«Յիսուսի գերեզմանը դատարկ էր»։ «Յիսուսի գերեզմանը դատարկ էր»։ 

«Յիսուսի գերեզմանը դատարկ էր»։Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի Սուրբ Զատկուայ պատգամը։

Մեր սիրեցեալ հայրենիքը եւ Արցախն ալ ունեցան իրենց դժբախտ եւ ցաւալի օրերը: Արցախի պատերազմը աշխարհասփիւռ եւ ի հայրենիք, բոլոր հայորդիներու սրտերը խորապէս յուզեց: Հերոս նահատակներ, վիրաւորներ, խոր վէրք թողուցին բոլորիս սրտերու վրայ: Սակայն յարութեան յոյսով կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Քրիստոս անգամ մը եւս արդարութիւնը պիտի վերականգնէ եւ հայորդիք իրենց բոլոր իրաւունքներուն պիտի տիրանան:

 Յարուցեալ Քրիստոսի Հետ Հանդիպում

Յիսուսի խաչելութիւնէն եւ թաղումէն ետք, աշակերտներուն վրայ տիրեց մահաշուք վախ մը: Իրենց վարդապետը, որու վրայ դրած էին իրենց փրկութեան յոյսը, այժմ մեռած էր: Այն վարդապետին հետ մեռած էին նաեւ Դաւիթի արքայութիւնը վերականգնելու եւ հռոմէական բռնատիրութենէն ազատագրուելու բոլոր յոյսերը: Նման Եգիպտոսի բռնատիրութեան լուծի տակ կքած իրենց նախահայրերուն, անգամ մը եւս իսրայէլացիք ազատարար մը կը խնդրէին Աստուծմէ: Մեսիայ մը, որ իրենց  երազները պիտի իրականացնէր:  Սակայն այն Մեսիան՝ Յիսուսը մեռած էր այժմ, եւ նոյն մահուան սուրը կը սպառնար իրենց՝ աշակերտներուն կեանքերն ալ: Այս վախը իրենց մղեց պահուելու եւ իրենք զիրենք տան մը մէջ բանտարկելու, ուր ապագայի անորոշութիւնը եւ մահուան սպառնալիքը խորապէս կը յուզէին իրենց անձերը:

Այս խորհուրդներով ծանրաբեռնուած էին, երբ յանկարծ լսեցին տան դրան զօրաւոր բախումը: Կրկնապատկուած վախով դուրը բացին եւ ահաւասիկ Մարիամ Մագդաղենացին իրենց կը բերեր չսպասուած լուրը՝ Յիսուսի գերեզմանը դատարկ էր: Պետրոս անմիջապէս վազեց դէպի գերեզման եւ իրէն հետեւեցաւ Յովհաննէս: Անոնք գտան գերեզմանը այնպէս ինչպէս Մարիամ պատմած էր՝ մուտքը փակող ժայռը գլորած եւ դատարկ:

Անոնք տուն վերադարձան ուր  առաւել շփոթ պատեց իրենց: Ի՞նչ պատահած էր: Արդեօ՞ք իսկապէս Յիսուս իր խոստումին համաձայն յարութիւն առած էր:

Սակայն այս բոլոր մտավախութիւնները փարատեցան, երբ յարուցեալ Յիսուս փառաւորեալ մարմնով յայտնուեցաւ աշակերտներուն: Զղջումի եւ ապաշխարութեան արցունքներուն միացան պաշտամունքը, զոր Ս. Թովմաս այլ հանդիպումի մը ընթացքին բառերու վերածելով յայտարարեց՝ Տէրս եւ Աստուածս:

Յարութեան Վկաներ

Պետրոս աշակերտներուն մէջ ամենայանդուգն էր: Երբ Յիսուս Իր չարչարանքներուն ու մահուան մասին կը մարգարէանար, ան՝ Պետրոս խոստացաւ պաշտպանել իր վարդապետը եւ թոյլ չտալ, որ  ձերբակալեն եւ  սպանեն զինք: Սակայն իրականութեան սարսափին դիմաց ուրացաւ եւ թողուց իր Տէրը:

Ամէն ինչ հիմնայատակ շրջուեցաւ, երբ Պետրոս յարուցեալ Քրիստոսի հետ կենդանի հանդիպում ունեցաւ: Այլեւս յանդուգնօրէն եւ ինքնավստահ կրնար հազարներու դիմաց կենալ եւ յայտարարել՝ Յիսուս սպասուած Մեսիան է:  Ան կրնար նաեւ հրէից կրօնական բարձրագոյն ժողովին ներկայութեան կենալ  առանց մահուան վախը ունենալու: Ի՞նչ պատահած էր: Յարուցեալ Փրկիչը տեսած էր: Յարուցեալ փրկիչի հետ  հանդիպումը Պետրոսի վրայէն թօթափեց ուրացողի նկարագիրը, եւ զինք դարձուց «Ժայռը»:

Յարութեան Զօրութիւնը

Պետրոս եւ բոլոր առաքեալները յարութեան զօրութիւնը զգեցած գացին եւ ծանօթ աշխարհը հիմնայատակ դարձուցին Քրիստոսի եւ Անոր արքայութեան համար: Գիտակցաբար մարտիրոսութիւնը յանձն առին, որպէսզի Քրիստոսի բերած փրկութեան աւետիսը աւետարանեն մարդկութեան:

Դժոխքի դռները քայքայուած էին եւ երկինքը կարելի էր բոլոր անոնց համար, որոնք ընդունեցին Քրիստոսի փրկագործական արարքը: Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ: «Ո՞ւր է մահ խայթոցդ, ո՞ւր է յաղթանակդ ով գերեզման» (Ա. Կորնթ. 15:56): Մահը, որ մարդկութիւնը իր ճանկերուն մէջ կը չարչարէր, Քրիստոսի մահուամբ եւ յարութեամբ խորտակուած էր:

Յարութիւն եւ Ներկան

Ներկայ աշխարհը աննախընթաց օրեր կ'ապրի: Քորոնայ ժահրը իր մահաշուք  բռնատիրութիւնը սփռած է ամենուրէք: Կը խլէ կեանքեր եւ մահուան սպառնալիքին տակ կ'անդամալուծէ մնացեալը: Տնտեսութիւններ կը  փլչին, հիւանդութիւններ կը շատանան եւ ահաւասիկ անգամ մը եւս մահը կու գայ գերելու մարդկութիւնը: Այս իրականութեան դիմաց, մարդկութիւնը անգամ մը եւս ազատութեան ելք կը փնտռէ: Պատասխանը կը մնայ առաքելական պատգամը՝ Քրիստոս Յարեաւ: Այս պատգամին կարիքը ունի ներկայիս աշխարհը առաւել անհրաժեշտութեամբ: Եւ մենք առաքելական իշխանութեամբ զայն կը յայտարարենք: Բոլոր անոնք, որոնք պատմութեան ընթացքին հանդիպեցան Յարութեան Քրիստոսի, փրկուեցան. Նոյն փրկութիւնը եկեղեցին այսօր կը հրամցնէ մահուան շուքի տակ ապրող աշխարհին: «Հաւատա եւ պիտի փրկուիս»:

Լիբանան, Հայաստան եւ Արցախ

Հայորդիք, իրենք ալ իրենց կարգին ներկայ աշխարհի տագնապներէն մաս եւ բաժին ունեցան: Քորոնայի ահազանգին վրայ, Լիբանանցիք կը տառապին նաեւ տնտեսական ծանր պայմաններէ: Հայութիւնը, նման բոլոր լիբանանցիներու, կը կրէ երկրին ապրած ծանր պայմաններու ծանրութիւնը: Քրիստոսի պատուէրին հետեւելով, թէ «Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, Քանի որ այս ամէնը փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ըրիք՝ ինծի ըրիք»(Մտթ. 25:40), մենք ալ մեր ձեռքը երկարեցինք  ըլլալու համար կարիքաւոր մեր ժողովրդին կողքին ըլլալու եւ անոնց ցաւը ամոքելու համար:

Մեր սիրեցեալ հայրենիքը եւ Արցախն ալ ունեցան իրենց դժբախտ եւ ցաւալի օրերը: Արցախի պատերազմը աշխարհասփիւռ եւ ի հայրենիք, բոլոր հայորդիներու սրտերը խորապէս յուզեց: Հերոս նահատակներ, վիրաւորներ, խոր վէրք թողուցին բոլորիս սրտերու վրայ: Սակայն յարութեան յոյսով կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Քրիստոս անգամ մը եւս արդարութիւնը պիտի վերականգնէ եւ հայորդիք իրենց բոլոր իրաւունքներուն պիտի տիրանան:

Ես ալ այս տարի դարձեալ ճանապարհ խաչի մէջ մտայ. հիւանդութիւնը զիս ալ այցելեց: Սակայն ես ալ իմ կարգին կ'աղօթեմ, որ յարութեան զօրութեամբ, շրջանցեմ այս հանգրուանը եւ դարձեալ ըլլամ իմ ժողովրդիս հետ եւ ծառայեմ իրենց ի փառս Աստուծոյ:

Խաղաղութիւն քեզի սիրեցեալ Հայաստան.

Խաղաղութիւն քեզի հաայրենի Արցախ:

Խաղաղութիւն քեզի տարապող Լիբանան:

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2021, 07:24