Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԽԱ)։

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի շարունակենք անդրադառնալ Երեկոյեան ժամերգութեան Երեքսրբեանին կամ Սուրբ Աստուած աղօթքին:

ԽԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի շարունակենք անդրադառնալ Երեկոյեան ժամերգութեան Երեքսրբեանին կամ Սուրբ Աստուած աղօթքին:

Սուրբ Աստուածը Եկեղեցւոյ հնագոյն աղօթքներէն մէկն է: Հայոց մօտ հինէն «Սուրբ Աստուածը» երիցս կրկնելով երգուած է, «որ խաչեցար վասն մեր» յաւելուածով: Այս յաւելուած մասը կը փոխուի ըստ տօնի: Քրիստոնեայ շատ մը եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Աստուածը ուղղուած է Ս. Երրորդութեան և «որ խաչեցար վասն մեր» յաւելուածը չունին: Յոյները կը պնդեն թէ Սուրբ Աստուածը հին ժամանակներէն է վեր կ'երգուէր ի դէմս Երրորդութեան և թէ «Խաչեցար» կցորդը աստուածաչարչարութեան գաղափար մը կը կրէ իր մէջ: Հայ Եկեղեցին լուսաբանած է թէ Սուրբ Աստուածը իր յաւելուածով հանդերձ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին օրերէն ի վեր հաստատուն աւանդութեամբ կ'երգուի ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ. իսկ երիցս կրկնելը Երրորդութեան դիմելու նշանակութիւն չունի: Այս մէկը կը հաստատեն նաեւ Օձնեցին, Շնորհալին և Լամբրոնացին: Այս երգին մեղեդին ունի մի քանի տարբերակ. այսպէս կիրակնամուտի համար կան յարութեան և խաչի ծանր եղանակներ, իսկ կիրակի երեկոյի համար գոյութիւն ունի այլ տարբերակ, որ աւելի սահուն է: Ըստ աւանդութեան «Սուրբ Աստուած» երգի հեղինակն է Յովսէփ Արեմաթացին: «Սուրբ Աստուածին» կը յաջորդէ մաղթանք «Փրկել զմեզ ի փորձութենէ» և ապա քարոզ «Վասն լսելի լինելոյ» և ապա՝ փոխ «Համբարձի զաչս իմ» և Շարական «Համբարձի»: Օձնեցի Հայրապետը կը շարունակէ «Եւ վախճան ամենայն պաշտաման զհանգստեան սաղմոսն ասել» ըստ դասուց վերաձայնութեամբ» կամ եղանակով: Այդ սաղմոսն էր Համբարձին, որուն մէկ տունը կը յիշատակէ Ստեփանոս Սիւնեցին: Օձնեցի «Հանգստեան» կոչեց այս ժամը, որովհետեւ կնքումն էր երեկոյի կանոնին.  իսկ Սահակ Վրդ. Ամատունին այդ կոչումը տուաւ Արձակման փոխ Պահոց և Մարտիրոսաց «Որ բնակեալ» սաղմոս Ղ- 90-ին, որ անցեալին գոյութիւն չունէր և այդ պատճառով անծանօթ է այդ ժամանակի գրիչներուն: Ըստ Հացունիին այս փոխը նաեւ առնուած է յունական ժամագիրքէն, որ զայն ունի կէս գիշերուայ պաշտամունքին մէջ: Նկատելի է յունական ծէսէն փոխ առնող հեղինակին նպատակը՝ նմանութիւն պահել Առաւօտեան և Երեկոյեան աղօթքներուն մէջ, Առաւօտեան ժամերգութեան «Մանկունք» սաղմոսին և շարականին զուգակից կը դասէ Երեկոյեան ժամերգութեան Համբարձի սաղմոսն ու շարականը:

Շարական «Համբարձի»

Համբարձի փոխը 120-ՃԻ. Սաղմոսն է, (1-8), որուն կը հետեւի շարական մը որ փոխէն առած է իր անունը: Անցեալին, Համբարձի շարականը երկու տուն սաղմոս և մէկ տուն շարական էր: Շարակնոցին մէջ Համբարձիի բազմաթիւ շարականներ կան այս կամ այն տօնի յատուկ, ինչպէս նաեւ յարութեան, մարտիրոսաց և պահոց օրերու շարականներ: ԱՁ «Սուրբ Ես Տէր Զօրութեանց» Համաբաձի շարականը կ'երգուի ամբողջ տարին՝ կիրակամուտին, բացի Յինանց և Մեծ Պահոց շրջանէն. ան բաղկացած է երեք մասերէ. երկու պատկեր յատուկ «Մարտիրոսաց Համբարձի» և մէկ պատկեր «Յովհաննէս Մկրտչի» գլխատման նուիրուած: Համբարձիի կցորդ «Երկնաքաղաքացի Յովհաննէսն» պատկերը, Առաքեալներու տօներուն կը փոխուի և «Ի քէն հայցեմք» ԱՁ շարականը կ'երգուի, որ բաղկացած է մէկ պատկերէ, չորս տուներով: Քառասնորդաց Պահոց շաբաթ և կիրակի օրերուն՝ իբրեւ Համբարձի շարական կ'երգուին Մեծ Պահոց վեց կիրակիներու Ս. Ներսէս Շնորհալիի օրհնութիւնները:

Համբարձի շարականին կը յաջորդէ քարոզ «Վասն խաղաղութեան» և ապա աղօթք՝ «Հայր գթած»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2021, 07:47