Խաղաղութիւն եւ յոյս Խաղաղութիւն եւ յոյս 

Կարդինալ Զենարին «Սուրիան կարիքը ունի յոյսի, թոյլ չտանք որ յոյսը մեռնի»։

Կարիդնալ Զենարի յիշեց ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Սուրիոյ ի սպաս յղած կոչերէն յաճախ կրկնած երկու բառեր, սիրելի եւ մարտիրոսացած Սուրիա։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ մէջ Սուրբ Աթոռի Պապական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարի, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին նշելով, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը խլեց կեանքերն ու խաղաղութիւն եւ վերացուց յոյսը։ Ծիրանաւորը նկատել տուաւ որ Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը աներեւակայելի է, տրուած ըլլալով որ երկրին մէջ ամէն ինչ պակաս է, ու երկիրը կարիքի ունի  բազմաթիւ օգնութիւններուն։  

Ունկնդրդ լուրը

Կարիդնալ Զենարի յիշեց ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Սուրիոյ ի սպաս յղած կոչերէն յաճախ կրկնած երկու բառերը, Սիրելի եւ մարտիրոսացած սուրիա։

Սուրիան Նորին Սրբութեան սիրտին խօսող երկիրներէն մէկն է ըսաւ կարդինալ Զենարի աւելցնելով, որ վերջերս Նորին Սրբութիւնը Իրաք կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին միշտ յիշեց Սուրիան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  Կիրակի Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ բխած պատերազմի 10-րդ տխուր տարեդարձին, յիշելով անգամ եւս Սուրիացի Ժողովուրդի տառապանք  եւ կոչ ուղղեց միջազգային զօրակցութեան որպէսզի դադրին զէնքերը, ու հասնին համերաշխութեան, տնտեսական վերականգնումի ու յոյսի ներշնչման որպէսզի  ժողովուրդը վերականգնի՝ աղքատութեան, ապագայի անորոշութեան  տառապալից  վիճակէն։

Կարդինալ Զենարի նշեց թէ Սուրիոյ խաղաղութեան համար տարբեր  իրականացուած են բազմաթիւ ձեռնակներ  նախ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստկաւոր Պապին օրերուն ապա ֆրանչիսկոս Քահանայապետին օրով, ձեռնարկներ բռնութեան դադրեցման եւ խաղաղութեան կերտման ի խնդիր։

Կազմակերպուած են նաեւ մարդասիրական օգնութիւններ։ 7 մարտ 2013ին, ֆրանչիսկոս Պապ, քահանայապետ ընտրուելէ մի քանի ամիս վերջ, յիշատակուեցաւ ծոմի ու աղօթքի օր Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը լեցուն էր հաւատացեալներով։ Այդ ձեռնարկին մասին ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Իրաքէն դէպի Հռոմ ճամբորդութեան ընթացքին։ ըսաւ կարդինալ Զենարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2021, 10:55