Աղթամարի Կղզին Աղթամարի Կղզին 

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ:«Պարտուողական Հոգեբանութիւն»

Որքա՜ն գաղտնիքներ կան մարդոց միտքին մէջ կղպուած, որքա՜ն խօսքեր կան դեռ չըսուած, որքա՜ն վրէժներ կան դեռ չլուծուած, որքա՜ն ատելութիւն կայ դեռ չդրսեւորուած… եւ ճիշդ հակառակը՝ որքա՜ն քաղցր խօսքեր կան դեռ չարտաբերուած, որքա՜ն աղօթքներ կան դեռ չարտասանուած, որքան խոստովանութիւններ կան դեռ չկատարուած, որքան բարի խոստումներ կան դեռ չտրուած…։
Ունկնդրէ լուրը

Մարդ արարածին տրամադրութիւնը յարափոփոխ բնոյթ ունի: Ամէնէն ինքնավստահ անձերն իսկ կրնան տրամադրութեան կտրուկ անկում ունենալ, նայած թէ ի՛նչ կացութեան մէջ են տուեալ պահուն կամ ինչպիսի մարդիկ կան իրենց միջավայրին մէջ: Մեր շրջապատին մէջ յանկարծ յայտնուած անձ մը, որ նոյնիսկ իր լուռ՝ միայն ֆիզիքական ներկայութեամբ մեր յիշողութեան պաստառին վրայ հին, եւ մեզի համար տհաճ դէպքեր կը ցուցադրէ, շուտով մեր տրամադրութեան անկման պատճառ կը հանդիսանայ:

Վերոյիշեալ ժխտական օրինակը նաեւ դրական զարգացումով կարելի է նկատի ունենալ: Այսինքն, յանկարծ յայտնուած անձը եթէ շատ սիրելի մէկը ըլլայ, ճիշդ հակառակ ընթացքով մեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ, նոյնիսկ բնականէն աւելի, պատճառ հանդիսանալով, որ չափազանց ուրախութեամբ ողջունենք տուեալ անձին ներկայութիւնը մեր շրջապատին մէջ:

Տրուած երկու օրինակներն ալ կը ներկայացնեն մարդկային տրամադրութեան բնական շրջագիծը, որուն մէջ կը տարուբերի ան: Ոմանք կրնան այնպէս կարծել, թէ ներկայացուած երկու օրինակներն ալ ծայրայեղութիւններ են. այսինքն, տրամադրութեան շատ բարձր կամ շատ ցած աստիճաններ: Սոյն կարծիքին պատասխանը այն է, որ այս երկու ծայրայեղութիւններէն դուրս մնացածը՝ միջին տրամադրութիւնը, մեր սովորական կամ բնական ու խաղաղ պահերն են, երբ որեւէ ազդեցութեան տակ չենք:

Մարդկային տրամադրութեան չորրորդ իրավիճակ մը եւս կայ, որ բոլորին ծանօթ է: Շատեր իրենք զիրենք այս չորրորդ կացութեան մէջ կը զգան, առանց սակայն գիտնալու թէ ինչ է այդ: Չորրորդ իրավիճակին մէջ զգալով, մարդիկ անտրամադիր շեշտով մը կ՛ըսեն՝ անտրամադիր եմ:

Անտրամադրութիւնը ընդունելով իբրեւ չորրորդ իրավիճակ մարդկային տրամադրութեան, մարդուն միտքը միշտ հետամուտ է փնտռելու անոր տուն տուող պատճառները, որոնք վստահաբար բազմազան են: Անտրամադիր ըլլալու պատճառները իւրաքանչիւր մարդու խառնուածքին ու կազմաւորման համապատասխան փոփոխութիւն կը կրեն: Զարմանալի չէ այս հաստատումը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ փոքր աշխարհ մըն է, ինչպէս ըսուած է՝ մանրաշխարհ մը: Մենք պիտի ըսէինք, որ այս «փոքր աշխարհ»ը՝ մարդը, շատ աւելի մեծ է քան տեսանելի այն աշխարհը, որուն մէջ կ՛ապրինք: Մարդուն հոգիին ներքին ծալքերը այնքան ընդարձակ տարածք կը ներկայացնեն ու այնքան խոր, որ անոնց հետ համեմատելի չեն, նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն անծանօթ վիհերն ու ովկիանոսներուն անդունդները:

Չափազանցութիւն թող չհամարուի մեր վերոյիշեալ խօսքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ գէթ մէկ պահ եթէ անդրադառնայ անոր խոր իմաստին, կրնայ հաստատել եւ վերահաստատել զայն:

Որքա՜ն գաղտնիքներ կան մարդոց միտքին մէջ կղպուած, որքա՜ն խօսքեր կան դեռ չըսուած, որքա՜ն վրէժներ կան դեռ չլուծուած, որքա՜ն ատելութիւն կայ դեռ չդրսեւորուած… եւ ճիշդ հակառակը՝ որքա՜ն քաղցր խօսքեր կան դեռ չարտաբերուած, որքա՜ն աղօթքներ կան դեռ չարտասանուած, որքան խոստովանութիւններ կան դեռ չկատարուած, որքան բարի խոստումներ կան դեռ չտրուած…։ Ուրեմն, եթէ այսօր հնարաւոր է ո՛չ միայն այս աշխարհի ամէն կողմը ճամբորդել փոխադրական ամէնէն արդիական միջոցներով այլեւ մինչեւ ուրիշ մոլորակներ երթեւեկել անջրպետանաւերով, սակայն հնարաւոր չէ մարդկային ներաշխարհի բոլոր ճամբաներէն քալել, մտնել ամէն փողոց, կանգնիլ նախասիրած հրապարակի վրայ, գնում կատարել ամէն խանութէ կամ ելեւմուտք ընել ամէն տունէ ներս: Դեռ չենք ուզեր խօսիլ մարդու հոգեկան աշխարհին մէջ եղած այն անծայրածիր ու անսահմանափակ արագութեան արտօնութիւն տուող ազատուղիներուն մասին, որոնց սկիզբը թէպէտ ցուցանակ կայ, սակայն յայտնի չէ՛ թէ վերջաւորութիւնը ուր կը հասցնէ մեզ:

Մարդկային այս ներաշխարհը, որ մարդու հոգեբանութեան հիմքը կը կազմէ, ունի շատ իւրայատուկ պատուհան մը, ուրկէ փախչիլ կը փորձեն տկար մարդիկ, քննադատութեան դիմաց անելի մատնուելով: Ասոնց պարագային, դժուարութիւններուն հետ առերեսուիլը միշտ անհաճոյ ու ծանր գործ է, որմէ պէտք է խուսանաւեն կամ հեռանան: Ուստի, ոչ միայն շուտով կ՛ընդունին հակառակորդին առարկութիւնը, այլեւ կ՛որդեգրեն անոր տեսակէտը: Ահա թէ ինչպէս ոմանց ներաշխարհին մէջ կը կազմաւորուի պարտուողական հոգեբանութիւն: Մեր պարզած մտածումը վէճի ու հակառակութեան հրաւիրող կամ թշնամութիւն ու ատելութիւն սերմանող մտածում մը չէ, այլ ինքնարդարացման փորձով միայն յառաջացող գործընթաց մը, որ ճշմարտութեան բացայայտումով, արդարութեան հաստատման ձողանշանը կրնայ տնկել:

Կան այս տեսակի մարդոց նման, սակայն ասոնցմէ քիչ մը տարբեր խառնուածքով մարդիկ ալ, որոնք աւելի արթուն եւ զգաստ ըլլալով՝ կը կանխեն վերոյիշեալ կացութիւնը, իրենք իրենց անձը սկիզբէն իբրեւ զոհ ներկայացնելով հանրութեան: Ասիկա, ոմանց կարծիքով, ամէնէն դիւրին ձեւն է դժուարութենէ դուրս գալու, որ եթէ սեփական յաղթանակի չի հասցներ մեզ, բայց գէթ հակառակորդին ալ կ՛արգիլէ այդ հաճոյքը վայելել:

Նման մարդոց գործունէութեան օրինակները այնքան շատ են, որ գրեթէ ամէն օր կարելի է հանդիպիլ անոնց տարբերակներուն: Այս տեսակի մարդիկ դեռ չհալածուած, իրենք զիրենք ամէն մարդէ հալածուած կը ներկայացնեն. դեռ հարուած չստացած, իրենց անձը խոշտագուած կը համարեն, դեռ չապտակուած՝ ապտակուած, չկողոտուած՝ կողոպտուած ու չոր քարին նստած, եւ այսպէս կարելի է երկարել շարքը բոլոր այն իրավիճակներուն, որոնցմէ մէկուն կամ միւսին մէջ կրնայ ըլլալ մարդ, այս աշխարհի վրայ իր ապրած օրերուն:

Պարտուողական ամէնէն տկար ու խոցելի հոգեբանութիւնն է այս, որ անողնայար մարդոց յատուկ չէ, այլ խորամանկ ու նենգ, որոնք գիտեն հակայարձակողականի անցնելու յարմար առիթը: Ասոնք այնպիսի խորագէտ անձեր են, որոնք միշտ իրենց գրպանին մէջ սուր դանակ մը կը պահեն, կռնակէն հարուածելու համար իրենց մրցակիցին, որ համարձակած էր մարտահրաւէր կարդալ իրենց:

Ժամանակաւորապէս անզօր ու տկար երեւնալու անոնց ճիգը միայն թատերական ներկայացում մըն է իրենց կողմէ, ընդհանուրին խղճամիտ ուշադրութիւնը իրենց վրայ կեդրոնացնելու եւ անուղղակի հարուածներ հասցնելու համար հակառակորդին: Աւելին, զոհի կերպարին մէջ մտնելով, անոնք կ՛ապահովեն նաեւ իրենց ապագայ հակայարձակման իրաւունքը, որ հանրային կարծիքէն կը պաշտպանուի, նոյնիսկ արդար հակայարձակում որակուելով:

Պարտուողական հոգեբանութիւնը, իր վերոյիշեալ երկու տարբերակներով ընդունելի չէ գիտակից մարդու հայեցողութեամբ: Արդարութիւնը ինքնավստահութեան ծնունդ կու տայ, իսկ ինքնավստահութիւնը՝ սեփական իրաւունքի պաշտպանութեան առաջատար մարտիկը կը դառնայ, որ բնական ընթացքով մեզմէ կը հեռացնէ պարտուողական հոգեբանութեան զոհ դառնալու տխուր երեւոյթը:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2021, 07:50