Ռատիօ Վատիկանի առաջին սփռումները Ռատիօ Վատիկանի առաջին սփռումները

Գերապայծառ Մինասեանի եւ Դեսպան Նազարեանի շնորհաւորութիւնները Ռատիովատիկանի 90 ամեակին առթիւ։

Ռատիօ Վատիկանը անհրաժեշտ գործիք տարածելու համար խաղաղութեան տիեզերական պատգամ մը եւ կապի մէջ դնելու հարիւր միլիոնաւոր անձեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռատիովատիկանի հիմնադրութեան 90 ամեակին առթիւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէնութիւնը ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորագիրեր ու բարեմաղթական նամակներ, որոնց շարքին էին նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ վսեմաշուք տիար Կարեն Նազարեանի շնորհաւորութիւնները եւ Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի շնորհաւորագիրը։

Դեսպան Կարեն Նազարեանի շնորհաւորութիւնները

Շնորհաւորելով Ռատիօ Վատիկանի 90 ամեակը՝ որպէս «անհրաժեշտ գործիք տարածելու համար խաղաղութեան տիեզերական պատգամ մը եւ կապի մէջ դնելու հարիւր միլիոնաւոր անձեր», Դեսպան Նազարեան ընդգծած է նաեւ, թէ «այս դժուար ժամանակներուն, որոնք մեզ կը ստիպեն դիմագրաւել բազմաթիւ տագնապներ, մարդոց, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը խթանելը, հիմնական նպատակ մըն է, զոր Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքը յառաջ կը տանի ձեռնհաս ու վճռական կերպով։

Դեսպան Նազարեան ուրախութիւն յայտնած է նաեւ, որ Ռատիօ Վատիկանը իր հաղորդակցութեան միջոցները պիտի հարստացնէ «web-radio»ի ծրագիրի նոր սփռումներով, որոնց շարքին է նաեւ հայկական բաժինը, «որով, կը գրէ Դեսպան Նազարեանը, պիտի շարունակուի 1966-ին երջանկայիշատակ Կարդինալ Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի ջանքերով սկիզբ առած հայերէն լեզուով հաղորդումներու աւանդութիւնը»։

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի բարեմաղթանքները

Իր կարգին   Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, շնորհաւորութիւններ փոխանցեց  յանուն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի անձնակազմի  բոլոր անդամներուն ու յատկապէս «Ռատիօ Վատիկանի մարդոց ու կիներուն, որոնք Վատիկանի Ձայնասփիւռը դարձուցին աշխարհի մէջ հեղինակաւոր ճշմարտութեան ձայն մը»։

Գերապայծառ Մինասեան ուրախութիւն յայտնեց, թէ ինչպէս գրեթէ մէկ դար առաջ սկիզբ առած աշխատանքը կը շարունակուի ապագայի հեռանկարով եւ «web-radio»ի ստեղծումով, «որուն ծիրէն ներս, կը գրէ Ան, հայկական բաժանմունքը, որուն մաս կազմեցի անոր մեկնարկի սկզբնական շրջանին,  կը շարունակէ իր արժէքաւոր ներդրումը ունենալ աշխարհի մէջ Աւետարանի պատգամը տարածելու եւ հանդիսանալու կամուրջ տիեզերական եկեղեցւոյ եւ համայն աշխարհի մէջ տարածուած հայկական եկեղեցիներու միջեւ»։

Գերապայծառ Մինասեան նամակը կ՛աւարտէ բոլորին վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու Աստուածային շնորհքները, որպէսզի կարենան յարատեւել Աստուծոյ Խօսքը սերմանելու իրենց առաքելութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2021, 08:33