Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի 

Հայր Գէորգ Եպիս.Ասատուրեանի սիրտի խօսքը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին տօնին առիթիով։

Նարեկացիին ստեղծագործութիւնները պատմութեան անցած համաշխարհային արժէք մը չեն միայն, այլ իր յարուցած խնդիրներով եւ առաջարկած լուծումներով նաե՛ւ ժամանակակից արժէք մըն են:

Այսօր, Փետրուար 27 նշանաւոր եւ պատմական օր դարձաւ հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար։ Արդարեւ, անցեալ 25 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին որոշումով՝ Սբ. Գրիգոր Նարեկացիի տօնը պաշտօնապէս ընդգրկուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ։ Այսինքն՝ ամէն տարուան 27 Փետրուարին, աշխարհի վրայ գտնուող բոլոր կղերականները պիտի յիշատակեն մեր մեծ սուրբին՝ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը, որ հռչակուած էր Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վարդապետ (Docteur de l’Eglise)։

Ունկնդրէ պատգամը

Մենք՝ հայերս, այսօր մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը միանանք մեր եղբայրական Լատին Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ կղերականներուն, տօնելու համար այս մեծ սուրբին տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Ֆրանչիսկոս Պապին՝ որ միշտ մեզ եւ  Հայ Եկեղեցին կը մեծարէ, ներկայացնելով մեզ որպէս օրինակելի ժողովուրդ մը՝ իր հաւատքով եւ սուրբերով։ 

Արդարեւ, դարեր ամբողջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտամունքի ու սիրոյ առարկան եղաւ միայն հայ ժողովուրդին, մինչդեռ անոր քրիստոսանման վարքը, լայնախոհ, Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտի պատշաճ մտածողութիւնը, հաւատքի ապրումը, համայն մարդկութեան մեղքերուն քաւութեան տառապանքը, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած աղօթքները, բարեպաշտական զգացումները, առանց հատուածականութեան կամ անջատողականութեան հակումներու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ուղղադաւան վարդապետութեան հաւատարմութիւնը, որուն համար հալածուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ, անոր աստուածաբանական եւ հոգեմտաւոր վաստակին ընդհանրականութիւնը` 10-րդ դարուն ապրած այս հայ սուրբը կը դարձնեն արժանի Քրիստոսի բոլո՛ր հաւատացեալներու սիրոյն ու պաշտամունքին:

Տիտղոսին տուչութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կատարելու աշխատանքը

Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերը ամէն ջանք թափեցին որպէսզի Նարեկացիին Եկեեղեցւոյ  Վարդապետի տիտղոսի տուչութիւնը կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, 2015-ի ապրիլի 12-ին, «Սուրբ Պետրոս»-ի տաճարին մէջ մատուցուելիք քահանայապետական սուրբ Պատարագին ընթացքին, ինչ որ առիթ պիտի տար բազմահազար օտարազգի մարդոց ծանօթանալու հայ սուրբին եւ իմանալու Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Եկեղեցւոյ Հա՛յ Վարդապետը կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներու զաւակներուն համար պիտի հանդիսանայ հայ հնադարեան հարուստ մշակոյթին վրայ, մանաւանդ` հոգեւոր մշակոյթին, հայ միջնադարեան գրականութեան, հայկական հոգեւորականութեան վրայ բացուող պատուհան մը:

«Մատեան ողբերգութեան»-ը, որ 95 աղօթքներու ընդմէջէն տեղի ունեցող հոգեխռով, անձկալի ու սրտաբուխ զրոյց մըն է Աստուծոյ հետ` մեղքի, ապաշխարութեան, երկնային գթութեան, հոգեւոր պայքարի, հոգեկան տառապանքի եւ միսթիք կեանքի մասին, համաշխարհային հոգեւոր ժառանգութեան ամէնէն փայլուն ստեղծագործութիւններէն մէկը կը նկատուի:  

50 տարեկանին` Գրիգորի գրած այս հոգեթով երկը` Մատեան Աղօթից-ը  ճանչցուած է Նարեկ անունին տակ եւ Սուրբ Գիրքէն ետք` հայ ժողովուրդի համար ամենասուրբ ու թանգագին գիրքը կը նկատուի։

Նարեկացիին ստեղծագործութիւնները պատմութեան անցած համաշխարհային արժէք մը չեն միայն, այլ իր յարուցած խնդիրներով եւ առաջարկած լուծումներով նաե՛ւ ժամանակակից արժէք մըն են: «Մատեան ողբերգութեան»-ը Սուրբ Հոգիին ներշնչումով գրուած բարեգործ աղօթագիրք մըն է ո՛չ միայն հայ ազգին համար, այլ` բոլո՛ր ազգերուն ու բոլո՛ր հաւատացեալներուն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2021, 08:54