Սուրիա Սուրիա 

Կարդինալ Զենարին «Սուրիոյ մէջ ռմբակոծումները դադրած են սակայն պայթած է աղքատութեան ռումբը։»

Կարդինալ Զենարիին ելոյթը Սուրիան կարիքը ունի օգնութեան ,ժողովուրդի մեծ մասը կ՝ապրի աղքատ վիճակի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ  պատերազմներու 10 րդ տարուան առիթով, Միջազգային Քարիթասի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց համաժողով, որուն ելոյթ ունեցողներու շարքին զրուցեց նաեւ Սուրիոյ մէջ Նապական նուիրակ, Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որուն խօսքերուն համաձայն, Սուրիան կարիքի ունի անյապաղ արմատական լուծումներու վերսկսելու համար տնտեսութիւնը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը ընդծեց թէ Սուրիոյ մէջ պիտի չկերտուի խաղաղութիւն առանց վերակառուցումի եւ տնտեսական օգնութիւններուն։ ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ բնակչութեան 90 տոկոսը կ՝ապրի աղքատութեան մէջ։

Կարդինալ Զէնարի զրոյցի մէջ հարց տուաւ ըսելով որ Սուրիոյ ժողովուրդը տակաւին ինչքա°ն պիտի համբերէ։ Անոնց մեծ մասը յուսահատ են, խաղաղութեան գործընթացը անկումի մէջ կը գտնուին, տնտեսութեան վերսկսումի եւ երկրի վերակառուցման աշխատանքները տակաւին անյայտ են ու բնակչութեան մեծամասնութիւնը յուսահատ են երկրի ապագային նկատմամբ։

Կարդինալ Զէնարի նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ռմբակոծումները դադրած են սակայն պայթած է աղքատութեան ռումբը։ Սուրիական դրամանիշի անկումը ամերիկեան տոլարի դիմաց, ու սղաճը։ Ամէն օր բազմաթիւ անձերը փուռին առջեւ  շարք կը բռնեն երկու կտոր հաց գնելու համար։ Վառելանիւթի պակասը կը տիրէ,  սա է արդիւնքը Սուրիոյ պատերազմներուն։

Կարդինալ Զէնարի նշեց նաեւ որ Սուրիոյ կացութիւնը վատթարացած է համաճարակի եւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապի հետեւանքով։ Սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը տնտեսական տագնապը կը նկատէ աւելի վատ քան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմները։ 

Սուրիոյ էջ 11 միլիոն անձը վերապրելու համար կարքը ունին օգնութեան ու հոգածութեան։ Ծիրանաւորը շնորհակալութիւն յայտնեց մարդասիրական կազմակերպութիւններում եւ միջազգային քարիթասին Սուրիոյ մէջ կատարած աշխատաքներու համար։ 

Ի վերջոյ կարդինալ Ծենարի կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան Սուրիյո օգնութեան հասնելու։ Մասնագէտներու տուեալներու համաձայ Սուրիան վերակառուցելու համար, կարիքը ունի հարիւր միլարտ տոլարի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2021, 10:12