խաչեալ Քրիստոսը խաչեալ Քրիստոսը 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Երկրորդ Շաբաթ Քառասնորդաց (21-28 Փետրուար 2021)

Մովսէս ինք իրմէ չի դրաւ օրէնքները, այլ Աստուծոյ ներշնչումով շարադրեց զանոնք. Սակայն զգուշանալու է օրէնքները տառացի կերպով գործադրելէ առանց նկատի առնելու օրէնքի հոգին, որ կը կայանայ Քրիստոսի աշխարհ բերած նորութեան մէջ. Սիրել ընկերը իր անձին պէս։
Ունկնդրէ լուրը

​Քառասնորդաց երկրորդ շաբաթը որակուած է որպէս յիշատակը Ադամ եւ Եւայի արտաքսումին երկրաւոր դրախտէն։ Արդէն վարագոյրը որ կը քաշուի խորանին առջեւ կը խորհրդանշէ թէ մարդիկ, նման իրենց նախահօր` Ադամի, դուրս կը մնան Տիրոջ բնակութենէն եւ արժանի չեն ըլլար զինք տեսնելու յայտնապէս, մինչեւ որ քաւեն իրենց մեղքերը 40 օրերու ընթացքին եւ ապաշխարանքով արդարացած` արժանի ըլլան վերստին տեսութեան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ պատրաստ է միշտ ընդունելու մեղաւորը եւ անոր շնորհելու նոր կեանք` խորհուրդներու միջոցաւ։

​Կիրակի օր` լսեցինք Յիսուսի խօսքերը օրէնքի մասին։ Ինք չեկաւ ջնջելու հաստատուած օրէնքը, այլ զայն կատարելագործելու։ Մովսէս ինք իրմէ չի դրաւ օրէնքները, այլ Աստուծոյ ներշնչումով շարադրեց զանոնք. Սակայն զգուշանալու է օրէնքները տառացի կերպով գործադրելէ առանց նկատի առնելու օրէնքի հոգին, որ կը կայանայ Քրիստոսի աշխարհ բերած նորութեան մէջ. Սիրել ընկերը իր անձին պէս։

Շաբաթ 27  Փետրուարին`  տօնն է Կիւրեղի Երուսաղէմի հայրապետին. Ան ծնած է Երուսաղէմ 315 թուին, եւ քահանայ ձեռնադրուած` 345-ին։

Հինգ տարի ետք` 350 թուականին կ՛ընտրուի Երուսաղէմի պատրիարք։ Կը պայքարի գլխաւորաբար արիոսականներուն դէմ, ինչպէս նաեւ կը հակառակի Յուլիանոս ուրացող կայսեր, որ զինք աքսորել կու տայ։ Կը տօնուի նաեւ միւս Կիւրեղը որ հրեայ մըն էր եւ որ կատարեց խաչին գիւտը Հեղինէ թագուհիին ժամանակ։ Ինք եւ մայրը` Աննա քրիստոնեայ դարձան ու Յուլիանոսի ժամանակ չարաչար կերպով նահատակուեցան։

Կիրակի 28  Փետրուարը, Քառասնորդաց Գ. Կիրակին`  Անառակին Կիրակի է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2021, 07:38