«Սէ'րն է նոր աշխարհն արարողը». «Սէ'րն է նոր աշխարհն արարողը».  

«Սէ'րն է նոր աշխարհն արարողը». Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի քառասնորդացի մտորումներէն։

Ամէն տարի, Քառասնորդաց Մեծ Պահքը մեզի կը յիշեցնէ, որ Յիսուս լիուլի կը կատարէ իր խոստումները. « զի Աստուած ընդ մեզ է » (Շարական), «բոլոր օրերուն մինչեւ աշխարհի կատարածը» (Մատթէոս 28, 20): Ան ներկայ պիտի ըլլայ մեր մէջ, մեզի փոխանցելու երկինքի Արքայութեան բարիքները. խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը, սէրրը, բայց նաեւ՝ աշխատակցելու մեզի հետ այդ Արքայութեան տարածումին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ո՞վ չ'երազեր աւելի լաւ աշխարհի մը մէջ ապրիլ:

Աւելի լաւ մերինէն, որ այ՜նքան ծանրօրէն վիրաւորուած է ոմանց ծով հարստութիւններէն եւ ուրիշներուն յետին չքաւորութենէն, որ այ՜նքան խոցուած է ատելութիւններով, բռնութիւններով, սուտերով, մահափորձերով, խափանարարութիւններով եւ անվերջ պատերազմներով. իսկ տարիէ մը ի վեր՝ «Քորոնա» ժահրի մահասփիւռ համաճարակով...

Աւելի լաւ աշխարհ մը ըսելով՝ կը հասկնանք. աշխարհ մը աւելի մարդկային, աւելի արդարադատ, աւելի գթասիրտ եւ աւելի առողջ: Աշխարհ մը, որուն մէջ առաւել ծաղկէին յարգանքը, իրարօգնութիւնը, զօրակցութիւնն ու եղբայրութիւնը:

Միթէ՞ պիտի տեսնենք այդ «աւելի լաւ աշխարհը»: Միթէ՞ պիտի ապրինք այդ «աւելի լաւ աշխարհի» օրերը:

«Ո'չ» կ'ըսեն շատերը, որոնց կարծիքով «աւելի լաւ աշխարհի մը» իրականութիւնը երազ է, ցնորք եւ անիրականալի: Սակայն, Աստուծոյ անունով պատգամաբեր Եսայի մարգարէին համաձայն, օրը պիտի գայ երբ՝ «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի, եւ ինձը ուլին քով պիտի պառկի: Հորթը, առիւծի կորիւնն ու պարարտ զուարակը միասին պիտի արածեն...Կովը արջին հետը պիտի արածի...առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ, ծծկերը քարբին բոյնին վրայ պիտի խաղայ » (Եսայի 11, 6-7):

Այժմէականացնելով մարգարէին խօսքը՝ ըսենք. Օր մը, հարուստներն ու աղքատները նոյն սեղանին շուրջ պիտի նստին եւ նոյն կերակուրէն պիտի ուտեն: Ամէն ցեղի, լեզուի եւ մորթի գոյնի այրեր ու կիներ իրարու պիտի մօտենան, իրարու ձեռք պիտի կարկառեն, իրարու հետ սրտբաց պիտի զրուցեն...:

Օր մը, կեղեքիչներն ու կեղեքուածները, շահագործողներն ու շահագործուածները իրարու պիտի հանդիպին, միասին պիտի գործակցին եւ հասարակաց բարիքին առնչուող ծրագիրներ պիտի մշակեն...:

Օր մը, այո', կեանքի ասպարէզներուն մէջ յառաջանալու պատեհութիւնները հաւասարապէս պիտի ընծայուին բոլորին, ամէն ոք արդարացիօրէն իր իրաւունքին պիտի տիրանայ, եղբայրութիւնն ու իրարօգնութիւնը ամէնուրեք պիտի ծաղկին:

Միթէ՞ վերոնշեալ այժմէականացումը երազ է, ցնորք եւ անիրականալի: Պատասխանը «Ո'չ» է Եսայի մարգարէին համար, որ խօսելով Աստուծոյ անունով՝ կասկած չունէր, թէ Տիրոջ խոստումները պիտի իրականանան (հմմտ. Եսայի 46, 10):

Եթէ Աստուած բաւականանար խոստումներ արտաբերելով, անպայման պիտի կասկածէինք Անոր խօսքերուն ու պատգամներուն վրայ: Ընդհակառակը, Ան չգոհացաւ սին յայտարարութիւններ կատարելով, այլ՝ իրականացուց ինչ որ խոստացաւ եւ հռչակեց: Արդարեւ, Ան աշխարհ ուղարկեց «Յեսսէի բունէն շառաւիղ մը» (Եսայի 11,1), որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ ի գործ դնել Իր խոստումները: Այս շառաւիղը Աստուածաշունչ Հին Կտակարանի մէջ կոչուած է «Մեսիա», իսկ Նոր Կտակարանի մէջ՝ «Յիսուս», որ Աստուծոյ կողմէ առաքուեցաւ բուժելու, ազատելու, նորոգելու եւ փրկելու, ինչպէս նաեւ՝ աւետելու համար, թէ «Երկինքի Արքայութիւնը մօտ է» (Մատթէոս 3, 2):

Յիսուս շատ չապրեցաւ մեր մէջ...

Սակայն, երկրաւոր կեանքին երեսուներեք տարիները՝ Իրեն բաւեցին ցանելու համար Եսայի մարգարէին յայտարարած նոր աշխարհի սերմերը երկրի վրայ:

Սոյն աշխարհը հիմնուած է անանց սիրոյ օրէնքի մը վրայ, զոր Ի'նք նախ ի գործ դրաւ: Այս օրէնքին համաձայն պարտինք ծառայել՝ քան ծառայութիւն ընդունիլ, ներել՝ քան թէ  վրէժ լուծել, մեր կեանքը տալ՝ քան զայն ի գին ամէն ինչի պահել:

Սէ'րն է նոր աշխարհն արարողը, որուն բոլորս կը ձգտինք :

Մեր մէջէն «բարիք սփռելով» Յիսուսի անցքէն ի վեր (Առաքեալներու Գործեր 10, 38), ամէն ինչ չփոխուեցաւ: Արդարեւ, այսօր ալ անպակաս են ատելութիւնները, կռիւները, վրէժխնդրութիւնները, անիրաւութիւնը, յետին չքաւորութիւնը, արհամարհանքը, պատերազմներն ու համաճարակները...

Սակայն, նոր աշխարհը -արդարութեան, խաղաղութեան, ներումի եւ սիրոյ աշխարհը- արդէն իսկ հաստատուած է շնորհիւ աշխատանքին անոնց, որոնք կը հաւատան սիրոյ զօրութեան եւ կը տքնին ատով ապրելու, ամէն ժամանակի եւ բոլոր պարագաներուն մէջ: Ատիկա հաստատուած է շնորհիւ մեր աշխատանքին, եթէ իբրեւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ, հետամտինք Քրիստոսի գործելաոճին յարելու եւ Անոր առաքելութեան գործակցելու:

Ամէն տարի, Քառասնորդաց Մեծ Պահքը մեզի կը յիշեցնէ, որ Յիսուս լիուլի կը կատարէ իր խոստումները. « զի Աստուած ընդ մեզ է » (Շարական), «բոլոր օրերուն մինչեւ աշխարհի կատարածը» (Մատթէոս 28, 20): Ան ներկայ  պիտի ըլլայ մեր մէջ, մեզի փոխանցելու երկինքի Արքայութեան բարիքները. խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը, սէրրը, բայց նաեւ՝ աշխատակցելու մեզի հետ այդ Արքայութեան տարածումին:

Երանի բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքին մէջ գրկաբաց ու անվերապահ կ'ընդունին երկինքի Արքայութիւնը, եւ սրտանց կը յուսան՝ անոր լրիւ յայտնութեան:

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2021, 07:07