Որոնել

Քարաքոշի Անարատ Յղացեալ եկեղեցին Քարաքոշի Անարատ Յղացեալ եկեղեցին 

Իրաքի կաթողիկէ եկեղեցին թիւերով։

Իրաքը ունի 438,317 քմ քառակուսի տարածք ու 38 միլիոն 836 բնակիչ որոնցմէ 590 հազարը կաթողիկէ են։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ըստ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակին Իրաքի կաթողիկէ Եկեղեցին՝ 31 դեկտեմբեր 2019-ի տուեալներու հիման վրայ կազմուած է հետեւեալ ձեւով.

Իրաքը ունի 438,317 քմ քառակուսի տարածք ու 38 միլիոն 836 բնակիչ որոնցմէ 590 հազարը կաթողիկէ են։

Իրաքի մէջ կը գործեն 17 եկեղեցական գաւառներ, 122 ժողովրդապետութիւններ եւ 12 հովուական խնամակալութեան կեդրոններ

Կղերական դասը կազմուած է 19 եպիսկոպոսներէ, 113 թեմական քահանաներէ, եւ այլ 40 կրօնաւոր քահանաներէ հուսկ 20 մնայուն սարկաւագներէ, 8 կրօնաւորներէ եւ 365 կրօնաւորուհիներէ։  Կրօնուսոյցներուն թիւն է 632 մինչ նորընծաներունը 43։

Կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ 59 դպրոց եւ 9 բարձրագոյն վարժարաններ ու համալսարաններ,  ապա կան 7 հիւանդանոցներ, 6 բժշկական կեդրոններ, 5 տարեցներու տուն 10 որբանոց ու մանկապարտէզներ եւ 6 այլ բարեսիրական հասստատութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2021, 13:20