Որոնել

Փրկութեան Տիրամայ եկեղեցին Պաղտատի մէջ Փրկութեան Տիրամայ եկեղեցին Պաղտատի մէջ 

Պաղտատի «Սայիտադ Ալ Նէժաթ» Փրկութեան Տիրամայր տաճարը՝ որ երկու անգամ յարձակումներու ենթարկուեցաւ։

Եկեղեցին կը նմանի նաւու մը, որ կ՝ընդունի ու կը պաշտպանէ հաւատացեալները, նման այն նաւուն որ փոխադրեց Յիսուսն ու առաքեալները փոթորիկի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 5 մարտին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիկոս Սրբազան Պապը Պաղտատի մէջ կ՝այցելէ Փրկութեան Տիրամօր Տաճարը ուր հանդիպում կ՝ունենայ Իրաքի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնուսոյցներուն ու նորընծաներուն հետ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Փրկութեան Տիրամայր՝ Տաճարը Պաղտատի ամենէ մեծ եկեղեցիներէն մին է, որ կը պատկանի Ասորի կաթողիկէներու թեմին։ Ան թիրախ եղած է երկու ահաբեկչական յարձակումներու. առաջինը՝  31 հոկտեմբեր 2010ին, որուն պատճառաւ մահացան 48 անձ, որոնց շարքին երկու քահանաներ մինչ վիրաւորներուն թիւը հասաւ 70-ի։

Քարրատա շրջանի մէջ գտնուող այս եկեղեցւոյ բացումը կատարուած է 1968ի մարտին։ Ան կառուցուած է փոքրիկ մատուրի մը վրայ, որ կառուցուած էր 1952ին,  ընկալելու  համար այդ ժամանակուան բազմաթիւ  Սուրիացի կաթողիկէ հաւատացեալները։ Եկեղեցւոյ ծրագիրը մշակած է Լեհ Քաֆքա ճարտարապետը։ 

Եկեղեցին կը նմանի նաւու մը,  որ կ՝ընկալէ  ու կը պաշտպանէ հաւատացեալները, նման այն նաւուն որ փոխադրեց Յիսուսն ու առաքեալները փոթորիկի ընթացքին։

Եկեղեցւոյ մուտքին կառուցուած է Էպրահիմ անուան դպրոցը։ 2010 թուականին տեղի ունեցած յարձակումէն ետք, եկեղեցի վերանորոգուած է եւ զոհերու համար կառուցուած է յուշակոթող մը։  Երկու սպաննուած քահանաներուն դիակները թաղուած են եկեղեցւոյ մէջ։

Իրաքի մէջ ծագած պատերազմէն առաջ, գրեթէ 5000 ընտանիքներ ամէն տարի կ՝այցելէին Փրկութեան Տիրամօր տաճար եկեղեցին։ 2018 Թուականէն ի վեր, Պաղտատի մէջ երեք Ասորիներու կաթողիկէ եկեղեցիները այցելուները նուազած են ու անոնց թիւը չի գերազանցեր 1000 ընտանիքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2021, 10:15