Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեան համար պատրաստութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեան համար պատրաստութիւններ 

Իրաք - Գերապայծառ Եալտօ. «Թող որ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը սատարէ Երկրին մէջ խաղաղութեան հաստատումին»։

1.5 միլիոն քրիստոնեաներէն որոնք 2003-ի պատերազմէն առաջ կ՛ապրէին Իրաքին մէջ այսօր մնացած են միայն 250 հազարը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս այցելութեան իւրաքանչիւր քայլ խորհրդանշական է եւ ունի իր արժէքը, որովհետեւ մարդիկը կը քաջալերէ ըլլալու միացած եւ միասին կերտելու խաղաղութիւնը». Այսպէս արտայայտուեցաւ  «thenationalnews.com» կայքին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Գերապայծառ Պասել Եալտօ՝ Պաղտատի օգնական եպիսկոպոս եւ Իրաքի եկեղեցւոյ կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 5 -8 Մարտին Իրաք կատարելիք ճամբորդութեան ընդհանուր համադրողը։

Եալտօ եպիսկոպոսը կը մաղթէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը օգնէ երկրին՝ ըլլալու բաց մտայնութեամբ երկիր մը ու մասնաւորապէս «երիտասարդները կարողանան ուրախութեամբ յանձնառու ըլլալ իրենց ապագային համար, յաջորդ սերունդին ապագայ մը երաշխաւորելու նպատակով»։

Քրիստոնեաներուն արտագաղթը

1.5 միլիոն քրիստոնեաներէն որոնք 2003-ի պատերազմէն առաջ կ՛ապրէին  Իրաքին մէջ այսօր մնացած են միայն 250 հազարը։ Անոնցմէ շատեր պատերազմի պատճառաւ հեռացան Երկրէն եւ 2014էն ետք այդպէս կոչուած Իսլամական Պետութիւններու յարձակումները աւելիով սրացուցին այս իրականութիւնը, յատկապէս քրիստոնեայ փոքրամաս համայնքներուն դէմ գործուած յարձակումներուն համար, որոնք ստիպեցին զանոնք փախուստի ճամբուն դիմել,  փրկելու համար իրենց կեանքերը։

Քրիստոնեայ համայնքներու բազմազանութիւնը

Իրաքի մէջ գոյութիւն ունին արեւելածէս տարբեր եկեղեցիներ ըլլայ կաթողիկէ ըլլայ օրթոտոքս. Կաթողիկէ Եկեղեցին կը յուսայ, որ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը քաջալերանք հանդիսանայ Իրաքի քրիստոնեաներուն համար, որպէսզի հայրենիք վերադառնան։

 «Այցը պիտի աւելցնէ քրիստոնեաներուն տեսանելիութիւնը, անոնց ներկայութեան տալով մեծ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ու նաեւ նշանակութիւն տալով անոնց պատմութեան հոլովոյթին կրած չարչարանքներուն» հաստատեց ի մէջ այլոց Գերապայծառ Եալտօ։

Չորս կարեւոր քաղաքներու այցը

Իրաք կատարելիք ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ զանազան քաղաքներ, սկսեալ մայրաքաղաք Պաղտատէն, հանգրուաններ կատարելով Էրպիլ, Մոսուլ եւ, երեք միաստուածեան կրօններու Հայր  Աբրահամ նահապետի հայրենիքը Ուր։

Ուր քաղաքը ճամբորդութեան կորիզ

«Այս քաղաքին այցը ճամբորդութեան կորիզն է։ Ան կը ներկայացնէ այս երկրին մէջ ապրողներուս միութեան նշանը։  Աբրահամին տունը տեսնելը պիտի հանդիսանայ միասնութեան մեծ խորհրդանիշ բոլոր կրօններուն համար, որոնք ունին այս ընդհանուր միացնող տարրը», նշեց միշտ գերապայծառ Եալտօ։

Խաղաղութեան իղձը

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը Իրաք նախատեսուած էր անցեալ տարի սակայն ապահովական անվտանգութեան հարցեր եւ Քորոնա ժահրի համաճարակը ստիպեցին յետաձգել զայն։ Գերապայծառ Եալտօ ընդգծեց թէ այդ երկու հարցերը տակաւին կը գոյատեւեն սակայն Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնն է «բոլորին անվտանգութիւնը ապահովելը»։ Անոր մաղթանքն է, որ Քահանայապետին այցը սատարէ «շատ մը տարիներէ տառապանքի մէջ ապրող Իրաքին մէջ խաղաղութեան հաստատումին»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2021, 07:30