50 տարիներ առաջ այս աշխարհէն կը հեռանար Վսեմաշուք Կարդինալ Աղաճանեանը։ 50 տարիներ առաջ այս աշխարհէն կը հեռանար Վսեմաշուք Կարդինալ Աղաճանեանը։ 

16 Մայիս 1971-ին այս աշխարհէն կը հեռանար Վսեմաշուք Կարդինալ Աղաճանեանը։

Այժմ Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանենաի մարմինը ամփոփուած է Հռոմի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած կողմնակի մատրան դամբանին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Հիւանդութիւնը և վախճանումը

Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի նախագահութիւնը թերեւս միակն էր որ իր պատասախանատուէն կը պահանջէր շարունակ շրջիլ: Արդարեւ, Աղաճանեան հակառակ որ 66 տարեկան էր, Կովկասցիի առողջ կազմ ունենալով հանդերձ, յոգնածութիւնը և զինք մահուան դուռը հասցնող անողոք հիւանդութեան չարանշանները, առաջին անգամ արդէն յայտնուած էին: 1966 Սեպտեմբեր 14-ին, երբ ան կ'ուղղուէր դէպի Մատակասքար, ու Քէնիոյ մայրաքաղաք՝ Նայրովի հազիւ ժամանած էր, անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուած էր ու ապա Իտալիա վերադարձած, երկու ամիս կազդուրուելու: Բարեբախտաբար 1962-ի Ապրիլ 10-ին, իր Ելզա քոյրը, 41 տարիներու բաժանումէ մը ետք՝ օգտուելով Խրուշչեւեան յարաբերաբար մեղմ քաղաքականութենէն, Ախալցխայէն Հռոմ եկած էր, իր հարազատ եղբօր կողքին կանգնելու ու խնամելու:

1968 Յունուար 7-ին, Ուրբանեան Գոլէճի տնօրէնութիւնը արժանաւոր կերպով կը յիշատակէ  իր նախկին աշակերտին և ուսուցիչին՝ Աղաճանեան Կարդինալին քահանայութեան 50-ամեակը: Պատմական այս եղելութիւնը կարծէք հրաժեշտի սեղան մըն էր, որ կը տրուէր հայոց մեծ Կարդինալին: Արդարեւ 31 Յուլիս 1969-ին, Պօղոս Զ. Պապին հետ Ափրիկէի շրջապտոյտին մասնակցելէ ետք, Աղաճանեան Կարդինալին առողջութիւնը այն աստիճան կը վատթարանայ, որուն իբր հետեւանք՝ կը հրաժարի Հաւատոյ Տարածման նախագահի իր պաշտօնէն: 22 Հոկտեմբեր 1970-ին, իր հրաժարականը վերջապէս կ'ընդունուի: Այդ օրերուն կը զուգադիպի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա.  Կաթողիկոսի պաշտօնական այցը Հռոմ Պօղոս Զ. Պապին, 8 Մայիս 1970-ին: Վատիկանի նշանաւոր Սիքստեան մատրան մէջ, Հռոմի և Հայ Եկեղեցիներու Հովուապետները կը հանդիպին իրարու, եղբայրական ողջագուրումով: Այնտեղ կը գտնուէր նաեւ Կարդինալ Աղաճանեան և մինչ Պօղոս Զ. կ'ողջագուրուէր Երուսաղէմի և Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքներուն հետ, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան բարի գալուստ կը մաղթէր Ամենայն Հայոց Հայրապետին Հետ:

Արդարեւ աստուածային նախախնամութիւնը՝ կարծէք այնպէս տնօրինած էր, որ Կարդինալ Աղաճանեան Ամենայն Հայոց Հայրապետի ողջագուրումէն կարճ ժամանակ ետք բաժնուէր այս աշխարհէն: Եւ յիրաւի, գրէթէ օրէ օր ան կը հիւծի անծանօթ հիւանդութեան մը պատճառով՝ և Սուրբ խորհուրդներով զօրացած` հոգին կ'աւանդէ Կիրակի 16 Մայիս 1971-ին, սուգի մատնելով Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ համայնքը, Լիբանանը, ամբողջ հայութիւնը և բովանդակ քրիստոնէութիւնը: Աստուծոյ և Եկեղեցւոյ ծառային թաղումը մեծ շուքով տեղի կ'ունենայ Հռոմի Ս. Պետրոս Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ուրբաթ 21 Մայիսին, Ս. Պատարագ և Պաշտօն կը կատարուի ի ներկայութեան 32 կարդինալներու, 200-է աւելի եպիսկոպոսներու և բարձրաստիճան հոգեւորականներու, անձնաւորութիւններու և բազմահազար հաւատացեալներու, որոնք եկած էին հրաժեշտի վերջին ողջոյնը տալու իրենց սիրելի հայ Կարդինալին: Ս. Պետրոսի Մայր Տաճարի արարողութենէն ետք, մարմինը կը փոխադրուի Լեւոնեան Վարժարանի եկեղեցին: Այժմ Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանենաի մարմինը ամփոփուած է Հռոմի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած կողմնակի մատրան դամբանին մէջ: Ի դէպ՝ Ծիրանաւոր Աղաճանեան իր կտակին մէջ գրած էր. «Կ'ուզեմ որ իմ գերեզմանս Զմմառ հանգչող նախորդներուս քովն ըլլայ» այս էր փափաքն ու կտակը երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի, զոր յայտնած էր Զմմառու վանքի վարչութեան: (Զուարթնոց 1995, համար 16, էջ 9):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2021, 14:00