Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԽԵ)։

Այսօրուայ մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի խօսինք Կիրակի օրուայ հասարակաց աղօթքի պարտաւորութեան մասին:

ԽԵ. Հաղորդում                                       

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Այսօրուայ մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի խօսինք Կիրակի օրուայ հասարակաց աղօթքի պարտաւորութեան մասին:

Է. դարուն, Բարսեղ Ճոն վարդապետը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի համար հետեւեալ կանոնը կը սահմանէ. «Հաւատացեալ մարդը որ կիրակի օրը Աւետարանին ձայնը չի լսեր, Քրիստոս խաչած կ'ըլլայ (խաչահան է), բացի՝ եթէ այդ մէկը անկարելի է»:

Դաւիթ Գանձակեցին ԺԲ. դարուն կը կրկնէ նոյն խօսքը ըսելով թէ ստիպողական է երթալ «ի դուռն եկեղեցւոյ, ի տօնի կամ ի կիւրակէի կամ յաւուր շաբաթու». և կ'աւելցնէ թէ այդ կանոնը բոլորին համար է, բացի հիւանդներէն և փոքրերէն, և անոնց համար որ ճամբորդութեան մէջ են: Հայ մատենագիրներէն յաճախ վկայութիւններ հասած են ազդարարութեան ձեւով, որոնց համաձայն՝ քահանաները թուլութեան մէջ կը գտնուին իրենց պարտականութեան մէջ ժողովուրդի նկատմամբ՝ նոյնիսկ կիրակի օրերը: Աւելին, անոնք շարականի կարգ մը կարեւոր մասերէն անտեղեակ են, նոյնիսկ Զատկի կամ այլ տօնի պատարագին պէտք եղած կարեւորութիւնը ցոյց չեն տար: Քահանաներ կան, որոնք Կիրակի օրերը եկեղեցւոյ դրան առջեւէն իսկ չեն անցնիր. աւելի՛ն, եկեղեցւոյ մէջ Աւետարան չեն կարդար, որովհետեւ անոնք բաւական կը համարեն տօնական օրերու պաշտամունքը:

Արդարեւ, Ս. Առաքեալները և Եկեղեցւոյ հայրապետները սահմանած են՝ որ կիրակին տէրունի օր է, և հետեւաբար Եկեղեցի պէտք է երթալ և Աւետարանի ձայնը լսել ու պատարագ տեսնել: Աւելի՛ն, Ս. Հայրապետները անէծք և նզովք սահմանած են անոնց՝ որ կիրակի օրը Աւետարանը չեն լսեր: Այնպէս որ Աւետարաններու ունկնդրութիւնը պարտադիր կը համարուէր հաւատացեալներուն: Մեր Հայրերուն վկայութիւններէն կը տեսնուի թէ՝ կիրակի օրուան համար քահանային պարտականութիւնը միայն պատարագել չէ, այլ ժամերգութիւնները եւս կատարել: Այս հարցին լաւագոյն կերպով կ'անդրադառնայ Յովհաննէս Երզնկացին, որ հետեւեալ խրատը կու տայ. «Եթէ ամէն օր եկեղեցի չէք կրնար երթալ, բայց կիրակին ամէնքդ աղօթավայր՝ եկեղեցին յաճախեցէք»: Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետ իր խրատներուն մէջ, հետեւեալ պատուէրը կ'ուղղէ քահանաներուն. «Քրիստոսի սիրով կ'աղաչեմ բոլորիդ, քանի որ արժանի եղաք ձեր անձերը երկնային գործին նուիրելու, թոյլ մի՛ տաք որ որեւէ պատճառով արատաւորուի ձեր պաշտօնը: Արիաբար և յօժար սրտով, առանց ծուլութեան իւրաքանչիւր ժամու համեմատ Ս. Հայրերու սահմանած աղօթքները անթերի կատարեցէք և մաքուր հոգիով, սուրբ սրտով, անարատ հաւաքով, մեծ յոյսով, պարզ մտքով ու կատարեալ սիրով, ահով և դողով սպասաւորեցէք աստուածային խորհուրդին: Խողովակի մէջէն անցնող ջուրի նման մի՛ անցնիք աղօթքի սրբազան խօսքերուն մէջէն, զորս կը մատուցանէք, սաղմոսերգութիւն ըլլայ թէ Ս. Գիրքի ընթերցում կամ ժամերգութեան ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագի և այլ սահմանուած կանոններու քահանայական աղօթքները, այլ ամբողջութեամբ ուշադիր՝ հասկնալով, և եթէ կարելի է՝ արցունքով և մեծ երկիւղով, որպէս թէ դուք նոր կը բխեցնէք զանոնք ձեր սրտէն և մտքէն, որովհետեւ այդ բոլորը զանազան պարգեւներու և բարիքներու խնդրանքներ են Աստուծոյ ուղղուած: Եւ ինքը՝ բարեաց պարգեւտուն, Աստուած երբ տեսնէ խնդրողին ջերմեռանդ հայցուածը, աւելի առատութեամբ կը շնորհէ խնդրանքը, համաձայն այն խօսքին, թէ «Ան որ խնդրէ, կ'առնէ» (Մտթ Է. 8):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2021, 07:23