Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի օր։ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի օր։ 

8 փետրուարին, մարդավաճառութեան դէմ միջազգային աղօթքի ու խոկումի օրն է։

Աղօթքի ձեռնակներու շարքին արժանի է նշել թէ «Թալիթա Քում» միջազգային կազմակերպութիւնը 8 փետրուարին կազմակերպած է աղօթքի մրցում, որ տեղի պիտի առցանց եւ ուղիղ պիտի սփռուի  առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ յետմիջօրէին ժամը 5։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 8 փետրուարին, մարդավաճառութեան դէմ միջազգային աղօթքի օրն է, հիմնուած 2015ի, գաղթականներու եւ փախստականներու հովուական ծառայութեան, եւ խաղաղութեան, արդարութեան քահանայապետական խորհուրդներուն կողմէ ինչպէս նաեւ միջազգային տղամարդկանց եւ կանանց գերագոյն միութիւններուն կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի միջազգային օրը հիմնուած է համապատասխանելու համար ֆրանչիսկոս Պապի կոչին, որ է  պայքարիլ մարդավաճառութեան երեւոյթի դէմ եւ խնամք տանիլ զոհերուն։

Մարդավաճառութեան դէմ միջազգային աղօթքի օրը տեղի կ՝ունենայ 8 փետրուարին, որովհետեւ այդ թուականին կը նշուի ծիսական տօնը սրբուհի Ճուսեփինննա ՊՊախիթայի, որ եղած է Սուտանցի գերի մը, որ ազատ արձակուելէ  ետք  դարձած է կրօնաւորուհի, ապա սրբադասուած 2000 թուականին։

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի միջազգային օրուան առթիւ համայն աշխարհի եկեղեցիներէ ներս կը կատարուի աղօթքի եւ խոկումի օր մտածելու եւ պայքարելու համար այր ախտին դէմ։

Ձեռնակներու շարքին են արժանի է նշել թէ «Թալիթա Քում»  միջազգային կազմակերպութիւնը 8 փետրուարին կազմակերպած է աղօթքի մրցում որ տեղի պիտի առցանց եւ ուղիղ պիտի սփռուի  առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ յետմիջօրէն ժամը 5։

Աղօթքի մրցում ձեռնարկին կարելի է հետեւիլ հետեւեալ կայքէն։ www.youtube.com/c/preghieracontrotratta։ «Թալիլա Քումը», միջազգային ցանց մը է որ կը պայքարի մարդավաճառութեան դէմ։ Նշեալ կազմակերպութեան այս տարուան աղօթքի մրցումի նիւթն է «տնտեսութիւն առանց մարդավաճառութեան։

7-րդ հրատարակութեան ուշադրութեանն կեդրոն է մարդավաճառութեան հիմնական պատճառներէն մէկը՝ գերիշխող տնտեսական տիպարը,,որուն սահմաններն ու հակասութիւնները սրուած են քովիտ 19 համաճարակի պատճառով։

Ձեռնարկին նշանաբանը գծած է Tim Schmalz արուեստագէտը, եւ ունի որպէս պաշտօնական աշդակ   #PrayAgainstTrafficking։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2021, 11:03