Բարձրեալին Որդին ... Սուրբ Հոգին պիտի գայ քու վրադ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը պիտի հովանաւորէ քեզ. Որովհետեւ ան, որ քեզմէ պիտի ծնի, Սուրբ է եւ պիտի կոչուի Որդի Աստուծոյ » (Ղուկ. 1:26-38):

Հրեշտակը Մարիամը «Բերկրեալ» կը կոչէ: « Բերկրեալ» բառը այլ թարգմանութեանց մէջ 'մեծապէս շնորհալի' կը կարդանք: Այսինքն շնորհներու եզակի անօթ: Ինչպէս շնորհքներու լիութիւնը չունենար, ինք որ Աստուածորդին պիտի ծնէր:

«Սուրբ Հոգին պիտի գայ քու վրադ» : Հոգեգալուստի ժամանակ առաքեալներ Մարիամի շուրջ հաւաքուած կը սպասէին Քրիստոսի խոստումին՝ Ս. Հոգին: Սակայն Մարիամ արդէն իսկ լեցուած էր Ս. Հոգիով հրեշտապետի ողջոյնէն իսկ:

Եղիսաբեթի հետ հանդիպումի դրուագին մէջ նաեւ կարեւոր յայտնութիւններ կան Մարիամի մասին: «Եղիսաբեթ հազիւ լսեց Մարիամի ողջոյնը, մանուկը խայտաց որովայնին մէջ եւ Եղիսաբեթ Ս. Հոգւով լեցուեցաւ ու բարձրաձայն կոչեց՝ «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ, եւ օրհնեալ է պտուղը քու որովայնիդ: Այս ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ Տիրոջ Մայրը ինծի գայ» (Ղուկ. 1:41-43):

Մարիամի ներկայութիւնը Ս. Հոգիով լեցուց Եղիսաբեթը եւ ան բարձրաձայն կոչեց «օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ»: Ստեղծագործութեան մէջ եւ բոլոր ժամանակներու վրայ երկարելով, այս յատուկ օրհնութիւն մըն է Մարիամի վերապահուած:Ան յաւիտեան օրհնեալ է: Ապա Եղիսաբեթ շարունակելով իր խօսքը ըսաւ Մարիամի՝ « Տիրոջ Մայրը»: «Տէր» հոս աստուծոյ անուններէն է, այսինքն «Աստուծոյ Մայրը»:

Այս պատճառով եկեղեցւոյ հայրերը 5րդ դարուն (431 թուականին ) Եփեսոսի ընդհանրական ժողովին, Մարիամի տուին «Աստուածամայր» անունը, որու երկինքն ու երկիր կը մատուցանէ ամէն յարգանք եւ ակնածանք:

Մարիամ պատասխանեց Եղիսաբեթի եւ ըսաւ՝ «Իմ անձս կը փառաւորէ Տէրը, եւ հոգիս կը ցնծայ իմ փրկիչ Աստուծովս ... Ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանի պիտի տան»: Աստուածամօր մարգարէութիւնն էր այս, թէ բոլոր ազգերը երանի պիտի տան իրէն, որովհետեւ «Հզօրն ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ»:

Աստուածամօր այս եզակի տեղը եւ յատուկ օրհնութիւնը կը տեսնենք անոր բարեխօսական դերին մէջ: Կանայի հարսանիքին ժամանակ, երբ գինին պակսեցաւ, Մարիամ դիմեց իր որդիին՝ Յիսուսի, խնդրելով որ ան միջամտէ եւ լուծում մը գտնէ: Թէեւ Յիսուսի ժամանակը տակաւին չէր հասած կ'ըսէ աւետարանը, սակայն Ան ընդառաջեց իր մօր բարեխօսութեան եւ հարսանիքը անգամ մը եւս ուրախութեամբ լեցուց (Յովհ. 2):

Մարիամ եւ Եկեղեցին

Յիսուս խաչին վրայէն եւ յանձինս Ս. Յովհաննէսի, Մարիամը յանձնեց եկեղեցւոյ եւ եկեղեցին Մարիամի: Այսպիսով Ս. Կոյսը դարձաւ եկեղեցւոյ կեդրոնական դէմքը:

Բայց ոչ միայն երկրային՝ զինուորեալ եկեղեցին, այլ նաեւ երկնային յաղթական եկեղեցին զինք կը մեծարէ: Կաթողիկէ եկեղեցին Աստուածամօր նուիրուած լիթանիային մէջ Ս. Կոյսը կը հռչակէ սուրբերու եւ հրեշտակներու թագուհին է: Մարիամ յատուկ տեղ մը ունի ստեղծագործութեան մէջ՝ Աստուծմէ վար, սակայն հրեշտակներէն սուրբերէն եւ մարդկութենէ բարձր:

Մարիամ եւ Մենք

Վերեւ յիշեցինք Աստուծոյ Ս. Կոյսին պարգեւած յատուկ շնորհները, որպէսի մատնանշենք, թէ ինչ մեծ օրհնութիւն է զայն ունենալ, որպէս մեր կողքին եւ մեզի համար աղօթող: Ան երկնայիններու մէջ պատերազմող եւ պահապան է: Մեր աղօթքները առ Աստուած բարձրացնողը: Հաւատացեալները միշտ դէպի Յիսուս առաջնորդողը: Եւ քահանաներու յատուկ օրէն սիրողը:

Մայիսիան ամիսը կը թեւակոխենք եւ եկեղեցին անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու իր հաւատացեալներուն, թէ մեր կողքին Կոյս Մարիամը ունինք որպէս բարեխօսող, եւ անոր վարդարանը, որպէս զօրաւոր աղօթք, պայքարելու այս աշխարհի չարիքներուն դէմ: Առ այդ պէտք չէ վախնանք ոչ մի սպառնալիքէ. այլ հաւատքով դիմենք Ս. Մարիամի, որովհետեւ ան մեր կողքին կը պատերազմի:

Վերջին յիշեցում մը, թէ Մարիամ միշտ կը խնդրէ քրիստոնեաներէն՝ վարդարան աղօթեն, ապաշխարեն եւ իր որդիին Յիսուսի հնազանդին: Այսպիսով Քրիստոսի տարած յաղթանակը մերն ալ կ'ըլլայ հոս եւ հիմա:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2021, 08:45