Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ եւ «Լոյս TV»ի գործակցութեամբ, Հինգշաբթի 11 Փետրուար 2021-ին երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը:

Վատիկան Նիուզ

Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական օրացոյցին եւ աւանդութեան համաձայն, հինգերորդ դարէն ի վեր, մեծ կարեւորութիւն ստացած են Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց յիշատակութիւնը: Այս տօները միշտ հոգեւոր բարի կեանքի աղբիւր եղած են մանաւանդ այս սուրբերուն՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ, Սուրբ Գիրքին եւ Սուրբ Հաղորդութեան տուած կարեւորութեան համար:

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ եւ «Լոյս TV»ի գործակցութեամբ, Հինգշաբթի 11 Փետրուար 2021-ին երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը:

Յայտագրի Ա. մասին մէջ ժամը 19:30-ին երեկոյեան ժամերգութիւն կատարուեցաւ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի կողմէ մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Հայկ Արամ Չէքիճի, կիսասարկաւագ Ժան Աճէմօղլուի, դպիր Ճան Եոնդանի եւ Լեւոն Եունքէսի, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, դպրապետ՝ Զաւէն Ակայի խմբավարութեամբ: Երեկոյեան ժամերգութենէ ետք դպրաց դասը ներկայացուց շարք մը շարականներ: Անոնք երգեցին Վարդանանց տօնին յատուկ շարականը՝ «Նորահրաշ», «Դու ես Քահանայ Յաւիտեան», «Ի Գիրկս Առեալ» Տեառնընդառաջի նուիրուած շարականը եւ «Բան Որ Ընդ Հօր» Բուն  Բարեկենդանի օրհնութիւնը:

Յայտագրին Բ. մասով ներկայացուեցաւ հետեւեալ երգերը՝ «Ով դու բարեկամ», խօսք՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի, եղանակ՝ Մակար Եկմալեանի, մեներգուհի՝ Տիանա Դավոյեան, դաշնակահարուհի՝ Տիկին Աննա Գէորգեան Ուղուրլեան: Ապա «Գողթնի Քնարք» երգը, խօսք՝ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի, մեներգող՝ Սերճան Կազէրօղլու, դաշնակահարուհի՝ Տիկին Աննա Գէւորգեան Ուղուրլեան:

Այս տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Լռեց» երգով, խօսք՝ Ռաֆայէլ  Պատկանեանի, մեներգող՝ Սերճան Կազէրօղլու, դաշնակահարուհի՝ Տիկին Աննա Գէւորգեան Ուղուրլեան: Արարողութիւնը եւ երգեցողութիւնը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «Լոյս TV»էն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2021, 06:49