Յիսուսին Յարութիւնը Յիսուսին Յարութիւնը 

«Հոս չէ՛, յարութիւն առաւ» (Ղուկաս 24, 6)

Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Զատկական պատգամը։

Սիրելի Քոյրեր եւ Եղբայրներ,

«Այսօր յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ եւ երկնաւոր. Քեզ աւետիս խնդութեան»։

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի սոյն գեղեցիկ շարականով, կը փափաքիմ ուղերձս ձեզի ներկայացնել։

Այո՛, «Հոս չէ՛, յարութիւն առաւ» (Ղուկաս 24, 6)։ Ա՛յս է գերազանց պատգամը հրեշտակներուն, որ անփոխարինելի յոյսով կ'ողողէ մեր էութիւնը, եւ կու գայ հրահրելու հոգեյատակը մեր քրիստոնէական հաւատքին, որ ընդարմացած է, կարծէք, անցնող տասներկու ամիսներու անբարեհամբոյր կաշկանդումներէն։

Ս. Յարութեան տօնն է այսօր, միանգամայն հրաւէր՝ աղօթքի, խնդրելու երկնաւոր Հօրմէն, բարեխօսութեամբ մեր մօր Ս. Կոյսին, որ իւրաքանչիւր օճախ վերագտնէ ընտանեկան միութիւնն ու հրճուանքը, եւ ամէն մէկ հաստատութիւն վերականգնի Յարուցեալին հետ՝ նոր արդարութեամբ լի օրերու տենչերով։

Կը մաղթեմ ձեզի եւ ձեր բոլոր սիրելիներուն Զատիկ մը ուրախ ու երջանկութեամբ առլցուն։ Թող Յարուցեալը, որ յաղթեց Չարին եւ իր մարդակերպ արբանեակներուն, շնորհէ մեզի քաջութիւնն ու զօրութիւնը ապրելու այս կեանքը՝ իր հրաշալիքներով եւ խաչերով. ու չերկնչինք սեւեռել զԻնք աննկուն հաւատքով, հաստատապէս հաւատալով, թէ յարութիւն առած ենք Իր հետ՝ այս աշխարհի վրայ, ինչպէս նաեւ՝ յաւիտենականութեան մէջ, գովաբանելու համար իր մեծամեծ գործերը համայն մարդկութեան հետ:

Թող չշիջանի ու վառ մնայ աստուածային Սէրը ընտանիքներուն, հասարակութիւններուն եւ բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ։ Թող Աւետարանական երջանկութիւնը տիրէ ամէնուրեք ու արմատանայ մեր սիրտերուն խորը:

Ի վերջոյ, կը մաղթեմ ու կ՚աղօթեմ, որ Յարուցեալին լիառատ շնորհները ո՛չ միայն կերպարանափոխեն՝ համաճարակի մը պատճառով՝ այլեւս անխնդում դարձած ու ստուերամած մեր ամէնօրեան, այլեւ՝ շարունակեն գծել ա՛յն իմաստաւորումը, որ լուսագրուած է, ահա քսան դար է, նոյնինքն Քրիստոսի անստուեր «Երանութիւններ»-ուն մէջ, որպէս պատասխան մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքն ու հոգին յուզող հարցականներուն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2021, 07:22