Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԼԶ)։

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Արեւագալի ժամերգութեան:

ԼԶ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Արեւագալի ժամերգութեան:

Արեւագալի ժամերգութիւնը նախապէս Առաւօտեան ժամերգութեան մէկ մասը կը կազմէր: Ան կը կատարուի Արեւածագի առաջին ժամուն: Առաջին ժամուն կատարելը, Յիսուսի յարութեան խորհուրդը ունի, որովհետեւ Յիսուս այդ ժամուն երեւցաւ աշակերտներուն իր յարութենէն յետոյ. առաջին ժամուն կատարուիլը կը յիշեցնէ նաեւ մեզի իր երկրորդ փառաւոր գալուստը և մարդկանց յարութիւնը: Այս ժամերգութիւնը հաստատած է Եզր Ա. (630-641թ.) Կաթողիկոսը: Օձնեցի Հայրապետ Է. դարուն, և Ստեփանոս Սիւնեցին Ը. դարուն կը յիշեն և կը մեկնեն զայն, ինչպէս նաեւ՝ Խոսրով Անձեւացին Ժ. դարուն: Արեւագալը ուղղուած է Ս. Հոգւոյն. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղօթից արեւագալի ժամուն, որ կատարի ի դէմս Հոգւոյն Սրբոյ, այլ և ի դէմս յարութեանն Քրիստոսի, որ երեւեցաւ աշակերտացն»: Այս ժամերգութեան սկիզբը սաղմոս, մաղթանք, քարոզ կ'ըսուի, առանց հանդիսաւորութեան: Ժամերգութեան ընթացքին՝ երգերու, քարոզներու և աղօթքներու ընդմէջէն Ս. Հոգիէն կը խնդրենք, որ արեւածագին հետ միաժամանակ, լուսաւորէ մեր հոգին եւս իմանալի Արեգակին, այսինքն՝ Քրիստոսի լոյսով: Արեւագալը գրեթէ ամբողջութեամբ լոյսի փառաբանութիւնն է: Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսուցման համաձայն՝ Քրիստոս ինք՝ Արեգակն է, որ Արեւելքէն ծագեցաւ և մեզ լուսաւորեց խաւարային մեղքերէն: «Լոյս, արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս». Քրիստոսի յարութիւնը կը նոյնացուի արեւի ծագման: Մեր հոգիները եւս տենչը ունին իմանալի լոյսին. «Ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»: ԺԲ. դարուն՝ ան ճոխացած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի (1173 թ.) շարականներով և աղօթքներով: Արդարեւ, Ժամագիրքին մէջ բազմաթիւ երգեր իր հեղինակութիւնը կը կրեն, ինչպէս նաեւ շարականներուն մէջ ընդարձակ ցուցակ մը կը կազմեն իր մեղեդիները, տաղերը և գանձերը, որոնց եղանակներն ալ ինք հեղինակած է և ունկնդիրներուն համար յատուկ հմայք ունին: Անցեալին՝ Արեւագալի ժամերգութիւնը կը կատարուէր սրբոց տօներուն և պահոց օրերուն. իսկ Տէրունի տօներուն չէր կատարուէր: Ըստ Հացունիի, Արեւագալ կը կատարուէր այն օրերուն, երբ Գիշերային ժամերգութիւն չկար: Ներկայիս՝ Արեւագալի, Խաղաղական և հանգստեան ժամերգութիւնները կը կատարուին Մեծ Պահոց շրջանին, ըստ պատշաճի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2021, 07:31