Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԽԴ)։

Այսօր այս յաւելեալ մի քանի հաղորդումներով՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ մեծ Հայրերու ժամասացութիւններու կարգաւորութեանց և աղօթքի պարտականութեանց վերաբերող թելադրանքներուն:

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր այս յաւելեալ մի քանի հաղորդումներով՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ մեծ Հայրերու ժամասացութիւններու կարգաւորութեանց և աղօթքի պարտականութեանց վերաբերող թելադրանքներուն:

Ամէնօրեայ աղօթք

Աւետարանի և Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետներու և Հայրերու պատուէրին համաձայն՝ ամէն ժամ պէտք է աղօթել: Առաքելական կանոնները եպիսկոպոսին կը թելադրեն՝ ժողովուրդին համոզել ներկայ գտնուելու Առաւօտեան և Երեկոյեան պաշտամունքներուն,  մանաւանդ՝ Շաբաթ ու Կիրակի օրերը: Այս կանոնը կը գործադրուէր նաեւ հայոց մօտ. Եղիշէ պատմիչ Ե. դարուն կը յիշէ թէ կիրակի օրերը հաւատացեալները կը հաւաքուէին աղօթքի համար: Երբ ամէնօրեայ ժամերգութիւնը հաստատուեցաւ մենաստաններու և եկեղեցիներու մէջ, այդ մէկը պարտաւորիչ դարձաւ նաեւ ծխատէր քահանաներուն և ժառանագաւորներուն համար: 

Վանքերուն մէջ՝ հնարաւոր էր ամէնօրեայ ժամակարգութիւն կատարել. միանգամայն օրինակ հանդիսանալով նաեւ ծխատէր քահանաներուն և հաւատացեալներուն: Մովսէս Խորենացի պատմահայր՝ Ս. Սահակ հայրապետին կեանքը նկարագրելով կը պատմէ թէ Հայրապետը բաղդատելով ծխատէր քահանաներուն կեանքը վանականներու կեանքին հետ, կ'ըսէ. «Վանքերու մէջ բնակողները, այսինքն՝ վանականները անյապաղ պաշտօն և կարգ պէտք է կատարեն. զգաստութեամբ աղօթքի ներկայ ըլլան, որպէսզի ծուլանալով դատասատանի չ'ենթարկուին»: Այսինքն՝ գործերով զբաղուող վանականներն ալ պարտական են կանոնական աղօթքի ժամերուն «զգաստանալ» կամ ամփոփուիլ և վանքի հասարակութեան հետ աղօթքի ներկայ գտնուիլ: 

Մեր մատենագիրներէն՝ Ղազար Փարպեցին այս առնչութեամբ գովեստով կը յիշէ իր ժամանակի եկեղեցականներուն աղօթասիրութիւնը. Ս. Սահակ Հայրապետը իր աշակերտներուն հետ միշտ ներկայ էր ժամերգութիւններուն: 

Ե. դարու Արեւմտեան Եկեղեցւոյ կանոններու համաձայն՝ պատիժի կ'ենթարկուի որեւէ քահանայ, սարկաւագ, կիսասարկաւագ և ամէն ժառանգաւոր, որ եկեղեցւոյ մօտիկ շրջանի մէջ կը գտնուի և չի մասնակցիր եկեղեցւոյ ամենօրեայ պատարագին (Տոլետոյի եկեղեցական ժողովի կանոնները, 400 թուին): Այս կանոնական ստիպումը կար նաեւ հայոց մօտ. Ս. Սահակի կանոնները կը սահմանեն այսպէս. «Գորեպիսկոպոսները՝ թէ գիշերի և տուընջեան պաշտօնը անխաբան կատարեն, զանցառուներուն պատիժ սահմանելով»:

Վիճակաւոր եպիսկոպոսներուն հետ պարտական էին հասարակաց աղօթքին մասնակցիլ նաեւ եպիսկոպոսներն ու կաթողիկոսը ինքնին, սեպհական եկեղեցիներուն մէջ, կամ իրենց վիճակի աղօթանոցներուն մէջ՝ երբ այնտեղ կը գտնուէին: Ի հեճուկս այս խիստ օրէնքին՝ հասարակաց աղօթքը անտեսողները չէին պակսեր: 

Ս. Սահակ քահանայից դասին այսպէս կը գրէ. «Մեզի ամբաստանութիւն եղաւ քահանաներուն մասին, թէ  ծուլութեամբ կը վերաբերին եկեղեցւոյ պաշտամունքին և աղօթքներուն»: Անցեալին, այդ անկանոնութիւնը արդիւնք էր ծխատէր քահանաներու արտերու մշակութեամբ զբաղելուն պատճառաւ, զոր կը զգար ու կը զգացներ Հայրապետն ինքնին, ըսելով. «ծխատէր քահանաները բազում անգամ կը զբաղին մշակութեամբ և հետամուտ կ'ըլլան իրենց արտնին գործերը կատարելու». մինչ վանականները զերծ ըլլալով այդ կապերէն, անյապաղ պաշտօն և կարգ կը կատարեն. և որպէսզի եկեղեցիներն ու հաւատացեալները առանց աղօթքի չմնային, ան հետեւեալը կը սահմանէ. «Ամառը՝ գլխաւոր քահանան ամէն օր եկեղեցի պէտք է գտնուի, և միւս եկեղեցականները իրեն փոխարինեն շաբթու մէջ, որպէսզի գիշերի և ցերեկուայ պաշտամունքը չի խանգարուի: Այս թոյլտուութիւնը ամրան յատուկ էր, որովհետեւ ըստ օրէնքի, ձմեռը ամէնքը ներկայ պէտք է ըլլային եկեղեցի: 

Դուինի 645-ի ժողովը եպիսկոպոսներուն կը պատուիրէ՝ պատժել և ուղղել այն անձը որ եկեղեցւոյ պաշտօնը կը խափանէ: Պարտաւի ժողովն ալ 771-ին, Ս. Սահակի կանոնի հիման վրայ կը հաստատէ այն օրէնքը՝ թէ քահանան որուն պարտականութիւնն է եկեղեցւոյ սպասաւորութիւնը, անխափան կատարէ գիշերի և տուընջեան աստուածային աղօթքը: Ասողիկ (Ստեփանոս Տարօնեցի) կը խօսի Ժ. դարու վերջերը հիմնուած զանազան մենաստաններուն մասին, որոնց կանոնական զբաղումներէն մէկն էր «գիշերը և տուընջեան Դաւիթի սաղմոսները երգել ամէնօրեայ ձեւով»: Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը հետագայ դարերուն, զանազան պատճառներով նահանջ արձանագրեց. սակայն մեր հայրապետները չդադրեցան պահանջել եկեղեցւոյ օրէնքին գործադրութիւնը և պահպանութիւնը:  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2021, 07:57