Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի 

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի

50 տարեկանին` Գրիգոր գրեց իր լաւագոյն երկը` Մատեան աղօթից-ը որ ճանչցուած է Նարեկ անունին տակ եւ Սուրբ Գիրքէն ետք` հայ ժողովուրդի համար ամենասուրբ ու թանգագին գիրքն է։

Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու  մատակարարման ժողովի՝  2 փետրուար 2021-ին հրապարակած մէկ հրամանագիրով կը հաստատուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը հրահանգած է վերջին տարիներուն  «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի արժանացող երեք սուրբեր, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը, Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին արձանագրուին Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական օրացույցին մէջ։Այսպէսով որոշում կայացած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը յիշատակել ամէն տարուայ 27 փետրուարին, մինչ Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը՝ 10 Մայիսին եւ Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը 17 սեպտեմբերին։

 

Գրիգոր մեր մեծագոյն խորհրդական եւ սուրբ կրօնաւոր բանաստեղծն է, որ մինչեւ այսօր հայ ազգի պարծանքի առարկայ է համայն ժողովուրդներու առջեւ։ Զաւակն էր Խոսրով Անձեւացիի, որ Անձեւեաց գաւառի եպիսկոպոս օծուեցաւ իր կնոջ մահուընէ ետք։ Գրիգոր ծնած է 951 թուին եւ 5 տարեկանին` մօրը մահուընէ ետք, դրուած է իր եղբայրներուն հետ Նարեկայ վանքը, որու վանահայրն էր իր մեծ քեռին` Անանիա Նարեկացի. Ան իր բոլոր կեանքը անցուցած է Նարեկայ վանքին մէջ։

            Շատ երիտասարդ տարիքին արդէն սրբութեան եւ հանճարի համբաւ հանած էր, այնպէս որ շրջակայքի շատ մը իշխաններ եւ թագաւորն ինքնին իրմէ խրատ եւ լուսաբանութիւն կը խնդրէին կնճռոտ հարցերու համար։ Սակայն ինչպէս միշտ կը պատահի, նախանձոտ մարդիկ զինք ամբաստանեցին եւ չարախօսութիւններ ըրին իր մասին` կաթողիկոսին մօտ, որ պատգամաւորներ ուղարկեց զինք հարցաքննելու համար։ Գրիգոր շատ սիրով ընդունեցաւ զիրենք եւ ճաշ պատրաստեց իրենց համար. Օրն ուրբաթ էր, եւ Գրիգոր աղաւնիներ խորոված էր զիրենք պատուելու համար. Երբ հիւրերը գայթակղեցան եւ առարկեցին թէ օրը ուրբաթ է, Գրիգոր ներողութիւն խնդրեց իր գործած սխալին համար ու դառնալով խորոված աղաւնիներուն` հրամայեց որ անոնք ետ կեանք առնեն ու թռչին. Անոնք իսկոյն թռան եւ դուրս գացին։ Ասոր վրայ` եկողները անդրադարձան թէ իրենց գործը պարզապէս սուրբի մը հետ էր եւ դառնալով կաթողիկոսին մօտ` բարի վկայութիւն տուին Գրիգորի մասին։

            50 տարեկանին` Գրիգոր գրեց իր լաւագոյն երկը` Մատեան աղօթից-ը որ ճանչցուած է Նարեկ անունին տակ եւ Սուրբ Գիրքէն ետք` հայ ժողովուրդի համար ամենասուրբ ու թանգագին գիրքն է։ Մահացաւ 1011-ին 60 տարեկանին, սրբութեան ու գիտութեան մեծ համբաւ թողլով ոչ միայն իր շրջանին, այլ նաեւ բոլոր հայ աշխարհին մէջ։ Թաղուեցաւ Նարեկի վանքը, որ այժմ կը գտնուի թրքական հողամասի վրայ։

            Գալով իր գրութիւններուն ու երկասիրութիւններուն, նշելի են հետեւեալները.

         Ապարանից խաչին պատմութիւնը – Գրիգոր կը պատմէ այն դրուագը ուր կը հաստատուի թէ Բիւզանդիոնի Վասիլ կայսրը կը նուիրէ Հայերուն Սուրբ Խաչի մասունք մը, ինչպէս նաեւ զանազան ուրիշ մասունքներ Յիսուսի գործածած իրերէն։ Մէջը կայ սքանչելի ներբող մը սուրբ Խաչին։

            Գումարք Խմբից -            բառերով սկսող ներբող մը Սուրբ Աստուածածնայ ուղղուած։

         Ճառ ի գովեստ Առաքելոց –Քրիստոսի  առաքեալներու եւ 72 աշակերտներու վրայ։

         Գովեստ ի Սուրբն Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ – Որովհետեւ համանուն սուրբին մասունքները մեծարուած էին Վասպուրականի շրջանին մէջ։

         Երգ Երգոցի մեկնութիւն – Իր առաջին գործերէն մին է եւ Գլուխ Գործոց մըն է իր տեսակին մէջ, որ կրնայ մրցիլ յոյն Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու մեկնութիւններուն հետ. Գրիգոր զայն գրած է 26 տարեկանին, երբ նոր քահանայ ձեռնադրուած էր։

            Մատեան Աղօթից կամ Նարեկ – Նարեկացիի ամենահռչակաւոր գրութիւնն է ուր ան երեւան կու գայ որպէս հասուն կրօնաւոր մը եւ հոգեւոր ներշնչումով լի բանաստեղծ մը։ 95 գլուխի բաժնուած են այս աղօթքները, որոնք ընդհանրապէս միշտ կը սկսին հետեւեալ բառերով. Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ։ Ան հմուտ է Սուրբ Գրքի ամէն մէկ խօսքին ու դրուագին ու քաջատեղեակ աստուածաբանական ամէնէն մութ եւ խորհրդաւոր բոլոր բացատրութիւններուն. Ասով կը գերազանցէ ան շատ մը հայ եւ օտար սուրբ հայրեր եւ կը դասուի հայ մատենագրութեան ոսկեմատեանին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2021, 08:08