«Ես եմ, մի' վախնաք» (Յովհաննէս 6, 15-21) «Ես եմ, մի' վախնաք» (Յովհաննէս 6, 15-21) 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Առաջաւորի Բարեկենդան «Ես եմ, մի' վախնաք» (Յովհաննէս 6, 15-21)

Մենք ամէնքս ալ՝ մեր կեանքի ընթացքին, հանդիպած ենք շատ մը փոթորիկներու, որոնք են կեանքի զանազան դժուարութիւնները, հիւանդութիւն, սիրելիներու կորուստ, գործերու ձախողութիւն եւ այլազան խոչընդոտներ. երբեմն դիւրաւ անոնց յաղթահարած ենք, սակայն երբեմն ալ՝ պէտք ունեցած ենք ուրիշներու օգնութեան։ Իսկ կարգ մը փորձանքներու համար պէտք ունեցած ենք աւելի մեծ օգնութեան: Եւ ահա հոն է որ մէջտեղ եկած է երկնքի օգնութիւնը, երկնաւոր ձեռքը մեր Փրկչին, Յիսուսի
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս օգնութեան կը հասնի իր առաքեալներուն երբ անոնք կը գտնուին շատ ծանր վտանգի տակ ծովամոյն ըլլալու, ընկղմելով եւ խեղդուելով Տիբերեան լիճին մէջ: Եւ ահա յանկարծ կը տեսնեն իրենց Վարդապետը, որ դէպի իրենց կը մօտենայ քալելով լիճին վրայէն: Անհաւատալի բան. անոնք կը կարծեն ուրուական մը տեսնել: Սակայն ոչ. Յիսուս ինքն է որ ուժեղ ձայնով մը կը գոչէ. «Ես եմ, մի վախնաք»:

Ահա այդ ճգնաժամային վայրկեանին, անակնկալ կերպով՝ փոթորիկը կը հանդարտի եւ կը յայտնուի Յիսուս, իրենց Վարդապետը, փրկելու համար զիրենք այդ նեղ կացութենէն։ Երբ նաւավարներու ճարտարութիւնը չի կրնար այլեւս զիրենք առաջնորդել, ահա Յիսուսի ձեռքը կու գայ զիրենք հասցնելու դէպի ապահով նաւահանգիստը։

Մենք ամէնքս ալ՝ մեր կեանքի ընթացքին, հանդիպած ենք շատ մը փոթորիկներու, որոնք են կեանքի զանազան դժուարութիւնները, հիւանդութիւն, սիրելիներու կորուստ,  գործերու ձախողութիւն եւ այլազան խոչընդոտներ. երբեմն դիւրաւ անոնց յաղթահարած ենք, սակայն երբեմն ալ՝ պէտք ունեցած ենք ուրիշներու օգնութեան։ Իսկ կարգ մը փորձանքներու համար պէտք ունեցած ենք աւելի մեծ օգնութեան: Եւ ահա հոն է որ մէջտեղ եկած է երկնքի օգնութիւնը, երկնաւոր ձեռքը մեր Փրկչին, Յիսուսի. Ան կ՛ըսէ մեզի. «Ես ձեր մօտն եմ, ձեզի հետ կը քալեմ, ուստի մի՛ վախնաք, ահա ձեր ձեռքէն բռնած` կ՛առաջնորդեմ  ապահով ճամբաներէ դէպի ձեր կեանքին նպատակը։»

Եկեղեցւոյ խորհրդանիշներէն մին է նաւը, որուն նաւավարն է Եկեղեցւոյ պետը, Յիսուս, որու ներկայացուցիչն է Սրբազան քահանայապետը. Ան է որ կ՛առաջնորդէ քրիստոնեայ ժողովուրդը դէպի յաւիտենական փրկութեան նաւահանգիստը։ Այսօրուայ աւետարանի պատմած դէպքին մէջ` ձկնորսի նաւակը, որուն մէջ հաւաքուած են տասներկու առաքեալները, կը խորհրդանշէ Սուրբ Եկեղեցին։ Սոյն Եկեղեցին, պատմութեան ընթացքին` անցած է բազմաթիւ նեղութիւններէ եւ փորձանքներէ, սակայն հաստատ կերպով կը դիմէ դէպի նաւահանգիստը, որ երկնքի յաւիտենական երջանկութիւնն է, որովհետեւ Յիսուս միշտ ներկայ է իր Եկեղեցւոյ մօտ եւ Սուրբ Հոգին, թեթեւ ու անուշ հովի մը նման` կ՛ուղղէ իր ընթացքը ապահով ուղիներէ։

Մեր վստահութիւնը ներշնչուած է Յիսուսի տուած խոստումներէն ու պատգամ-ներէն իր Աւետարանին մէջ, որով ապահովութիւն տուած է մեզի թէ նոյնիսկ դժոխքի ամենա­ոխերիմ ուժերը պիտի չյաջողին յաղթահարել մեզ։ Իսկ մեր յոյսն ու ապաւէնը Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնն է մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ։

Մեզի կ՛իյնայ անշուշտ չվախնալ դժուարութիւններէն եւ չյուսահատիլ։ Երբ զինուորի մը կ՛ըսեն թէ ահա թշնամին դիմացն է, զէն ի ձեռին` պիտի յարձակիս անոր վրայ եւ նուաճես զինք, անշուշտ վախ մը կը պատէ նախ իր սիրտը, սակայն իր հայրենասիրութիւնը կը յաղթէ այդ նախնական տարակոյսին եւ կորովը սրտին` կը յարձակի թշնամիին վրայ։ Ան գիտէ թէ իր նուիրումով` կը պաշտպանէ իր ազգը, իր հայրենիքը, իր ընտանիքը։

Նոյնպէս ալ քրիստոնեան, որ դրոշմի խորհուրդով` զինուորագրուած է Քրիստոսի բանակին մէջ, անվեհեր կ՛ընթանայ Աստուծոյ կամքին գծած ճամբէն, վստահելով թէ իր Տէրն ու Վարդապետը բնաւ պիտի չլքէ զինք, այլ ամէն առիթին ու դժուարութեան առջեւ` միշտ նեցուկ պիտի կանգնի իրեն, հարկ եղած ատենը նոյնիսկ հրաշքով բանալով իր առջեւ բոլոր դռները որոնք կը կարծուէին փակուած ըլլալ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2021, 09:05