Զմիւռնիոյ նոր Արքեպիսկոպոս՝ Հայր Մարդին Քմեթեքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։ Զմիւռնիոյ նոր Արքեպիսկոպոս՝ Հայր Մարդին Քմեթեքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։  

Զմիւռնիոյ նոր Արքեպիսկոպոս՝ Հայր Մարդին Քմեթեքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։

Հայր Մարդին ֆրանսիսկեան վանական հայրերու միաբանութենէն է, ծնած է Սլովենիա 1956-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1983-ին։ 2011-էն ի վեր կը բնակի Պոլիս, յատկապէս Պիւյիւքտէրէյի Ֆրանչիսկեան տան մէջ։

Զմիւռնիա, կամ Իզմիր, Էգեական ծովու ափերուն վրայ գտնուող Թուրքիոյ արեւելեան կողմի ամենահին քաղաքներէն մէկն է եւ այսօր Թուրքիոյ երկրորդ ամենամեծ քաղաքն է։

Նոր Կտակարանի Յայտնութեան գիրքին մէջ յիշատակուած որպէս քրիստոնէութեան համար մեծ նշանակութիւն ունեցող քաղաք։ Հոն ապրած ու թաղուած է Յովհաննէս առաքեալը։ Այդ տարածաշրջանին մէջ գրուած է ըստ Յովհաննէսի Աւետարանը։ Պողիկարպոս Զմիւռնիացի որ ապրած է առաջին եւ երկրորդ դարերու միջեւ, եւ աշակերտած է Յովհաննէս Առաքեալի, եղած է այս քաղաքին առաջին սուրբ եպիսկոպոսը։ Իսկ սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի երկրորդ դարուն սկիզբը, յատուկ նամակներ գրած է Զմիւռնիոյ քրիստոնէութեան։ Զմիւռնիայէն ոչ շատ հեռու, Եփեսոս քաղաքի մօտերը կը գտնուի Աստուածածնայ տունը, որ նշանաւոր ուխտավայր մըն է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Հոն է նաեւ Յովհաննէս Աւետարանիչի գերեզմանը։

Իններորդ դարուն, այս քաղաքը կը դառնայ Արքեպիսկոպոսութիւն, տարածելով իր հովուական առաքելութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ։ Սակայն պէտք է սպասել մինչեւ 1346 երբ եկեղեցական կանոններու համաձայն կը դարձայ Արքեպիսկոպոսական Աթոռ եւ Առաքելական Փոխանորդութիւն, Սրբազան Քահանայապետը եւ Սուրբ Աթոռը ներկայացնող։ Քաղաքական քաղաքացիական եւ ընկերային զանազան վերիվայրումներէն ետք, ուր այս Առաջնորդութիւնը կը տկարանայ, 1818-ին Դարձեալ Արքեպիսկոպոս կ՚անուանուի Լուիճի Մարիա Քարտելլի։ Անոր կը յաջորդեն մօտ 16 եպիսկոպոսներ, մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 2020, երբ Սրբազան Քահանայապետ Փրանկիսկոս Պապը կ՚անուանէ Հայր Մարդին Քմեթեքը,  որպէս նոր Արքեպիսկոպոս Զմիւռնիոյ եւ Առաքելական փոխանորդ։

Հայր Մարդին ֆրանսիսկեան վանական հայրերու միաբանութենէն է, ծնած է Սլովենիա 1956-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1983-ին։ 2011-էն ի վեր կը բնակի Պոլիս, յատկապէս Պիւյիւքտէրէյի Ֆրանչիսկեան տան մէջ։

Զմիւռնիոյ Աթոռին վրայ կը յաջորդէ Լորենցո Փիրեթոյ Արքեպիսկոպոսին։ Այս վերջինը, ժամանակաւոր կերպով ստանձնեց Իսթանպուլի Քահանայապետական Առաքելական Փոխանորդի պաշտօնը, երջանկայիշատակ Ռուբէն եպիսկոպոս Թիէրապլանքայի կանխահաս մահուան հետեւանքով, որ պատահեցաւ համաճարակի պատճառաւ։

Հայր Մարդինի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Փետրուար 2020-ին երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Սանդա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ։ Այս եկեղեցւոյ ճարտարապետական յղացումը կը վերագրուի Էյֆելին, որ Փարիզի աշտարակը կառուցած էր։

Ձեռնադրութիւնը կատարեց Թուրքիոյ Պապական նուիրակը՝ Արքեպիսկոպոս Փօլ Ֆիցբաթրիք Ռասըլ։ Ներկայ էին Յունաց Տիեզերական Սրբազան Բարդուղիմէոս Պատրիարքի ներկայացուցիչ եւ Զմիւռնիոյ առաջնորդ՝ Բարդուղիմէոս Սամարաս, Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Հայոց Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Տէր Տրդատ Աւագ Քհն. Ուզունեան, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Քաղթէացիներու Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Ռամզի Կարմու, Մասկուայի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Արհի. Տէր Նիքոլայ Եպիսկոպոս Տուպինի, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի ներկայացուցիչ՝ Դիւանապետ Գերյարգելի Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Թուրքիոյ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէն Սէյիդ Սուսին, ինչպէս նաեւ Աւետարանական եկեղեցիներու կողմէն եւ քրիստոնէական զանազան հաստատութիւններու եւ ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ։

Համաճարակի պատճառաւ մասնակցութիւնը վերապահուած է ներկայացուցչութեանց եւ շատ քիչ թիւով հաւատացեալներու։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը, որ միշտ կը կատարուի Սուրբ Պատարագի ընթացքին, տեւեց մօտ երկու ժամ։ Ձեռնադրիչ Արքեպիսկոպոս Փօլ իր քարոզին մէջ շեշտեց այսօրուան եպիսկոպոսին առջեւ դրուած մարտահրաւէրները։ Ապա զինք ձեռնադրելէն ետք, օծեց անոր գլուխը սուրբ Միւռոնով եւ տուաւ անոր եպիսկոպոսական մատանին, թագն ու հովուական գաւազանը։ Իսկ արարողութեան աւարտին նորաօծ արքեպիսկոպոսը իր շնորհակալական ջերմ խօսքերը ուղղեց բոլորին։

Այդ օրը կանխող երեք օրերուն ընթացքին, տարիներէ ի վեր չտեսնուած անձրեւ մը Իզմիրի փողոցները ջուրերու մէջ ձգած էր այն աստիճանի որ փոխադրամիջոցները դէպի կարգ մը տեղեր անկարող էին շարժելու։ Տակաւին կ՚անձրեւէր երբ հոգեպարար արարողութեան մասնակիցները գոհունակ սրտով եկեղեցիէն դուրս ելան։

Թղթակից

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2021, 13:47