Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան 

Սուրբ Վարդան՝ առաջին Հայ Նահատակը Հաւատքի եւ Ազգի

Պատմութիւնը վկա՛յ՝ արդարատենչ եւ հալածուած ժողովուրդ ենք մենք՝ հայերս, որովհետեւ միշտ Հաւատքի ճամբէն քալած ենք մինչեւ նահատակութիւն:

«Երանի անոնց որ արդարութեան համար կը հալածուին, որովհետեւ անոնց է երկնքի արդարութիւնը» (Մտթ 5,10):

Պատմութիւնը վկա՛յ՝  արդարատենչ եւ հալածուած ժողովուրդ  ենք մենք՝ հայերս, որովհետեւ միշտ Հաւատքի ճամբէն քալած ենք մինչեւ նահատակութիւն:

Աւետարանի երանութիւններու 10-րդը կը խօսի հալածանքներու մասին: Հայոց պատմութիւնը, առաջին իսկ դարերէն սկսեալ, լեցուն է  Տիրոջ եւ Ազգին համար հալածանքներու դրուագներով, որովհետեւ միշտ պահպանած ու պաշտպանած ենք մեր քրիստոնէական Հաւատքը գիտնալով հանդերձ որ անխնայ պիտի հալածուինք:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Վարդանանք եւ վերջապէս Ապրիլեան Եղեռն՝ Հաւատքին եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան գինը վճարած է Հայ Ազգը, որովհետեւ կառչած մնացած է իր ինքնութեան յատկանիշերուն։ :

Հալածանք մինչեւ նահատակութիւն․ ցաւալի ճշմարտութիւն մըն է, բայց ասոր յանձնառութիւնը աւելի վսեմ է քան երանութիւնները:

 Հալածանքներուն նպատակը եղած է մեզ կամազրկել եւ հեռացնել մեր Հաւատքէն, մեր արմատներէն, ջնջել Տիրոջ պատկերը մեր հոգիներէն։ Ի զուր։ Հնարաւոր չէ եղած ու պիտի չըլլայ, ինչպիսին ալ ըլլան դժուարութիւններն ու հալածանքները,  անջնջելի է այդ պատկերը եւ անոր Խորհուրդը, որովհետեւ Աստուած, որ մեզ ստեղծեց, սիրեց,  մեզմէ խնդրեց որ ըլլանք «նահատա՛կ ժողովուրդ», ինչպէս կ'ըսէր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սուրբը:  Նահատակութեամբ մենք  արժանացանք Աստուծոյ ճշմարիտ ժառանգութեան:

Հինգերորդ դարուն իր գոյութեան իրաւունքին համար գոյամարտի ելած ժողովուրդը իր գերագոյն զոհողութեամբ վկայութիւնը տուաւ իր անխախտ հաւատարմութեան Յիսուսի զոհողութեան խորհուրդին,   Քրիստոսի պատկերը իր մէջ,  արիւնը իր երակներուն մէջ եւ  քաջութիւնը իր սիրտին մէջ:

Մեր օրացոյցի էջերուն վրայ դարձեալ կը յայտնուի մահու եւ կեանքի պատմական եղելութիւն մը, զոր Վարդանանց գոյամարտի տօնակատարութեամբ կը յիշատակենք ամէն տարի եւ կ'ապրինք զայն վերանորոգելով մեր ազգային գիտակցութիւնը:

Դարեր շարունակ, ցայսօր, հայ ժողովուրդի գիտակցութեան եւ հոգիին մէջ դրոշմուած Աւարայրի ճակատամարտին յիշատակը ոգեկոչելու կը հրաւիրուինք ազգովին, ուր որ ալ գտնուինք, սրահներու մէջ, յուշակոթողներու դիմաց կամ մեր եկեղեցիներու խորաններէն:

Տարին օր մը, ինչպէս այսօր, կը մէկտեղուինք նշելու համար 1566 տարիներ առաջ մայիսեան առաւօտ մը պատահած ճակատամարտ մը, որուն առասպելատիպ Հերոսը դարձուցած ենք մեր զաւակներուն պաշտամունքին առարկան: Ասիկա կատարած ենք յաճախ սովորամոլութեամբ, ազգային բնազդով, թելադրուած մեր վաղ մանկութենէն մեր հոգիներուն մէջ դրոշմուած եւ մեր մատղաշ միտքերուն համար դեռ եւս անհասկնալի այն համոզումէն որ Հայոց պատմութեամբ նուիրագործուած Աւարայրի ճակատամարտին կտրիճները գիտակից մահուամբ մահը յաղթահարեցին, Յիսուսին նման: Անոնք մահուամբ յաւերժագիր տուին իրենց ազգին, մահուամբ ամրագրեցին մեր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, ազգային ինքնութիւնը, որով Հայը դարձուցին հոմանիշ քրիստոնեայի, իսկ Քրիստոնէութիւնը պիտակ՝ Հայուն:

Միշտ յիշենք որ Վարդանանք քրիստոնէական առաքինութիւններով լուսաւորուած անձեր էին։ Մնա՛նք եկեղեցասէր, ազգասէր եւ հայրենասէր, ահա ասիկա է Աւարայրի նահատակներուն սրբազան պատգամը, որուն մեր հաւատարմութիւնը վերահաստատելու առիթ է այսօրուան տօնակատարումը։

Աղօթենք համայն Հայութեան, Վարդանանց աշխարհասփիւռ ժառանգորդներուն համար, որպէսզի անոնք  յաղթահարեն Հաւատքի ուրացման եւ ձուլումի վտանգները, զորս կը դիմագրաւեն ամէն օր։      

Արհ. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2021, 08:23