Միանմարի մէջ անկարգութիւններ Միանմարի մէջ անկարգութիւններ 

«Կ'աղօթեմ հաշտուած Միանմարի համար» Կարդինալ Պօ։

Միանմարի ի նպաստ «Global Day of Prayer» աղօթքի ձեռնարկին առթիւ Եանկոնի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պօ սրտառուչ պատգամով մը հրաւէր ուղղեց աղօթելու ի նպաստ ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միանմարը այսօր կը գտնուի խաւարային այլ հանգրուանի մէջ, արիւնհեղութեան ու ճնշումի գործադրութեան իրականութեան դիմաց»։ Այս խօսքերով է որ Եանկոնի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Շարլ Պօ կը ներկայացնէ իր երկիրը, որ անցեալ փետրուար 1-ի յեղաշրջումէն յետոյ ինկած է զինուորականներու լուծին տակ, որուն բերումով ձերբակալուեցաւ երկրին վարչապետ` Աունկ Սան Սու Քիյին եւ սկիզբ առաւ  բռնութիւններու եւ ճնշումներու ալիք մը։

Կասեցնել բռնութիւնները

Լսատեսողական պատգամի մը մէջ Կարդինալ Պօ կը հրաւիրէ կասեցնել բռնութիւնները ու յոյսով նայիլ ապագային։

«Տէրը անգամ մը եւս իր եկեղեցին կը կոչէ դառնալու վկայ, դառնալու գործիք արդարութեան, խաղաղութեան եւ հաշտութեան, եւ հանդիսանալու Անոր ձեռքերը` օգնութիւն մատուցելու համար աղքատներուն եւ անոնց` որոնք կ'ապրին վախի մէջ, ապա ատելութեան հակազդելու սիրով» ըսած է Կարդինալ Պօ։

Աղօթել եւ գործել հաշտուած Միանմարի համար

Ան ապա հաստատած է թէ «պիտի աղօթենք եւ պիտի աշխատինք Նոր Միանմարի համար, որ ծնունդ առնէ այսօրուայ ողբերգական իրականութենէն, Միանմար մը, ուր ամէն մէկ մարդ արարած ունենայ հիմնական ազատութիւններու հաւասար իրաւունք, Մինամար մը` ուր յարգուին ցեղային եւ կրօնական տարբերութիւնները եւ կարելի ըլլայ ապրիլ խաղաղութեամբ, Մինամար մը, ուր զինուորները վար առնեն զէնքերը եւ փոխանակ բնակչութեան վրայ յարձակելու պաշտպանեն ժողովուրդը, նախ քան որ շատ ուշ ըլլայ»։

Կոչ ի նպաստ ժողովրդավարութեան

Կարդինալ Պօ հուսկ աղօթքներ կը հայցէ Աունկ Սան Սու Քիյին համար ու ժողովրդավար շարժումի ղեկաւարներուն համար, կոչ ուղղելով որ յարգուի ժողովուրդին կամքը, որ արտայայտուեցաւ ազատ ընտրութիւններու միջոցաւ եւ որպէսզի Միանմարը յառաջանայ դէպի իսկական  ժողովրդավարութիւն, առաջնորդուած  եւ հիմնուած երկխօսութեան,հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան վրայ։

Կարդինալ Փարոլինի նամակը

Յայտնենք թէ Միանմարի մէջ զտեղուած մտահոգիչ կացութեան ի տես Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը նամակ մը յղած է Կարդինալ Շարլ Պոյին, որուն մէջ յայտնած է թէ Քահանայապետը «մեծ մտահոգութեամբ» եւ «եղբայրական զօրակցութեամբ» կը հետեւի անցուդարձներուն եւ Միանմարի եկեղեցիէն կը խնդրէ  «յանձնառումով գործել ի նպաստ խաղաղութեան գործընթացքին» հանդիպելով հարցին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը

Կարդինալ Փարոլինը նամակին մէջ յղում կատարած է նաեւ անցեալ 7 Փետրուարին Ֆրանչիսկոս Պապին սրտաբուխ կոչին. որուն մէջ ան խնդրած էր Երկրին մէջ քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունեցողներէն իրենք զիրենք դնեն ի սպաս հասարակաց բարիքին, խթանելով ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային կայունութիւնը, ի նպաստ ժողովրդավարական ներդաշնակ համակեցութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա 3 Մարտին ուղղած այլ կոչով մը միջազգային հասարակութենէն խնդրեց գործել եւ այնպէս ընել, որ Միանմարի ժողովուրդին ձգտումները չի սանձուին բռնութիւնով»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2021, 10:40