Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԼԷ)։

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ճաշու երեք ժամերգութեանց:

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ճաշու երեք ժամերգութեանց:

Ճաշու ժամերգութին, Երրորդ ժամու աղօթքը կամ առաջին ողորմեան:

Հայ Եկեղեցւոյ ժամակարգութեան համաձայն՝ օրուան Երրորդ, Վեցերորդ և Իններորդ ժամերուն կատարուած ժամերգութիւնները կը կոչուին Ճաշու ժամերգութիւն: Դ. դարուն, Եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներէն՝ Ս. Աթանաս իր ճառին մէջ կ'ըսէ «պարտիս աղօթել, երրորդ ժամուն, քանզի զայս ժամ հանդերձեցաւ փայտ խաչին: Ի Վեցերորդին, զի Որդին Աստուծոյ բարձրացաւ ի խաչ: Յիններորդին, անդրէն պարտիս աղօթել, զի յայդմ ժամու աւանդեաց Տէր զհոգի իւր ի խաչին: Եւ ի գալ Երկոտասաներորդ ժամուն, յորում Տէրն էջ ի դժոխս»: Հին ատեն անապատներու մէջ իւրաքանչիւր ժամու աղօթքը առանձին կ'ըսուէր, ինչպէս կը պարզուի Ս. Ներսէս Շնորհալիի ժամատեղեաց խրատէն։

415-17 թուականին, Երրորդ ժամու խորհուրդին կը միանայ՝ Ս. Հոգիին էջքը Առաքեալներուն վրայ. Վեցերորդին՝ Յիսուսի զենումը խաչին վրայ, և հեթանոսներու կոչումը ըստ Պետրոս Առաքեալի տեսիլքին. և Իններորդին՝ Յիսուսի էջքը դժոխք և արդար նախահարց ազատումը:

Երրորդ ժամուն աղօթքը կամ առաջին ողորմեան ուղղուած է Ս. Հոգիին, որովհետեւ երբ Պենտեկոստէի օրերը լրացան Ս. Հոգին երրորդ ժամուն իջաւ Վերնատուն, առաքեալներուն վրայ: Արդարեւ, այս ժամերգութիւնը ապաշխարութեան խոր իմաստ կը բովանդակէ: Աստուածաշունչի վկայութեանց և մեր Հայրերու վարդապետութեանց համաձայն՝ Տէրը այդ ժամուն ստեղծեց Ադամը և Ս. Հոգիի շնորհքը պարգեւեց անոր. այդ ժամուն նախամայր Եւան օձէն խաբուեցաւ և Հոգիի շնորհքէն զրկուեցաւ, և ի վերջոյ՝ նոյն ժամուն եւս Տէրը խաչուեցաւ և աւազակին խոստացաւ դրախտ տանիլ: Օձնեցին և Սիւնեցին նոյնպէս, Ճաշու ժամերգութեան Երրորդ ժամու աղօթքին իբրեւ բացատրութիւն կը մատնանշեն նոյն ժամուն Քրիստոսի խաչուիլը: Այդ ժամուն եւս Ս. Հոգին առաքեալներուն յայտնուեցաւ, բազմատեսակ շնորհքներով զարդարելով զանոնք և իրենց միջոցաւ՝ մեզի  հաւատացեալներուս: Մեծ քարոզն ու աղօթքը Յովհան Մանդակունիի հեղինակութիւնն են: Ճաշու Երրորդ ժամու աղօթքը կամ առաջին ողորմեան կը կատարուի ամէն օր կէսօրուայ միջեւ՝ ժամը իննին: Վերոյիշեալ ժամերը Հռոմէական տոմարի արեգակնային ժամերն էին, որոնք կը պատշաճին մեր այսօրուան 9, 12, և կէսօրէ ետք ժամը երեքին:

 

Վեցերորդ ժամու աղօթք կամ երկրորդ ողորմեա

Ճաշու ժամերգութեան Վեցերորդ ժամու աղօթքը ուղղուած է Հօր Աստուծոյ, որմէ կը խնդրենք օգնութիւն մեր մարդկային տկար բնութեան՝ սատանային դէմ պայքարելու համար: Ճաշու Վեցերորդ ժամերգութիւնը կը կատարուի կէսօրուայ ժամը 12.00-ին: Միեւնոյն ժամանակ Վեցերորդ ժամու աղօթքը կը կատարուի նաեւ ի դէմս Աստուծոյ Որդիին, ի խորհուրդ չարչարանաց և խաչելութեան: Աւանդութեան համաձայն՝ Յիսուս խաչին վրայ վեցերորդ ժամուն ըմպեց քացախը: Այդ ժամուն է որ նախաստեղծ Ադամը արգիլուած պտուղը ճաշակեց. նոյն ժամուն՝ Քրիստոս փոխանակ պտուղին՝ լեղիով խառնուած քացախը ըմպեց և պտուղին դառնութիւնը քաղրացուց, ինչպէս քարոզն ու աղօթքը կը յիշեցնեն: Մեծ քարոզն ու աղօթքը Յովհան Մանդակունիի հեղինակութիւնն են: Անցեալին այս ժամերգութիւնը կը կատարուէր ամէն օր միջօրէին:

 

Իններորդ ժամու աղօթք կամ երրորդ ողորմեա

Ճաշու ժամերգութեան Իններորդ ժամու աղօթքը ուղղուած է Աստուածորդիին, որովհետեւ այդ ժամուն նախահայրը արտաքսուեցաւ դրախտէն և նոյն ժամուն՝ Քրիստոս աւանդեց հոգին Հօր Աստուծոյ ձեռքը եւ Ադամին ազատեց դժոխքէն: Այս ժամը հին և նոր Ադամի խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ, և անոնց առ ի յիշատակ կարգաւորուած է: Եկեղեցւոյ վարդապետները մարդկային ցեղին փրկութեան ժամը կը համեմատեն նախահօր մեղանչումի ժամին հետ, թէ՝ Հին Կտակարանի համաձայն, երբ նախահայրը դրախտէն արտաքսուեցաւ, նոյն ժամուն Նոր Կտակարանի համաձայն՝ Քրիստոս խաչին վրայ աղաղակելով աւանդեց իր հոգին, Ադամը դժոխքէն ազատեց, ինչպէս քարոզն ու աղօթքը ցոյց կու տան. այդ պատճառով հետեւեալ մաղթանքը կը կցենք. «Հոգւոցն հանգուցելոց Քրիստոս Աստուած արա հանգիստ և ողորմութիւն»: Ինչպէս ըսինք ան նուիրուած է Որդի Աստուծոյ եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մահն ու մարդկութեան ազատումը մահուան իշխանութենէն: Մեծ քարոզն ու աղօթքը նոյնպէս Յովհան Մանդակունիի հեղինակութիւնն են: Այս ժամերգութիւնը եւս նախորդներուն պէս կը կատարուէր ամէն օր, կ.ե. ժամը երեքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2021, 07:40