Մերոն լերան ուխտագնացութեան ժամանակ զոհուած են 44 հրեաներ Մերոն լերան ուխտագնացութեան ժամանակ զոհուած են 44 հրեաներ 

Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդներուն ցաւակցութիւնը Մերոն լերան ուխտագնացութեան ժամանակ 44 հրեաներու մահուան առթիւ

Անոնք կը մասնակցէին Ռաբբունապետ Շիմոն պար Եոհայի մահուան տարելիցին առթիւ կազմակերպուած արարողութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Երկրի կաթողիկէ առաջնորդներուն համահաւաք դասը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվիլինի, երեք երեկոյ Գալիլեայ քաղաքին մէջ «Lag BaOmer» հրէական տօնին առթիւ նախատեսուած ուխտագնացութեան ժամանակ 44 հրեաներուն մահուան առիթով։

Անոնք կը մասնակցէին Ռաբբունապետ Շիմոն պար Եոհայի մահուան տարելիցին առթիւ կազմակերպուած արարողութեան։ Բացի մեռեալներէն այլ 150 անձեր վիրաւորուած են ու զոհերուն շարքին կան նաեւ մանուկներ։

Սուրբ Երկրի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին նաեւ զոհերու ընտանիքներուն ու իրենց աղօթքները ապահովեցին հարիւրաւոր վիրաւորներու ապաքինումին համար։

Լուրը քաղուած է Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան կայքէջէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 12:00