Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուք Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուք  

Հարաւային Քորէայի մէջ մահացած է Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուքը։

Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուքի մահով Կարդինալական դասը կազմուած կը նկատուի 223 կարդինալներէ որոնցմէ 12 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ ու 97-ն ոչ ընտրող։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

89 տարեկանին` 27 ապրիլին իր հոգին աւանդեց առ Հայր Սէուլի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուքը։ Ան Կարդինալ ստեղծուած էր 2006-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի կողմէ։

Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուքը ծնած էր 7 դեկտեմբեր 1931-ին։ Վաղ տարիքին Ան կ՜երազէր գիւտարար դառնալ։ 1950-ին Քորէական պատերազմի բռնկման ժամանակ կ՛ընդունուի Սէուլի ազգային համալսարանի ճարտարագիտութեան մասնաճիւղէն ներս, սակայն հակամարտութեան պատճառաւ չի կարողացաւ շարունակել ուսմունքը։ Աւելի ուշ ան կ՛ընդունուի Սոնք Շին աւագ նորընծայարանէն ներս։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1961 թուականի մարտ 18-ին։

Կաթողիկէներու եւ կոչումներու աճի համար աղօթարար կարդինալը

Այդ ժամանակ Քորէացի կաթողիկէներու թիւը հազ հազիւ կը կազմեր բնակչութեան մէկ առ հարիւրը ու ան կ՛աղօթէ, որպէսզի այդ թիւը աճի ու այս մէկը կ՛իրականանայ 2000 թուականին երբ անոնց թիւը կը հասնի 10 առ հարիւրի։

Կարդինալ Շէոնկ Ժինսուք եպիսկոպոս նշանակուեցաւ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով 25 Յունիս 1970-ին եւ նոյն տարուայ հոկտեմբերի 3-ին ընդուեցաւ եպիսկոպոսական օծումը։ Երբ ան իր առաքելութիւնը սկսաւ Շէոնճու թեմին մէջ կային 6 քորէացի քահանաներ, ու այլ քսան քահանաներ Մարիքնոլի մէջ մինչ իր իրաւասութեան տակ կը գործէին 22 ժողովրդապետութիւններ։ Երբ ան 28 տարիներ ետք աւարտեց իր առաքելութիւնը թեմական քահանաներուն թիւը հասած էր 106-ի։

Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուքի մահով Կարդինալական դասը կազմուած կը նկատուի 223 կարդինալներէ որոնցմէ 126 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ ու 97-ն ոչ ընտրող։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 10:30