Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրի ժամանակ ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրի ժամանակ 

Հայր Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը. «Ապրինք յաղթանակը խոստովանանքի խորհուրդին ընդմէջէն»։

Խոստովանանքը դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբուն ճրագն է:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Կարճ Ժամանակ առաջ տօնեցինք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակն էր մարդկութեան չորս թշնամիներուն վրայ՝ Սատանային, մեղքի, աշխարհի եւ մահուան:

Խաչափայտին դիմաց կայնած ոմանք ծիծաղելով աղաղակեցին՝ «եթէ Աստուծոյ Որդին ես, խաչէդ վար իջիր» (Մտթ. 27:40): Բայց Քրիստոս այդ խաչը կամովին ընտրեց, կրեց եւ հոն քամուած մնաց, մարդկութիւնը փրկելու համար:  

Խաչը, մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէր բացայայտեց: « Ան այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ. որպէսզի ով որ անոր հաւատայ չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3:16):

Արդեօ՞ք մարդկութիւնը արժանի էր այս սիրոյն: «Աստուած ասով  յայտնեց իր սէրը մեզի ՝ թէ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար, երբ մենք մեղաւոր էինք» (Հռոմ. 5:8): Այս համար մեր դիմաց կը դնէ հակասութիւն մը՝ Աստուծոյ սիրոյն եւ մարդուն մեղաւոր (անսիրելի) ըլլալուն միջեւ: Երբ խօսինք խաչի մասին, յաճախ վեր կ'առնենք Աստուծոյ սէրը. Ինչ որ շատ ճիշտ է: Բայց ընդհանրապէս կը խուսափինք մատնանշելու մարդուն մեղաւոր ըլլալը, որովհետեւ այդ մէկը ականջի հաճելի չի հնչէր:

Աշխարհը կ'ապրի տարբեր տեսակի չարիքներ, պատերազմներ եւ այլ տեսակ-տեսակ ոճիրներ, եւ հակառակ ամէն տեսակի գիտութեան յառաջդիմութեան, մարդը միշտ կը մնայ անկարող իր իսկ ապրած չարիքը կասեցնելու: Յատուկ հմտութեամբ մը ան՝ մարդը կարող է նորանոր վայրագութիւններ եւ չարիքներ ստեղծագործելու, բայց բոլորովին անկարող է զայն կասեցնելու: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «չենք կրնար հարց մը լուծել միեւնոյն մտածելակերպով, որով ստեղծեցինք զայն»            (Ալպերթ Այնըշթայն): Մարդը չար է: Յիսուս խօսքը իր աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ՝ «եթէ դուք որ չար էք, գիտէք բարի պարգեւներ տալ...» (Մտթ.7:11): Յստակ է Տիրոջ խօսքը, թէ մարդը չար է եւ թէ «բարին  մէկ է՝ ինքը Աստուած (Մրկ.10:18): Բաւարար է մտածել, որ Աստուած եկաւ զինք՝ մարդը փրկելու եւ մարդը խաչեց զայն: Եթէ մարդ արարածը Աստուծոյ հանդէպ այսպիսի յանդգնութիւն մը ցուցաբերեց, որքան աւելի իր նմանին հանդէպ ան չարիք կրնայ, այլեւ կը փափաքի, գործել:

Սակայն եւ այնպէս երբ հարց տրուի, թէ ուր կամ որու է յանցանքը, մեր մատները միշտ դէպի ուրիշը կը ցուցնէ: Ամենացայտուն օրինակը, որ կրնանք յիշել այս կապակցութեամբ, Լիբանանի ապրած աննախընթաց տագնապն է: Բոլորս ամէն օր կը տեսնենք եւ կը լսենք, թէ ինչպէս քաղաքական պատասխանատուներ ամէն օր լրատուամիջոցներէն մեզի կը յայտնեն, թէ միշտ հակառակ կողմն է յանցաւորը: Եւ որովհետեւ հարցը իրենցմէ դուրս տեղ մը կը գտնուի, անոնք կարող են զայն լուծելու:

 «Կեղծաւորներ» ըսաւ Յիսուս «նախ գերանը աչքէդ հանէ եւ ապա եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու նայէ» (Մտթ.7:5): Այսինքն փոխանակ ուրիշը դատելու, ձեր անձերը քննեցէք:

Աշխարհահռչակ հոգեբան եւ բազմաթիւ գրքերու հեղինակ Սքաթ Փէկ իր գրքին մէջ The Road Less Travelled գրքին մէջ կը յիշատակէ մահապարտ բանտարկեալներու իր այցելութիւններու մասին: Ան կը նշէ, որ դատապարտեալներու մեծ տոկոսը խօսելով իրենց մահավճիռին մասին, արտայայտուած եւ ըսած են, թէ իրենք անմեղներ են: Բժիշկը կ'աւելցնէ ըսելով՝ «եթէ այս ոճրագործները անմեղներ են, ուրեմն մենք՝ 'նորմալ' մարդիկս սուրբեր ենք»:

Երբ նախամայրը Եւան մեղանչեց, իր յանցանքը Ադամի վրայ նետեց: Իսկ երբ Աստուած Ադամի հարցուց, ան ոչ միայն Եւան յանցապարտ գտաւ, այլ նոյնիսկ զԱստուած դատապարտեց ըսելով՝ «Ան կինը, որ դուն ինծի տուիր, ան ինծի պտուղ տուաւ եւ ես կերայ»: Մարդկային տիպական արտայայտութիւն՝ «ես չեմ...ան է...Աստուած է»: Ամէն մարդ յանցաւոր է, բայց ոչ ես:

Նորոգութիւնը մեր անձերը սրբագրելով կը սկսի եւ ոչ ուրիշին սխալները դատելով: Սակայն յստակ է, որ մարդ կարողութիւն չունի իր սխալները տեսնելու: Կարիքը կայ արտաքին ձեռքի մը, որպէսզի ցոյց տայ մեզի մեր մեղքերը: Ս. Յովհաննէս իր աւետարանին մէջ կ'ըսէ՝ « երբ անիկա (Ս. Հոգին) գայ՝ պիտի յանդիմանէ աշխարհը մեղքի համար, արդարութեան համար եւ դատաստանի համար» (Յովհ. 16:8): Մարդ պէտք ունի Ս. Հոգիին, որպէսզի հասկնայ իր մեղքը: Միայն Ան կրնայ մեր իսկական պատկերը բացայայտելմեզի, որն է «ամէնքը մեղանչեցին եւ ինկան Աստուծոյ փառքէն» (Հռոմ. 3:23): Այսինքն բոլորս մեղաւորներ ենք: Այս իրականութեան դիմաց Աստուածային սէրը կը միջամտէ: Այո մենք մեղաւորներ ենք, սակայն Տէրը աւելի քան կը փափաքի, որ մեզ ներէ եւ փրկէ : Եկեղեցին այս իմաստով հիմնած է ապաշնորհութեան եւ խոստովանանքի խորհուրդը: Հոն Աստուած իր քահանային միջոցաւ կու գայ այցելելու մեզի՝ ներելու եւ կեանքը շարունակելու նոր զօրութիւն  հագցնելու համար: Աստուածային սիրոյ սքանչելի արտայայտութիւն մըն է խոստովանքի խորհուրդը եւ եկեղեցին միշտ սորվեցուած է մեզի այս ճշմարտութիւնը:

·      Խոստովանանքը յաղթանակն է այս աշխարի եւ անոր իշխանին վրայ:

·      Խոստովանանքը յաղթանակն է չարին վրայ:

·      Խոստովանանքը սատանային գործերը բացայայտել է :

·      Խոստովանանքը դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբուն ճրագն է:

Վերադառնանք այն գաղափարին, թէ Յիսուս իր յարութեամբ յաղթեց սատանային, մեղքին, աշխարհին եւ մահուան: Յիսուս խօսելով սատանային մասին կ'ըսէ՝  « այս աշխարհի իշխանը կու գայ, բայց իմ վրայ ոչ մէկ իշխանութիւն չունի» (Յովհ. 14:30): Մենք ալ կրնանք յաղթել աշխարհի իշխանին, երբ ան մեր վրայ իշխանութիւն չունենայ: Ինչպէ՞ս: Մեր մեղքերը խոստովանելով, քաւութիւն եւ թողութիւն ստանալով եւ առաւել զօրութեամբ շարունակելով մեր քրիստոնէական ճանապարհը ի փառս Աստուծոյ:

հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2021, 07:04