Յիսուսին Համբարձումը երկինք Յիսուսին Համբարձումը երկինք 

Յիսուսի Համբարձումը երկինք

Ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յերկրէ, այսինքն ո՞վ է այս անձը որ երկրէն կու գայ դէպի մեզ։ Սա մարդացեալ Քրիստոսն է որ, կու գայ վերագրաւելու իր փառքի աթոռը

Վատիկան Նիուզ

Հինգշաբթի 13 մայիսին Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման։ Մեր ժամամուտը սքանչելիօրէն կը մեկնաբանէ աշխարհէս հրաշալի վերացումը Քրիստոսի։ Իսկ շարականագիրը կը նկարագրէ հիացմունքը վերնականներուն, այսինքն երկնքի բնակիչներուն, որոնք կը տեսնեն թէ ինչպէս անձ մը կը բարձրանայ երկրէն եւ կու գայ դէպի երկինք. Անոնք կը բացագանչեն. Ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յերկրէ, այսինքն ո՞վ է այս անձը որ երկրէն կու գայ դէպի մեզ։ Սա մարդացեալ Քրիստոսն է որ, կու գայ վերագրաւելու իր փառքի աթոռը, սակայն ան զգեցած է մարդկային մարմին եւ զայն փառաւորելու համար է որ կը վերանայ դէպի երկինք, պահելով իր մէջ երկու բնութիւնները, մարդկայինն ու աստուածայինը, յաւիտենականօրէն։

Համբարձման տօնը նաեւ հայկական շատ ժողովրդական տօն մըն է. Ան կը պատահի ընդհանրապէս գարնան կէսերուն եւ առիթ կու տայ ժողովուրդին երթալու դէպի դաշտերն ու լեռները եւ զանազան խաղեր, մրցումներ ընելու, արական խումբերու համար, իսկ կիներուն ու աղջիկներուն սովորութիւնն է Համբարձման վիճակ քաշել եւ անով զուարճանալ, ինչպէս նաեւ զանազան երգեր ու պարեր կատարել։ Տակաւին շատ մը գիւղերու եւ նոյնիսկ քաղաքներու մէջ այս սովորութիւնը կը մնայ եւ առիթ կու տայ ժողովրդական աւանդութիւններու յաւերժացումին։

Ղուկասի Աւետարանին մէջ Յիսուսին Համբարձման դրուագը ներկայացուած է այսպէս. «Յետոյ Յիսուս տարաւ զանոնք Բեթանիա եւ ձեռքերը բարձրացնելով օրհնեց զանոնք, եւ մինչ կ'օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ եւ վերացաւ դէպի երկինք: Անոնք երկրպագութիւն ըրին առջեւը եւ ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ: Անոնք Տաճարն էին շարունակ կը գովէին ու կ՛օրհնէին զԱստուած»։ (Ղուկաս 24, 50-53):

Իսկ Առաքեալներու Գործերուն մէջ կը կարդանք. «Դուք պիտի ըլլաք վկաներս՝ Երուսաղէմ, (…) եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»: Այս խօսքերէն ետք, մինչդեռ անոնք կը նայէին, Յիսուս վերացաւ եւ ամպ մը խլեց զինք անոնց աչքերէն: Անոնք ակնապիշ կը նայէին անոր վերացումին դէպի երկինք (…)» (Գործք 1, 8-10):

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2021, 08:05