Քովիտի դէմ պատուաստը Քովիտի դէմ պատուաստը 

«ՔՈՎԻՏԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է» Արհ. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Եկեղեցին ինքզինք կը դնէ «աշխարհի բուժման ծառայութեան» տակ, որպէսզի սատարէ եւ երաշխաւոր ըլլայ մարդկային ընտանիքը խնամելու, որպէսզի բոլորս միասին կարողանանք կառուցել յետ-ՔՈՎԻՏ-եան աշխարհ մը։

Աշխարհս տարիէ մը աւելի կ’ապրի Քորոնայի ժահրի վախը… հազարաւոր մարդիկ իրենց կեանքը կորսնցուցին, միլիոնաւորներ վարակուեցան այս հիւանդութենէն։ Ամիսէ մը ի վեր բժիշկ-գիտնականները մասնայատուկ պատուաստներ հնարեցին, որպէսզի կարենան միլիոնաւոր անձեր փրկել մահէն։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ես սակայն, այս պատուաստները որոշ վերապահութիւններ կը յարուցանեն շատերուն մօտ, կարծելով թէ իրենց կեանքին վերջին յոյսը կորսնցուցած պիտի ըլլան։ Աշխարհիս մէջ մեծ պայքարներ կը մղուին զգոյշ ըլլալու, որովհետեւ հոգեւոր եւ բարոյական դժուարութիւններ կրնան յարուցուիլ։ Շատեր կը հարցնեն եկեղեցւոյ դիրքը եւ կեցուածքը այս հարցին շուրջ։

Նախ ըսենք որ եկեղեցին միշտ եղած է հիւանդներուն եւ տկարներուն կողքին։

Վերջերս Վատիկանի COVID-19-ի յանձնաժողովի եւ կեանքի քահանայապետական ակադեմիայի համատեղ փաստաթուղթը կ’ըսէր, թէ պատուաստը ընդունիլը բարոյական պատասխանատուութիւն է ո՛չ միայն անհատական առողջութեան, այլեւ հանրային առողջութեան համար։

Վատիկանի այս յանձնախումբը երկար ժամանակ ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք, ի մէջ այլոց իր յորդորները կու տայ քրիստոնեաներուն, ըսելով. «Պատուաստները մշակուեցան որպէս հանրային բարիք եւ պէտք է որ երաշխաւորուին արդար եւ հաւասար կերպով բոլորին, առաջնահերթութիւն տալով անոնց, որոնք աւելիով կարիքը ունին անոնց։

Եկեղեցւոյ ուսուցումները մեզի եւ բոլոր հաւատացեալներուն կարեւոր ուղղութիւններ կրնան տալ, մանաւանդ անոնց, որոնք տարակոյսը կ’ապրին այս պատուաստանիւթերուն նկատմամբ։ Կարգ մը եկեղեցիներու հաւատացեալներ բոլորովին կը մերժեն դեղորայքը գործածել եւ կամ ալ բժշկական քննութիւններուն ենթարկուիլ, ինչպէս բողոքական «Քրիստոսի Եկեղեցւոյ» հետեւորդները, մինչ ուրիշ եկեղեցիներ, ինչպէս «գիտնականներու» եկեղեցիի հետեւորդները, կը մերժեն դեղերը, ըսելով որ հիւանդութիւններուն միակ դեղը աղօթքն է։

Այս բոլոր մերժումներու կեցուածքները կը բխին այն պատուաստներու գիտութիւններէն, որոնք կը խօսին հակա-բարոյական կամ հակա-եկեղեցական ըմբռնումներու մասին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր վերջին քարոզին մէջ կ’ըսէր. «Արդարութիւնը, զօրակցութիւնը ու ներառումը հիմնական չափանիշներ են, որոնց պէտք է հետեւինք՝ դիմագրաւելու համար այս համաշխարհային արտակարգ իրավիճակի մարտահրաւէրները»։

Այս պարագաներուն մէջ, բոլորս պէտք է աշխատինք մարդկութեան զօրակցութեան համար եւ բոլորիս բարիքին համար։ Երբեք չենք կրնար մերժել եկեղեցւոյ ուսուցումները, որ նախ մեր առողջութեամբ կը մտահոգուին, նաեւ կը յուսան որ մարդկութիւնը նուազագոյն կորուստներով հասնի իր առողջութեան վերականգնման եւ հարցերու լուծման։

Երբ մենք պատուաստը կը մերժենք, այն ատեն կարող կ’ըլլանք վնաս ու վտանգ յարուցանելու ուրիշներուն։

Եկեղեցին ինքզինք կը դնէ «աշխարհի բուժման ծառայութեան» տակ, որպէսզի սատարէ եւ երաշխաւոր ըլլայ մարդկային ընտանիքը խնամելու, որպէսզի բոլորս միասին կարողանանք կառուցել յետ-ՔՈՎԻՏ-եան աշխարհ մը։

Արհ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2021, 09:03