Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԽԳ)։

Խաղաղական և Հանգստեան Ժամերգութեանց ներկայացումով՝ Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութիւններուն նուիրուած մեր հաղորդաշարը իր աւարտին կը հասնի:

ԽԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Այսօր՝ Խաղաղական և Հանգստեան Ժամերգութեանց ներկայացումով՝ Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութիւններուն նուիրուած մեր հաղորդաշարը իր աւարտին կը հասնի:

Խաղաղական ժամերգութիւնը նուիրուած է Սուրբ Հոգիին եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի՝ բանական հոգիով և անբաժանելի աստուածութեամբ դժոխք իջնելը, որուն իբր հետեւանք արդարներու հոգիները կ'ազատին դժոխքի կապանքներէն և կը խաղաղին այն նեղութիւններէն, որուն մէջ կը գտնուէին: Վանքերուն մէջ՝ Խաղաղականը մայրամուտէն յետոյ կը կատարուի, մինչդեռ Հանգստեանը կ'աղօթուէր քնանալէն առաջ: Ը. դարուն Խաղաղական ժամը արդէն գոյութիւն ունէր և ծանօթ էր Ստեփանոս Սիւնեցիին: Իսկ Ժ. դարուն՝ Խոսրով Անձեւացին մեկնած է զայն: Այս ժամերգութիւնը Խաղաղական կը կոչուի, որովհետեւ իր սաղմոսներուն, մաղթանքին, քարոզին և աղօթքներուն ընդմէջէն՝ Աստուծմէ կը խնդրուի, որ օրուան աշխատանքէն ետք, խաղաղութիւն շնորհէ մեր անձերուն. պահպանէ մեզ գիշերը. իր լոյսով մեզ առաջնորդէ, և ազատ պահէ մեզ գայթակղութիւններէ: Խաղաղականը կը սկսի «Տէր Աստուած փրկութեան» թիւ 87 սաղմոսով, որուն կը յաջորդէ Շնորհալիի «Շնորհեա մեզ Տէր» սահուն եղանակով երգը: Յաջորդաբար մաղթանք, քարոզ, աղօթքէ ետք, կ'երգուի Շնորհալիի «Նայեաց սիրով» տաղաչափական երգը: Ժամերգութեան աւարտին «Ի քէն հայցեմք»ը կ'երգուի, որուն առաջին երեք տուները միայն Շնորհալիին են. իսկ վերջին երեք տուները՝ քաղուած են խաչի (Զկենդանագիր), Յարութեան (Հաղորդս արա) և Աստուածածնի (Ի նստել քո) շարականներէն: 

Խաղաղականը կը կոչուի նաեւ «Հանգստեան» ըստ Անձեւացիի. Իսկ Սիւնեցի կը գրէ լոկ «Հանգստեան ժամ»: Խաղաղական և Հանգստեան ժամասացութիւնները ներկայիս միասնաբար կը կատարուին Մեծ Պահոց շրջանին, Չորեքշաբթի և Ուրբաթ օրերը, և հաւատացեալներուն ծանօթ են որպէս հսկումի ժամերգութիւն, որովհետեւ նոյն պաշտամունքի աղօթքները կը կրեն՝ «զհանգիստ քնոյ» անունը: Խաղաղականը Արեւագալիին պէս ամէնօրեայ չէր, տէրունական օրերուն, նախատօնակներուն և կիրակամուտներուն կը դադրէր, ըստ Հացունիի: Մեծ Պահոց շրջանին «Ի քէն հայցեմք»էն ետք կ'երգուին ստեղիներ շաբթուան հինգ օրերուն համար, (բացի Շաբաթ և Կիրակի օրերէն, ուր Խաղաղական չի կատարուիր): Այս հինգ օրերուն Բշ. նուիրուած է Հրեշտակաց (Երկնաւոր հօտ), Գշ. Յովհաննու Մկրտչի (Երկնաւոր փեսայ), Դշ. Աստուածածնի (Սրբուհի Մարիամ), Եշ. Առաքելոց (Առաքեալք Աստուծոյ), Ուրբաթ՝ Խաչի (Պարունակեալ): Չորեքշաբթի օրուան «Սրբուհի Մարիամ սափոր ոսկի» ստեղիին հեղինակութիւնը վերագրուած է Ստեփանոս Սիւնեցիի քրոջ՝ Սահակդուխտին (Ը. Դար):

Հանգստեան ժամ

«Հասարակաց աղօթից ժամեգութեանց» շարքի վերջինն է Հանգստեան ժամերգութիւնը՝ որ նուիրուած է Հայր Աստուծոյ: Ժամերգութեան ընթացքին կը հայցենք, որ Հայր Աստուած Միածնի պահպանողական Աջով՝ մեզ խաղաղութեան մէջ պահէ խաւարային գիշերուայ ընթացքին՝ թշմամիի որոգայթներէն:  Ժամերգութիւնը կը կատարուի քունէն առաջ, ըստ որուն Հանգստեան կը կոչուի:

Ըստ Օրմանեանի՝ անցեալին, Հանգստեանը Խաղաղական ժամերգութեան շարունակութիւնն էր: Այնպէս որ Ստեփանոս Սիւնեցիի օրերուն (Ը. Դարուն) Հանգստեան ժամը անծանօթ էր, սակայն Ժ. դարուն՝ Խոսրով Անձեւաձիի մեկնութիւններուն և հետագային (ԺԲ. Դարուն) Շնորհալիի խրատներուն մէջ յիշուած է: Ամենայն դէպս այս ժամը կը պահէ իր այժմէականութիւնը և առանձնական նկարագիր ունի: Հ. Վարդան Հացունիի համաձայն՝ Հանգստեանը այնքան հին ծիսական պաշտամունք չէ, համեմատութեամբ այլոց: ԺԳ. դարու վերջերը, Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, կ'երեւի իբրեւ առանձնական աղօթք և ԺԵ. դարու երկրորդ կէսին կը սկսի դառնալ հասարակաց:  

Հանգստեան ժամերգութեան սկիզբը՝ 92 տուներէ բածկացած (Եկեսցէ ի վերայ իմ) սաղմոսախումբը կ'արտասանուի, որուն կը յաջորդէ մաղթանք, քարոզ, աղօթք: Այնուհետեւ Յովհաննու Աւետարանը կը կարդացուի (ԺԲ, 24-26): Հանգստեանի աւարտին՝ «Հայր Մեր»ին կը յաջորդէ «Անկանիմք առաջի քո» երգը ի պատիւ Ս. Աստուածածնին, ապա Նարեկացի վարդապետի հոգեւոր ապրումներով գրուած «Ընկալ քաղցրութեամբ» աղօթքը: Այնուհետեւ Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ» հոգեթով աղօթքը կ'արտասանուի, որ 24 տուներէ կը բաղկանայ: 

Ժամերգութեան իբրեւ վերջին մաղթանք կ'երգուի «Փառք քեզ» մաղթանքը, որ կարեւոր խնդրանքներ ունի առ Աստուած և եկեղեցականները պէտք է արտասանեն, բարձրաստիճանէն սկսեալ: Հանգստեանի վերջը կը յաւելուի «Հանգերուք խաղաղութեամբ» աղօթքը, որ կը նշանակէ թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է մտնէ հանգիստ քունի: Այս մաղթանքը կ'ենթադրուի որ Պահլաւունեաց շրջանի Սեաւ վանքերէն ծագում առած է:  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2021, 08:17