Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «մուտն ի վիրապ» տօնը եւ Անթիլիասի ուխտի օրը

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «մուտն ի վիրապ» տօնը եւ Անթիլիասի ուխտի օրը

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն տարուան ընթացքին երեք առիթներով կը նշուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքին ու առաքելութեան առնչուած յատկանշական դէպքերը, այսպէս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «չարչարանացն եւ մտանելոյն ի վիրապն», «ելանելոյն ի վիրապէն» եւ «գիւտ նշխարաց»:

Այսօր կը նշուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապին յիշատակը, իսկ վաղը Ուխտի Օրն է՝ մեծ սուրբին անունով օծուած Անթիլիասի Մայրավանքին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ ճանչցուած է իբրեւ երկրորդ լուսաւորիչ եւ առաջին կաթողիկոսը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նաեւ ընդհանրական եկեղեցւոյ կարեւորագոյն սուրբերէն մէկն է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նաեւ մեր եկեղեցւոյ կարեւոր աստուածաբաններէն մէկն է: Իրեն վերագրուած են չորս գործեր՝ ա) Կանոնք Սրբոյն Գրիգորի, որ բաղկացած է 30 յօդուածներէ, բ) Վարդապետութիւն Սրբոյն Գրիգորի, որ ներառուած է Ագաթանգեղոսի պատմութեան մէջ, գ) Յաճախապատում, որ դարձեալ մաս կը կազմէ Ագաթանգեղոսի պատմութեան, եւ դ) Հարցմունք:

Վերոնշեալ գործերը կը շօշափեն Ս. Երրորդութենէն սկսեալ մինչեւ տիեզերքի ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բարոյական ուսուցումներուն ու կանոններուն հետ աղերս ունեցող վերլուծումներ ու յիշեցումներ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշեալ գործերը ներառուած են Մատենագիրք Հայոց շարքի առաջին հատորին մէջ:

Այս եզակի իրագործումը կատարուեցաւ Մեր թելադրութեամբ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժնի օրուան տնօրէն՝ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի աջակցութեամբ եւ հիմնարկութեան մեկենասութեամբ, ինչպէս նաեւ Երեւանի խումբ մը հայագէտներու աշխատասիրութեամբ:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «մուտն ի վիրապ» տօնի եւ Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով, Լիբանանի Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 21 Մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ որուն աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, մեր հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէք։

Անթիլիասի Մայրավանքի տեղեկատուական ծառայութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2021, 07:58