Լիբանանի Սուրիացիներուն յատկացուած գաղթավայր Լիբանանի Սուրիացիներուն յատկացուած գաղթավայր 

Զուիցերիայի Քարիթասը ի նպաստ Սուրիոյ բնակչութեան որ 10 տարիներէ ի վեր կը տառապի պատերազմէն։

Երկրին մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակուի մնալ ողբերգական» կը յիշեցնէ Զուիցերիայի Քարիթասը։ 11 միլիոն Սուրիացիներ կարիքը ունին ամենօրեայ ապրուստի հիմնական սեպուած կենսամիջոցներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրիոյ մէջ` 2011-ին պատերազմի բռնկումէն ասդին Զուիցերիայի Քարիթասը իրականացուցած է տարբեր ծրագիրներ ի նպաստ երկրի բնակչութեան, 76 միլիոն Զուիցերական Ֆրանքի արժողութեամբ, որոնցմէ օգտուած են 670 հազար սուրիացիներ»։ Լուրը կը հաղորդէ Զուիցերիայի Քարիթասը յստակացնելով նաեւ, որ շտապ օգնութեան համար սահմանուած գումարներէն անդին, ծրագիրներ մշակուեցան նաեւ կրթական ձեռնարկներու` ի նպաստ գաղթական մանուկներուն ու նաեւ ընտանիքներու թոշակներ ապահովման եւ մասնագիտական ​​որակաւորում երաշխաւորելու ուղղութեամբ։

Յառաջիկայ 15 Մարտին Սուրիոյ պատերազմը` որ կը համարուի Բ համաշխարհային պատերազմէն ասդին ամէնածանր մարդկային աղէտներէն մին պիտի բոլորէ իր տասներորդ տարեդարձը։ Տասնամեակ` որուն ընթացքին ականատես եղանք բնակչութեան մէկ քառորդ՝ 6.5 միլիոն Սուրիացիներու արտագաղթին։ Անոնց մեծ մասը հիւրընկալուած են Լիբանանի գաղթավայրերու մէջ աւելիով ծանրացնելով Լիբանանի արդեն իսկ նուրբ եւ փխրուն իրավիճակը։ Այլ մէկ միլիոն մը դիմած է Եւրոպա իսկ այլք կը գտնուին Սուրիոյ սահմանամերձ երկիներուն մէջ, ինչպէս Իրաքն ու Յորդանանը։ Վերոնշեալ թիւին պէտք է աւելցնել նաեւ վեց միլիոնէ աւելի ներքին գաղթականները։

«Երկրին մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակուի մնալ ողբերգական» կը յիշեցնէ Զուիցերիայի Քարիթասը։ 11 միլիոն Սուրիացիներ կարիքը ունին ամենօրեայ ապրուստի հիմնական սեպուած կենսամիջոցներուն։ Բնակչութեան 50  տոկոսէն աւելին անգործ է մինչ 80 առ հարիւրը կ՛ապրի աղքատութեան իրավիճակին մէջ։ Ասոր պատճառաւ գաղթականներուն վերադարձը իրենց հայրենիք առ այժմ կը թուի անկարելի։

Ողբերգական իրավիճակի մէջ են նաեւ սահմանամերձ երկիրները` Յորդանանն ու Լիբանանը, որոնց գաղթականներու հիւրընկալութեան կառոյցներու կարելիութիւնները մեծ դժուարութեան մէջ են։  «Ասոր համար է, որ Զուիցերիոյ Քարիթասը իր օժանդակութիւնները կը մատուցէ նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի գաղթավայրերուն մէջ ապրող Սուրիացներուն» նշուած է Զուիցերիյ Կաթողիկէ բարեսիրական հաստատութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա կոչ կ'ուղղուի Զուիցերիայի իշխանութիւններուն, արագացնելու Զուիցերիա ապաստան գտած 8.500 սուրիացիներուն գաղթականի կարգավիճակի ճանաչման գործընթացը։

Քարիթասի համաձայն Զուիցերիան պէտք է առ աւելիով յանձնառու ըլլայ խթանելու «մարդասիրական անվտանգ նրբանցքներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2021, 09:00