Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան 

Ոչ եւս է Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան- Մխիթարեան ուխտէն։

Մահացած է աստուածաբան, արուեստաբան, գեղանկարիչ, փիլիսոփայութեան և արուեստի դոկտոր, Սևրի Սամուէլ Մուրատեան հայկական վարժարանի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը։
Ունկնդրէ լուրը

Մխիթարեան Միաբանութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ իր երէց միաբաններէն՝ Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի 11 Ապրիլ-ի վաղ առաւօտեան Սեւրի Մուրատեան վարժարանի մէջ։

Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները շուտով կը հաղորդենք։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Լուրը կը կարդանք Մխիթարեան Միաբանութեան դիմատետրի էջին վրայ ու կը միանանք գոյժին մեր սրտափուխ  աղօթքները բարձրացնելով առ Աստուած ննջեցեալի հոգւոյն յաւերժական հանգստեան համար։ 

-----------------------

Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ծնած է 27 Յուլիս, 1937, Պէյրութ՝ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ: Աստուածաբան, Փիլիսոփայութեան եւ Արուեստ-ի պատմութեան դոկտոր:

 Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ։ 13 տարեկանին մեկնած է Վենետիկի Մխիթարեան մայրավանք:

Հայագիտութեան կողքին ստացած է նաեւ իտալական Պաքալորէաթ՛ յետոյ ղրկուած է Հռոմ համալսարանական ուսումը շարունակելու : Հոն մնացած է եօթը տարի, երեք տարիէն ստացած է Փիլիսոփայութեան Տոքթորան, ապա Աստուածաբանութեան, տարի մըն ալ հետեւած է «Musica Sara» երաժշտական դասընթացքներուն, որ Վատիկանի կողմէ հաստատուած հոգեւոր երաժշտութեան դասընթացքներն են:

Տոքթորայի համար աւարտաճառ ներկայացնելու այն միտումով , որ ապագային պիտի նուիրուի դաստիարակչական ասպարէզին. կընտրէ «Դաստիարակչական Հոգեբանութիւն» - «Յանցանքի զգացումը երեխաներու մօտ» նիւթը:

Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանէն կը ստանայ Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան դոկտոր աստիճան: 1962-ին կարդինալ Աղաճանեանի ձեռամբ վարդապետ կ՛օծուի: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով:

Նոյն համալսարանէն ստանալէ ետք արուեստի պատմութեան բարձրագոյն վկայական, կը վերադառնայ Վենետիկ, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Գեղարուեստից Ակադեմիան, ուսուցիչ ունենալով Սանթոմազօ, Վետովա եւ Սաէթթի նշանաւոր արուեստագէտները:

Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայ-ի հայկական գաղթօճախներուն մէջ։ Ան հոգեւոր եւ ստեղծագործական կեանքին զուգահեռ վարած է նաեւ խմբագրական եւ վարչական գործեր՝ տնօրէնութեան պաշտօն վարած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին:

Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ։ Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:

Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով:

Ան վերջին առաքութիւնը կը կատարէր Փարիզ-ի մէջ՝ ուսուցանելով Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ինքնաբուխօրէն նուիրուած էր գծագրութեան պատրաստելով բազմաթիւ ցուցահանդէսներ: Իր ծախած բոլոր նկարներուն հասոյթը ան յատկացուցած է վարժարանի նորակառոյց շէնքին ծախսերուն: Հայ տղոց այս վարժարանը ունի 160 գիշերօթիկ աշակերտներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2021, 14:43