Ամանորեայ մտորումներ Ամանորեայ մտորումներ 

«Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն...» Ամանորեայ մտորումներ

Շնորհք հայցենք նմանելու այն բորոտին, որ առողջանալէ ետք՝ ետ դարձաւ Յիսուսի մօտ, ծնրադրեց Անոր առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Գոհութիւն յայտնեցէ'ք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է: Անոր սէրը յաւիտենական է» (Սաղմոս 136, 1):

 «Ամէն բանի եւ ամէն առիթի համար շնորհակալ եղէ'ք Աստուծոյ» (Ա Թեսաղոնիկեցիներուն 5, 18):

Ամանորը բարեպատեհ առիթ է մտաբերելու այն առատ պարգեւները, զորս տարիներու ընթացքին ստացած ենք Աստուծոյ անհուն բարութենէն եւ յայտնելու Անոր մեր երախտագիտութիւնը :

Թուենք գլխաւորները.

1-Երկրաւոր կեանքը

Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհաննէս, 14, 6): Նաեւ, «Ես եկայ որպէսզի կեանք ունենան եւ առատօրէն ունենան» (Յովհաննէս 10, 10):

2-Գերբնական կեանքը

Աստուած մեզ արժանացուց ընդունելու Մկրտութեան խորհուրդը, որուն կապուած են բազմաթիւ օրհնութիւններ: Սոյն Խորհուրդով կը դառնանք Աստուծոյ զաւակներ, Յիսուսի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Հոգիին մտերիմներ:

3-Ընտանիքն ու հարազատները

Աստուած մեր ճամբուն վրայ դրաւ ծնողներ, զաւակներ, եղբայրներ, քոյրեր, բարեկամներ եւ բարի սամարացիներ, որոնք մեզի օգտակար եղան մեր կեանքի բոլոր պարագաներուն:

4-Առողջութիւնը

Տարիները կ'անցնին եւ մեր առողջութիւնը կը սասանի: Տարիքի մը կը հասնինք, երբ մեր մարմինը կը սկսի տկարանալ: Ասով հանդերձ, շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ այն տարիներուն համար երբ առողջ էինք: Իսկ երբ ֆիզիքապէս տկարանանք յիշենք մտաւորականի մը սա խօսքերը. «կը գանգատէի, որ կօշիկ չունէի մինչեւ այն օրը երբ հանդիպեցայ ոտքերէ զուրկ մանուկի մը»:

5-Սուրբ Հաղորդութիւնը

Կարգ մը սուրբեր կ'ըսեն. «Նոյնիսկ հրեշտակները մեզի կը նախանձին, քանի որ իրենք չեն կրնար Յիսուսի մարմինը ճաշակել»:

6-Երկինք մտնելու հնարաւորութիւնը

Մեր կեանքը երկրի վրայ վաղանցուկ է: Սաղմոսերգուն կը յիշեցնէ. «Մենք դաշտի խոտի պէս ենք, որ առտու կը բուսնի ու երբ արեւը մարը մտնէ՝ կը չոռնայ» (90, 6):

Մեզմէ ոչ ոք չի կրնար երեւակայել երկինքի փառքը: Ս. Պօղոս կ'ըսէ. «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք  չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած» (Ա Կորնթացիներուն 2, 9):

7-Աստուծոյ անհուն Ողորմութիւնը

Մեր նախահայրերուն գործած սկզբնական մեղքին պատճառով՝ տկար ենք եւ դիւրաւ մեղքին մէջ կ'իյնանք. Արդարեւ, «արդարը օրը եօթն անգամ կը մեղանչէ» (Առակներ 24, 16): Ասիկա պատճառ մը չէ յուսահատելու: Անառակ Որդիին առակը մեզի կը պատգամէ, որ ողորմած Աստուած, Իր սիրազեղ ձեռքերով եւ գթասրտութեամբ միշտ պատրաստ է մեզ վերստին գրկաբաց ընդունելու: Բա'ւ է, որ զղջանք ու Խոստովանանքի դիմենք:

8-Մեզի ձեռք կարկառող սուրբերը

Մենք որբ չենք, լքուած զաւակներ չենք: Երկինքի մէջ, Աստուծմէ զատ, ունինք հոյլ մը սուրբեր, որ մեզի համար կ'աղօթեն, մեզ կը քաջալերեն եւ մեզի սրբութեան ճամբան ցոյց կու տան:

9-Աստուածածին Սուրբ Կոյսը

Աստուած մեզի տուաւ երկնաւոր Մայր մը, Ամենասուրբ Կոյսը, Աստուածածինը, Մայր Եկեղեցւոյ եւ մեր Մայրը: Ան մեր սուրբ Թագուհին է, մեր յոյսը եւ բարեխօսը՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան առջեւ:

Այս բոլոր պարգեւներուն վրայ խորհրդածելով՝ շնորհք հայցենք նմանելու այն բորոտին, որ առողջանալէ ետք՝ ետ դարձաւ Յիսուսի մօտ, ծնրադրեց Անոր առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր (Ղուկաս 17, 11-19):

«Գոհութիւն յայտնեցէք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է: Անոր սէրը յաւիտենական է» (Սաղմոս 136, 1):

Շնորհաւոր եւ սուրբ տարի:

Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2021, 08:20