Երբ աստղը տեսան` մեծապէս ուրախացան։ Երբ աստղը տեսան` մեծապէս ուրախացան։ 

Մոգերու երկրպագութիւնը (Մատթէոս 2, 1-12)

Երբ աստղը տեսան` մեծապէս ուրախացան։ Եւ տունը մտնելով, տեսան մանուկը իր մօր` Մարիամի հետ, եւ գետին ինկած երկրպագութիւն ըրին անոր, ու բանալով իրենց գանձերը` ընծաներ տուին անոր, ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս։

Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքին    մէջ, Հերովդէս թագաւորին օրով, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, եւ հարցուցին. 2 «Ո՞ւր է Հրեաներու թագաւորը որ ծնաւ, որովհետեւ անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու անոր»։

3 Այս լսելով` Հերովդէս թագաւորը խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմն ալ իրեն հետ. 4 եւ ժողվելով բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին դպիրները, հարցուց անոնց թէ ո՞ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը։ Անոնք ալ պատասխանեցին. 5 «Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքը, որովհետեւ այսպէս գրուած է մարգարէին կողմէ.  6 Եւ դո՛ւն, Բեթղեհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի քաղաքներուն մէջ ամէնէն փոքրը չես, որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս` Իսրայէլը»։

7 Այն ատեն Հերովդէս գաղտնի կանչեց մոգերը եւ ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ժամանակը, 8 եւ զանոնք Բեթղեհէմ ղրկելով, ըսաւ. «Գացէք տեղեկացէք մանուկին մասին, եւ երբ գտնէք` իմացուցէք ինծի, որպէսզի ես ալ գամ ու երկրպագութիւն ընեմ անոր»։ 9 Անոնք թագաւորին խօսքը լսելէ վերջ, մեկնեցան. եւ ահա աստղը զոր տեսեր էին արեւելքի մէջ` առաջնորդեց իրենց, մինչեւ որ եկաւ կեցաւ այն տեղը` ուր կը գտնուէր մանուկը։

10 Երբ աստղը տեսան` մեծապէս ուրախացան։ 11 Եւ տունը մտնելով, տեսան մանուկը իր մօր` Մարիամի հետ, եւ գետին ինկած երկրպագութիւն ըրին անոր, ու բանալով իրենց գանձերը` ընծաներ տուին անոր, ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս։ 12 Եւ տեսիլքի մէջ հրաման ստանալով չվերադառնալ Հերովդէսի մօտ` ուրիշ ճամբով դարձան իրենց աշխարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2021, 13:36