Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ 

Կարդինալ Լուիս Ռաֆաէլ Սաքօ «Ներողամտութիւնն ու հաշտութիւնը հետապնդելիք ճանապարհն է։»

Իրաքը Ֆրանչիսկոս Պապին կեցութեան ժամանակ փոքրիկ դրախտ մը դարձաւ երկար տառապելէ ու դժոխք ըլլալէ ետք, յուսանք որ միշտ դրախ մնայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարած այցելութեան մէկ ամիս ետք Քաղդէացիներուն պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, Վատիկանի «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ, երկրի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու փոփոխութիւններուն ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խաղաղութեան ու հաշտութեան վերականգման ի սպաս տածած ջանքերուն ու աշխատանքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատիարք Սաքօ ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութիւնը, նշելով որ ինք տեղեակ չէր Նորին Սրբութեան Իրաք կատարելիք այցելութենէն, նկատի առնելով նաեւ համաճարակի դժբախտ կացութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալի մատնող խարիզմ ունեցող քահանայապետ է։Ան հովուական ծառայութեան իր սիրտին մէջ պահանջը զգաց մխիթարութիւն եւ յոյս փոխանցել երկար տարիներ տառապող Իրաքցիներուն։ Իրաք այցելութեամբ Սրբազան հայրը ուրախութիւն պատճառեց ըլլայ քրիստոնեաներուն եւ ըլլայ մահմետականներուն։ Իրաք երկիրը Պապին կեցութեան ժամանակ փոքրիկ դրախտ մը դարձաւ, մեծ դժոխքէ ետք  եւ յուսանք, որ միշտ այդպէս մնայ։

Կարդինալ Սաքօ զրոյցին մէջ ակնարկեց Իրաքի մէջ ներկայ կացութեան, նշելով որ միջին արեւելքը ապագայէ զուրկ պիտի մնայ այնքան ատեն, որ կրօնքը բաժանուած չ՝ըլլայ պետութենէն։ Ան նշեց, որ աշխարհիկ պետութեան մը մէջ կրնայ ապրիլ ըլլայ մահմետական մը ըլլայ քրիստոնեայ մը։ Ոեւէ անձ կրնայ եկեղեցի կամ մզկիթ երթալ ծով պահել եւ կեանք ապրիք իր համոզումներու համաձայն եւ պետութիւնը իրաւունք չ՝ունի արգիլելու։

Պատրիարք Սաքօ յայտնեց որ ինք համոզուած է, որ քրիստոնեաներն ու փոքրամասնութիւնները պիտի քաջաքերուին իրենց երկիրը վերադառնալու։ Քրիստոնեաներու վերադարձը Իրաքի կառավարութեան պարտականութիւն է , եւ այս մէկը պիտի իրականայ այն ատեն երբ երկրին մէջ անվտանգութիւն եւ կեանքի պայմանները բարելաւուին։

Պատրիարք Սաքօ նշեց, որ Իրաքի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան վերականգման համար անհրաժեշտ է մտայնութեան փոփոխութիւն։ Հրամայական է մոռնալ վրէժխնդրութիւնը եւ դիմել ներողամտութեան։ Անհրաժեշտ է ներել եւ հաշտուիլ հասարակաց բարիքի համար ինչպէս Ափրիկէ մէջ Նելսոն Մանտելան կատարեց։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ մարդկային եղբայրութեան եւ նաեւ հոգեւորականութեան մասին։ Անհրաժեշտ է յարգել տարբերութիւնը եւ գործակցիլ աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու համար, խաղաղութեամբ ու արժանապատուութեամբ։

Իրականացնել Քահանայապետին ըսած խօսքերը

Քաղդէացիներուն պատրիարքը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն կոչումը կը կայանայ ուրիշները օգնելու եւ միշտ քաջ ըլլալու մէջ, անհրաժեշտ է յարգանքն ու երկխօսութիւնը։ Ան ընդգծեց, թէ միութիւն չնշանակեր միակերպութիւն։ Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ միշտ յստակ կերպով խօսեցաւ եղբայրութեան տարբերութեան մասին, Անոր խօսքերը կը բխին հաւատքէն եւ սիրտէն՝ պարզութեամբ ու համեստութեամբ, որ փոխեց ժողովուրդի մտայնութիւնը, այժմ մեզի կ՝իյնայ իրագործել ֆրանչիսկոս Պապին ըսած խօսքերը։ ըսաւ կարդինալ Սաքօ աւելցնելով որ Իրաքի կառավարութիւնը Պապին մեկնումէն ետք անմիջապէս յանձնաժողով մը կազմեց ինչպէս նաեւ Քաղդէացիներու եկեղեցին։Մեր յոյսն ու վստահութիւնը զօրաւոր է։ Ըսաւ Քաղդէացիներուն պատրիարքը։

Ի վերջոյ Կարդինալ Լուիս Ռաֆաէլ Սաքօ անդադարձաւ Իրաքի մէջ եկեղեցւոյ կատարած պարտականութիւններու եւ աշխատանքներուն երկրի մէջ խաղաղութեան, համերաշխութեան վերականգման համար։ Ան նշեց, որ եկեղեցի կը գործէ հետապնդելով կարգ մը նպատակներ որոնց շարքին են կառուցել կրթական յայտագիրները ամրապնդելու համար Իրաքցիներու միջեւ եղբայրութիւնն ու ազգային միութիւնը ապա իրագործել Իրաքցիներու միջեւ տարբերութիւնները բացայայտող ու իրազեկ դարձնող յայտագիրներ, համագումարներու եւ հեռուստակայանական յայտագիրներկազմակերպելով քաղաքակրթութեան , մշակոյթի եւ կրօնքի մասին, ցոյց տալու համար հասարակաց կէտերը եւ խորացնելու ու յարգելու համար յատկութիւնները, որովհետեւ այն ինչ որ կը միացնէ աւելի են քան այն ինչ որ կը բաժանէ։ ըսաւ Պատրիարքը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 10:45