Տէր, որու՞ն երթանք, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը Տէր, որու՞ն երթանք, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Տէր, որու՞ն երթանք, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը (Յովհաննէս Զ. 59-72)

«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ով որ չուտէ իմ մարմինս եւ չխմէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք չունենար:»
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս կը յայտարարէ եւ կ'ըսէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ով որ չուտէ իմ մարմինս եւ չխմէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք չունենար:» Այդ րոպէին, ոչ իր շուրջը գտնուողները եւ ոչ իսկ իր աշակերտները կրցան հասկնալ իմաստը այս խօսքերուն. Արդեօ՞ք Յիսուս իսկապէս ինչ կ'ուզէր ըսել, ինչպէ՞ս կարելի է ուտել մէկու մը մարմինը եւ խմել անոր արիւնը։ Այդ րոպէին, շատեր, իր հետեւորդներէն, անհանդուրժելի կը գտնեն իր այս խօսքերը եւ կը թողուն զինք ու կը հեռանան իրմէ։

Քրիստոսի հետեւելու համար շատ մը զրկանքներու պէտք է ենթարկուիլ, թողուլ իր ընտանիքը եւ հարստութիւնը, հրաժարիլ ամէն բանէ, խաչը առնել եւ հետեւիլ իրեն։ Իսկ հիմա, ահա ուրիշ նորութիւն մը կը յայտնէ իրենց. պէտք է ուտել իր մարմինը եւ խմել իր արիւնը. Ու՞ր լսուած է այսպիսի արտառոց բան. Իսկ առաքեալները անոնք որ ամէնէն մօտիկը եղած են Յիսուսի, որոնք հաւատացած են իր բոլոր ըսած խօսքերուն, անոնք ի՞նչ կը մտածեն այս վերջին խօսքերուն մասին։

Անշուշտ պահ մը անոնք եւս կը տառակուսին. Յիսուս անոնց աչքերուն մէջ կը կարդայ անստուգութիւնը եւ երկմտութիւնը։ Ամէն ինչ թողած են իրենք, հետեւելու համար իրենց վարդապետին. Եւ սակայն ահա կենսական երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուին. Հաւատա՞լ Քրիստոսի այս անհսկնալի խօսքերուն թէ, միւսներուն նման, լքել զինք ու հեռանալ։ Անմիջական որոշում հարկ է առնել։

Եւ ահա մէջտեղ կը նետուի Սիմոն Պետրոս. Ան կը լուծէ հարցը եւ բոլորին անունով` կը բացագանչէ. «Տէր, մենք որու՞ն կրնանք երթալ, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը։» Ոչ ոք կրնայ ինքիրմէ այսպիսի խօսք մը հնարել, անպայման Սուրբ Հոգին է որ թելադրած է Պետրոսի այս գեղեցիկ սլացքն ու խօսքերը, ինչպէս երբ ըսաւ Յիսուսի թէ ինքն է Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ որդին։ Վստահաբար, Պետրոսի այս խօսքերէն ետք, միւս բոլոր առաքեալներուն ալ աչքերը փայլեցան եւ անոնք լեցուեցան խանդավառութեամբ. Գտած էին լուծումը եւ ազատած էին երկընտրանքի յառաջ բերած տառակոյսէն։

Այսօր մենք կը հասկնանք որոշ չափով Յիսուսի այս խօսքերը, որովհետեւ, մինչ այդ ան իր մահուան նախօրեակին` աշակերտներուն տուաւ բաղարջ հացը եւ գինին, ըսելով. «Առէք կերէք, այս է իմ մարմինս եւ խմեցէք ասկէ, այս է իմ արիւնս։» Այն ատեն միայն անոնք կրցան հասկնալ այդ խորհրդաւոր խօսքերը զոր ըսած էր Յիսուս Կափառնաումի ժողովարանին մէջ, հացերու բազմացման հրաշքին յաջորդող օրը։ Հիմա կրնանք ըսել թէ սրբագործուած հացն ու գինին իրապէս կ'ըլլան Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, եւ անոնց ճաշակումով է որ մենք կը ժառանգենք յաւիտենական կեանքը։

Սակայն հարց տանք մենք մեզի։ Կը հաւատա՞նք Յիսուսի խօսքերուն հաստատ կերպով, թէ մեր սրտին մէջ կը շրջին տակաւին մութ կէտեր եւ տառակոյսներ։ Հաւատքով կը ճաշակե՞նք ամէն կիրակի այն հացէն որ մեր հոգւոյ սնունդն է, եւ որ կ՛երաշխաւորէ մեր անձերուն յաւիտենական կեանքը։

Սիրելի հաւատացեալ, Յիսուսի խօսքերը ճշմարտութիւն են եւ կը պարունակեն յաւիտենականութիւն. Պետրոսի նման` առանց տառակուսելու, նետուինք դէպի մեր Տէրը եւ ըսենք. Տէր ուրիշ որուն կրնանք երթալ բացի քեզմէ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2021, 08:29