Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան 

ՀԱՆԳԻՍՏ Հ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԶՏԻԿԵԱՆԻ

2021 Ապրիլ ամսուն 11ին, Նոր Կիրակիի առաւօտեան, Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանին մէջ, իր պաշտօնարանի գրասեղանին առջեւ զինք անշնչացած կը գտնեն։

Նոր Կիրակի, Կրկնազատիկ, Քրիստոսի յարութեան ութերորդ օրը, աշխարհասփիւռ եկեղեցիներու բարձրաղօղանջ ու քաղցրահնչիւն զանգերը կ՚աւետեն համայն մարդկութեան՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», Իր մահով ճզմեց մահը եւ Իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց։

Այս ճշմարտութեան հաւատացողը ո՜րքան բախտաւոր պիտի սեպուի, երբ այս տօնի կիրակնամուտին բանայ աչքերը յաւիտենական լուսապայծառ արշալոյսին, եւ ամբողջ կեանքը «Առաւօտ լուսոյ» երգած՝ ընդառաջ երթայ «Արեգակն Արդար»ին։

Վստահ ենք որ Քրիստոսի ծառան, Ազգի անխոնջ մշակը, Մխիթարի նուիրեալ աշակերտը, յաւերժ երջանկութեան շեմն անցաւ, զուարթախինդ ու ծիծաղկոտ, ժպտադէմ ինչպէս միշտ։

Մուսալեռցի Մովսէսի եւ Անահիտ Ագնէս Գոճանեանի զաւակ՝ ծնած էր 27 Յուլիս 1937ին, գաղթականութեան մէջ, երկուորեակ քրոջ հետ միասին, Լիբանանի լեռներուն վրայ ծուարած Ալէյ գիւղը։ Կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ, կը մկրտուի Վեղարաւոր Հ. Ֆիւլժանսի ձեռքով, Մովսէս Թասլաքեանի կնքահայրութեամբ։ Աւազանի անունն էր Ժագ, իսկ քրոջ անունը՝ Ժագլին։ Բնակելով Պէյրութի Աշրաֆիյէ թաղամասը, կը յաճախէ Յիսուսեաններու վարած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ դպրոցը։ Տասներեք տարեկանին, 17 Յունուար 1950ին, կը ժամանէ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի, Փանոսեան Սարգիսի եւ Պալեան Մանուէլի (Հ. Գէորգ) հետ միասին, կազմելով ԽԹ դասարանը։ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, 15 Օգոստոս 1955ին, կը սկսին նորընծայութեան տարին եւ վերջնական ուխտերով կ՚անդամակցի Մխիթարեան միաբանութեան 15 Օգոստոս 1959ին։ Հռոմի մէջ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումնառութեան համար յաճախած է Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանը, հետեւած է նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան միամեայ ընթացքի մը։ Քահանայական սուրբ օծում կը ստանայ 12 Օգոստոս 1962ին, Ծիրանաւոր Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի ձեռքով։ Վարդապետական աստիճան կը ստանայ 5 Ապրիլ 1992ին։

Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Մխիթարեան զանազան հաստատութիւններու մէջ, անձնուիրումով դաստիարակչական առաքելութեան նուիրելով իր կեանքը, նոր սերունդներու սրտերը բոցավառելով հայրենասիրութեան սրբազան հրդեհով, որ իր մէջ անշէջ լաւայի նման կը բոցկլտար։ Վարած է նաեւ խմբագրի պաշտօնը թէ՛ Հայ Ընտանիք թերթին թէ՛ Բազմավէպ պաշտօնաթերթին։ Անհամար դասախօսութիւններ, բազմազան յօդուածներ եւ բազմաթիւ մենագրութիւններ կը զարդարեն իր գրական հունձքը։ Արուեստի նուիրեալ, նկարչութեան ասպարէզի մէջ տարբեր ոճերու գործերով բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կազմակերպած է եւ տարբեր մրցանակներու արժանացած։

2021 Ապրիլ ամսուն 11ին, Նոր Կիրակիի առաւօտեան, Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանին մէջ, իր պաշտօնարանի գրասեղանին առջեւ զինք անշնչացած կը գտնեն։

Կիրակնամուտին, խաղաղ ու լուռ գիշերուան մթին, համակարգիչի ճառագայթներով լուսաւորուած սպիտակահեր ալեւորը դիմատետրի էջին տեղադրած էր իր կեանքի վերջին տարիներու համայնապատկերի նկարը։ Վրձինը չէր, այլ ստեղնաշարը մատներով արագ մրճահարելով՝ վարպետը քանդակած էր մտքի խոհերն ու յոյզերը, հայրենասէր հոգիի ընդվզումներն ու ցաւատանջ սրտի ճիչը, քմծիծաղով ու սրամիտ խծբծանքով կարգի հրաւիրելով պատասխանատու իշխանութիւնն ու անտարբեր սփիւռքը։ Այս գրութիւնը վերնագրուած է «Նուիրած Ապրիլեան 1.500.000 նահատակներուն, Արցախի ազատագրութեան համար ինկած զոհերուն», իսկ ենթավերնագիրը՝ «Հայաստանի անսիրտ իշխանութիւններու անդադար կրկնուող սխալներու զոհ դարձած ժողովուրդի բոլոր խաւերուն»։ Եզրայանգումն է կարեւորագոյնը. «Որ համբերեսցէ ի սպառ նա կեցցէ»։ Համբերութիւն՝ ոչ թէ անտարբերութիւն, զսպուածութիւն՝ ոչ թէ անհոգութիւն. այս քարոզեց, սորվեցուց եւ կեանքով օրինակ տուաւ եւ կտակեց սերունդներուն։

Հայր Համազասպ Քէշիշեան 

----------------------------------------------------

- Շաբաթ 17 Ապրիլի, ժամը 10ին, Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, (rue de perche) տեղի պիտի ունենայ Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն նուիրուած Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանին։

- Իսկ թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Վենետիկի մէջ, 19 Ապրիլին, ուր Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Մայրավանքի Եկեղեցւոյ մէջ կայացած Ս. Պատարագէն ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի զետեղուի միաբանութեան  գերեզմանատան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2021, 18:37