Յիսուս անապատին մէջ Յիսուս անապատին մէջ 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Չեկայ օրէնքը ջնջելու, այլ՝ կատարելագործելու (Մատթէոս 5, 17-30)

Այսօր եկեղեցին մասնաւոր պարտականութիւններ չի դներ քառասնորդաց շրջանի համար. Ամէն անհատ կրնայ ինքիրեն պարտադրել զոհողութիւններ, սակայն գլխաւոր քայլը աւելի հոգեւոր պէտք է ըլլայ, որպէսզի մեր ապաշխարանքը ազդեցիկ դառնայ թէ մեզի եւ թէ մեր մերձաւորին համար։

Հրէաներու մօտ, ամէն ինչ օրէնքով կը քալէր. անոր գործադրութիւնը այնքան ստիպողական եղած էր իրենց մօտ, որ ժողովուրդին համար անտանելի բեռ մը դարձած էր, եւ ահա Յիսուս, կու գայ այդ օրէնքին մէջ կարգ մը նորութիւններ ներմուծելու։ Ոչ թէ փոխելու այն ինչ որ Աստուծոյ տուած տասը պատուիրանները կը տնօրինէին այլ այն մօտ 600 օրէնքները զոր աւելցուցած էր հրէական Թալմուտը` զանոնք սրբագրելու:

Յիսուս նախ եւ առաջ կ'ըսէ իրենց. Ես չեկայ օրէնքն ու մարգարէները փոխելու այլ կատարելագործելու: Ուստի որքան ալ ծանր ըլլայ օրէնքի բեռը, ան կը մնայ. Ինչ որ կ'աւելցնէ Յիսուս՝ անոր գործադրութեան ձեւն ու մանրամասնութիւններն են։ Զոր օրինակ, եթէ մէկը բարկանայ ընկերոջ, կռուի բռնուի անոր հետ եւ անարգէ զինք, ճիշդ է որ զինք սպաննած չըլլար, սակայն իր ընթացքը համազօր է հինգերորդ պատուիրանի դէմ գործուած մեղքին։ Մարդուն սրտին անմաքուր փափաքը նոյնիսկ, թէեւ գաղտնի,  սակայն մեղանչում մըն է վեցերորդ պատուիրանին դէմ։

Պէտք է ընդունիլ որ Յիսուսի օրէնքները աւելի խիստ են քան Թալմուտի դրած օրէնսդրութիւնը. Որովհետեւ օրէնքը կը դատէ միայն արտաքինէն, արդ Աստուած, որ կը ճանչնայ մարդուն սրտին խորքը, կը դատէ զայն իր մտածումներէն, առաջ որ անոնք գործի անցնին։ Սակայն ինչու՞ այսքան խստութիւն Յիսուսի կողմէ. պարզապէս  որպէսզի մարդը հասցնէ կատարելութեան. Եղէք կատարեալ ձեր երկնաւոր Հօր նման։

Այս օրերուս` երբ պաշտօնական անձնաւորութիւններ կը փորձեն օրէնքը շրջանցել եւ դատաւորները արհամարհել, մենք կը պայքարինք որպէսզի ամէն անհատ, ամէն քաղաքացի հաւասար ըլլայ օրէնքին առջեւ։ Ժամանակին, Ֆրանսայի մէջ, հաց մը գողցող աղքատ մարդ մը, հոս՝ նկատի ունիմ Վիքթոր Հիւկոյի նշանաւոր վէպին հերոս՝ Ժան Վալժանը, դատապարտուեցաւ քսան տարուայ բանտարկութեան, պարզապէս որովհետեւ անօթի էր եւ այդ հացով փորը պիտի կշտացնէր։ Այսօր կարգ մը քաղաքական անձեր միլիոններ կ'իւրացնեն. Անոնք կը նմանին այն փարիսեցուներուն, որոնք օրէնքը խստօրէն գործադրել կու տային խեղճ ժողովուրդին, իսկ իրենք զիրենք զերծ կը նկատէին օրէնքի պարտադրած ստիպողութիւններէն։

Քառասնորդացի շրջանը ժամանակ կու տայ մեզի որ զգաստանանք եւ արթնցնենք մեր խիղճն ու հոգին, որոնք պիտի դատեն ոչ միայն մեր խօսքերն ու գործերը, այլ նոյնիսկ մեր գաղտնի մտածումները։ Այո, պահքը եւ ծոմը օգտակար միջոցներ են հրաւիրելու մեր անձը աւելի մօտէն զբաղելու մեր հոգիի փրկութեամբ, սակայն անոնք էականը չեն կազմեր քրիստոնէական ապաշխարանքին։ Հարկ է որ գիտնանք զսպել մեր չար հակումները, մեր բերնէն ելած խօսքերը եւ մեր ձեռքերէն եկած գործերը, որպէսզի եղբայրական մերձեցում ունենանք մեր շուրջիններուն հետ։

Հարկ է որ համոզուինք նաեւ թէ ինչ որ մակերեսային է եւ արտաքին, կրնայ օգտակար ըլլալ մեր հոգւոյն, սակայն խոր ազդեցութիւն չի գործեր անոր վրայ։ Այսօր եկեղեցին մասնաւոր պարտականութիւններ չի դներ քառասնորդաց շրջանի համար. Ամէն անհատ կրնայ ինքիրեն պարտադրել զոհողութիւններ, սակայն գլխաւոր քայլը աւելի հոգեւոր պէտք է ըլլայ, որպէսզի մեր ապաշխարանքը ազդեցիկ դառնայ թէ մեզի եւ թէ մեր մերձաւորին համար։ Օրինակը կու գայ նոյնինքն Յիսուսէն, որ կրնար խուսափիլ չարչարանքէն ու դաժան մահէն, սակայն ընգրկեց զայն մեծագոյն սիրով եւ զոհողութեամբ, բոլոր մարդոց փրկութեան համար։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2021, 09:26