Ռատիօ վատիկանի 90 ամեակ։ Հայկական Բաժնի նախկին տնօրէն Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի շնորհաւորագիրը

Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց ՝ «որոնք նուիրուեցան աշխարհին մէջ տարածելու այն ինչ, որ բարի է, գեղեցիկ եւ ճշմարիտ», ժամանակի մը ընթացքին երբ տարածուած են «անբարոյական բարքեր եւ նուաստացուցիչ ապատեղեկատուութիւնը»։

Վատիկան Նիուզ

Ռատիովատիկանի հիմնադրութեան 90 ամեակին  առթիւ, Գերյ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան, Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքի երբեմնի տնօրէնը՝ շնորհաւորագիր մը յղած է Ռատիովատիկանի տնօրէնութեան, որուն մէջ կը շնորահւորէ բոլոր անոնք՝ «որոնք կը նուիրուին արար աշխարհի մէջ սփռելու գեղեցիկը, բարին ե ճշմարիտը, մինչ անդին ողողուած ենք մեղքի տգեղութեամբ, բարքերու ապականութեամբ եւ նուաստացուցիչ ապատեղեկութիւններով»:

Մատնանշելով իր տնօրէնութեան տարիներուն (1982-1990) Գերյարգելի Զապարեանը կը յիշէ Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի առաջին տնօրէնը՝ երջանկայիշատակ Գերապայծառ Ներսէս Եպիսկոպոս  Սեթեանը, ինչպէս նաեւ իր համագործակիցները՝ Տիկ Ռիթա Մելիքեանը, Տիկ Սոնա Նիւրբեթլեանը եւ յիշատակի արժանի այս երկերէն հեռացած Տիար Միշել Ժանժէյը, որոնք աշխատեցան այդ ժամանակուայ ընդհանուր  տնօրէն՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Փասքուալէ Պորկոմէոյի ղեկավարութեան տակ, ամենուրէք հասցնելու համար «Աստուծոյ Խօսքը, Պապին ձայնը, Ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ Քոյր Եկեղեցիներուն պատգամները , ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր Թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն հովուական ու ծիսական կեանքը, այն ժամանակ երբ Հայաստանը տակաւին մին էր Սովետական երկիրներու միութեան»:

Հայր Զապարեանը,  յուզմունքով կը նշէ թէ Ռատիոյի տնօրէնութեան պաշտօնը աւարտելէ եւ 7700 քմ հեռու առաքելութեան մեկնելէ 30 տարիներ ետք , ինք տակաւին կապուած կը մնայ Ռատիօ Վատիկանի ընտանիքին եւ այս մէկին ապացոյցն է, կ՛աւելցնենք մենք,  այժմու խմբագրութեան հետ Գերյարգելի Վարդապետին պահած շարունակական կապը ու անոր նուիրած անգնահատելի օժանդակութիւնը։  

Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժնի երբեմնի  խմբագրական կազմը
Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժնի երբեմնի խմբագրական կազմը

 

Գերյարգելի Գէորգ ծ. Վ. Զապարեանի շՆորհաւորգիրը ամբողջութեամբ։

 

Շնորհաւորանք

(Բնագիրը Ֆրանսերէն է)

Ռատիօ Վատիկանի հիմնադրութեան 90-ամեակի առիթով, եւ 1982-1990  հայկական բաժնի նախկին տնօրէնի իմ հանգամանքովս, պարտք կը համարեմ իմ սրտագն շնորհաւորութիւններս յայտնելու անոր Տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք կը նուիրուին արար աշխարհի մէջ սփռելու գեղեցիկը, բարին ե ճշմարիտը, մինչ անդին ողողուած ենք մեղքի տգեղութեամբ, բարքերու ապականութեամբ եւ նուաստացուցիչ ապատեղեկութիւններով:

Հայկական Բաժնի առաջին պատասխանատու՝ լուսահոգի Ներսէս Եպիսկոպոս Սեթեանի յաջորդելով՝   Իմ գործակիցներուս՝ Ռիթա Մելիքեանի, Միշէլ Ժանժէի եւ Սոնա Նիւրբեթլեանի հետ, աշխատեցայ, Հայր Փասքուալէ Պորկոմէոյի տնօրէնութեան օրով, լսելի ընելու Աստուծոյ Խօսքը, Պապին ձայնը, Ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ Քոյր Եկեղեցիներուն պատգամները , ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր Թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն հովուական ու ծիսական կեանքը, այն ժամանակ երբ Հայաստանը տակաւին մին էր Սովետական երկիրներու միութեան:

Ռատիօ Վատիկանը ձգելուս երեսուն տարի յետոյ, անոր միացած կը մնամ, հակառակ 7700 քիլոմեթրի հեռաւորութեան, ուր կը պաշտօնավարեմ իբրեւ ժողովրդապետ Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին ի Մոնրէալ, Գանատա: Նոյն ատեն կը շարունակեմ պարբերաբար իմ համեստ գործակցութիւնս բերելու՝ խնդրանքով այժմու պատասխանատու՝ Ռոպէր Աթթարեանի:

Լաւագոյն բարեմաղթութիւններովս:

Հայր Գէորգ ծ. Վ. Զապարեան

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2021, 08:22