Զուիցերացի աստուածաբան Հանս Քյունկ Զուիցերացի աստուածաբան Հանս Քյունկ 

Մահացած է Զուիցերացի աստուածաբան Հանս Քիունկը

93 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Զուիցերացի աստուածաբան Հանս Քիունկը որ մասնակցած էր Վատիկանեaն Տիեզերական Բ Ժողովին եւ 1979-ին քննադատած էր Քահանայապետական անսխալականութեան վարդապետութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Գերմանիոյ Թուպինկա քաղաքի իր տան մէջ 93 տարեկանին մահկանացուն կնքեց Զուիցերացի աստուածաբան Հանս Քիունկը։ Ան ծնած էր 19 մարտ 1928-ին ու քահանայ ձեռնադրուած 1954-ին։ 1960-ին դարձաւ Թուպինկա կաթողիկէ համալսարանի Աստուածաբանութեան մասնաճիւղի լիիրաւ ուսուցիչ, ապա որպէս մասնագէտ մասնակցեցաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին ուր առիթը կ՛ունենայ հանդիպելու Ժոզէֆ Ռացինկերի հետ, ապագայի Պենետիկտոս ԺԶ-ը։

Ան յաճախ քննադատական կեցուածք ունեցաւ Կաթողիկէ Վարդապետութեան մի քանի նիւթերու նկատմամբ ու յատկապէս Պապի անսխալականութեան վարդապետութեան նկատմամբ։ 1979-ին Հաւատքի Վարդապետութեան Ժողովը կը կասեցնէ անոր որպէս կաթողիկէ աստուածաբան համալսարանէն ներս դասաւանդելու իրաւունքը, թէեւ ան շարունակեց աշխատիլ, որպէս Թուպինկայի համալսարանի համամիութենական աստուածաբանութեան պատուաւոր պրոֆեսոր:

Քիունկը բազմաթիւ անգամներ քննադատեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ու նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ-ը։ Այս վերջինիս քահանայապետութեան սկիզբը, 24 սեպտեմբեր 2005-ին Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ երկուքի միջեւ հանդիպում մը, զոր Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը ներկայացուց. «բարեկամական մթնոլորտի մէջ» կայացած հանդիպում։ Հակառակ այս հանդիպումին սակայն անոնց դիրքորոշումները մնացին հեռու մէկը միւսէն, յատկապէս մի քանի հարցերու շուրջ, ինչպէս քահանայական ողջախոհութիւնը, կանանց քահանայութիւնը, հակաբեղմնաւորիչները...

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2021, 09:00