Իրաք. Կիրակի օրուընէ սկսեալ երկրին մէջ աղօթքներ Քահանայապետի ճամբորդութեան համար։ Իրաք. Կիրակի օրուընէ սկսեալ երկրին մէջ աղօթքներ Քահանայապետի ճամբորդութեան համար։ 

Իրաք. Կիրակի օրուընէ սկսեալ երկրին մէջ աղօթքներ Քահանայապետի ճամբորդութեան համար։

Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ աղերսական յատուկ աղօթք մը պատրաստած է որ 17 Յունարէնն սկսեալ պիտի արտասանուի տեղական եկեղեցիներուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան դիտաւորութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գէտերու երկիրը կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին ու կ՛աղօթէ, որպէսզի անոր երկիր այցը ոչ միայն իրականանայ այլեւ իր հետ բերէ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան պտուղներ, շնորհիւ բոլորի համագործակցութեան։ Այս է մաղթանքը զոր արտայայտեց Քաղդէացիներու Եկեղեցւոյ Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ որ անցեալ 7 դեկտեմբեր 2020-ին, իմանալով Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան լուրը հաստատած էր «Երկար ժամանակէ ի վեր կ՛ապրինք վախի մէջ բայց նաեւ յոյսով» Նորին Սրբութեան այդ այցը որակելով «նոր ծնունդ» ու երկրին վերածնունդի նշան։

Սպասելով Քահանայապետի այցին Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Պատրիարքը այս օրերուն յօրինեց աղերսական աղօթք մը խնդրելով, որ հաւատացեալները զայն միասնաբար աղօթեն կիրակնօրեայ պատարագներու ընթացքին կիրակի 17 Յունուարէն սկսեալ։

Աղօթքին մէջ ի մէջ այլոց կ՛ըսուի.

«Տէր՝ Աստուած մեր, Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհէ առողջութիւն եւ բարօրութիւն, որպէսզի կարողանայ յաջողութեամբ կատարել սպասուած այցելութիւնը։

 Օրհնէ մեր ջանքերը ամրապնդելու համար երկխօսութիւնն ու եղբայրական հաշտութիւնը կառուցելու համար վստահութիւնը, ամրապնդելու խաղաղութեան ու մարդկային արժանապատուութեան արժէքները, յատկապէս մեզի իրաքցիներուս համար, որ վկայ եղանք ցաւալի իրադարձութիւններու։ 

Տէր՝ մեր Արարիչը, քու լոյսովդ լուսաւորէ մեր սրտերը, որպէսզի տեսնենք բարին ու խաղաղութիւնը ու սկսինք զանոնք իրականացնել։ 

Բարեխօսութեամբն մեր Մօր՝ Սուրբ Կոյսին, որուն մայրական հովանիին կը յանձնենք Քահանայապետին այցելութիւնը կը հայցենք Տիրոջմէ, որ մեզի պարգեւէ շնորհքը ապրելու ազգային լիակատար հաղորդութեան մէջ, համագործակցելով եղբայրաբար, կառուցելու համար աւելի լաւ ապագայ մը մեր երկրին ու անոր քաղաքացիներուն համար»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2021, 09:00