Արհի. Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի  Մարմարա օրաթերթին տուած այցելութիւնը Արհի. Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի Մարմարա օրաթերթին տուած այցելութիւնը 

Արհ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի շնորհաւորական նամակը Տիար Ռոպէր Հատտէճեանին

Այսօր, Ձեր ծննդեան տարեդարձին առթիւ, կը նորոգենք մեր գնահատանքը եւ շնորհաւորութիւններու կողքին կը բարձրացնենք մեր աղօթքը առ Տէր, մաղթելով առողջութիւն եւ Ամենաբարին Աստուծմէ խնդրելով առատաձիր շնորհներ: Ձեր հաւատքն ու յոյսը թող լուսաւորէ Ձեր շրջանակն ու մեր Հայ ազգը: Իսկ Ձեր փարումը Արարչին ու մեր տոհմիկ արժէքներուն՝ կը մաղթենք որ դառնայ օրինակ եւ առաջնորդ մեր նոր Սերունդին:

Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան, 29 Յունուար 2021-ին, բարի մաղթանքի եւ շնորհաւորական նամակ մը գրած է Մարմարա օրաթերթի խմբագրապետ՝ Պրն. Ռոպէր Հատտէճեանին, անոր ծննդեան տարեդարձին առիթով: Ստորեւ կու տանք նամակը ամբողջութեամբ:

Նշենք նաեւ որ Արհի. Գերապայծառ Տէրը այցելութիւն մըն ալ տուած է Մարմարա օրաթերթին խմբագրութեան 3 Փետրուարին, եւ անձամբ շնորհաւորած Խմբագրապետ պրն. Ռոպէրը:

 

Իսթանպուլ, 29 Յունուար 2021

Առ յարգարժան Տիար Ռոպէր Հատտէճեան

Խմբագրապետ Մարմարա օրաթերթի

Սիրելի Պրն. Ռոպէր,

Մարդուս կեանքի օրերը աստուածային այնպիսի հրաշալի կշռոյթ մը ունին, որ անոնց ո՛չ արագ, ոչ ալ դանդաղ ընթացքի մասին կարելի է խօսիլ: Անոնք պարզապէս կ'ընթանան Արարչին փչած առաջին շունչին կշռոյթով եւ կը հաւատամ թէ ամէն կեանք որ կը ծնի, Հոգիին մասնակից դառնալու կոչումով է որ լոյս աշխարհ կու գայ. ոմանք՝ կարճատեւ, ոմանք ալ երկար ժամանակներու համար:

Համոզուած ենք որ կեանքի օրերը արժէք ունին, երբ ծառայած են մարդկային հասարակութեան՝ աշխատասիրութեամբ եւ նուիրումով եւ այն համադաշն կշռոյթով, որ նոյնպէս Աստուծոյ մէկ պարգեւն է:

Իսկ կեանքի կշռոյթը, երբ մարդուն մտքի եւ հոգիին ներոյժով կ'առաջնորդուի, ու երբ իմացականութիւնն ու աշխատասիրութիւնը այդ կշռոյթը կ'ողջագուրեն, այդ կեանքը՝ ինչպէս է Ձերը, կու տայ պտուղ, բազում արգասիք, որ մերօրեայ եւ գալիք սերունդներու մթերանոցին մէջ կը մնայ միշտ թարմ, որպէս լուսաջամբ սնունդ:

Ի վկայութիւն մեր այս համոզումներուն, որպէս Հովիւ եւ որպէս Համայնք մեր գնահատանքը Ձեր անձին եւ գործին հանդէպ յայտնած ենք՝ պարգեւատրելով Ձեզ հանդիսաւոր կերպով «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով:

Այսօր, Ձեր ծննդեան տարեդարձին առթիւ, կը նորոգենք մեր գնահատանքը եւ շնորհաւորութիւններու կողքին կը բարձրացնենք մեր աղօթքը առ Տէր, մաղթելով առողջութիւն եւ Ամենաբարին Աստուծմէ խնդրելով առատաձիր շնորհներ: Ձեր հաւատքն ու յոյսը թող լուսաւորէ Ձեր շրջանակն ու մեր Հայ ազգը: Իսկ Ձեր փարումը Արարչին ու մեր տոհմիկ արժէքներուն՝ կը մաղթենք որ դառնայ օրինակ եւ առաջնորդ մեր նոր Սերունդին:

Մնամ սիրով, աղօթքով եւ օրհնութեամբ ի Տէր՝

+ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան

Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Քահանայապետական Պատուիրակ Մխիթարեան Միաբանութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2021, 13:26