Երկընտրանք ընդմէջ լոյսին եւ խաւարին Երկընտրանք ընդմէջ լոյսին եւ խաւարին 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Երկընտրանք ընդմէջ լոյսին եւ խաւարին (Յովհաննէս 3, 13-21)

Կիրակի 17 Յունուար 2021 - Երկրորդ կիրակի յետ Յայտնութեան
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս ցոյց կու տայ իր աշակերտներուն թէ մարդիկ որքան յիմար կերպով կը վերաբերին իրենց տրուած ազատ ընտրութեան շուրջ, գլխաւորաբար իրենց ընծայուած առանձնաշնորհումին նկատմամբ, որ կը կայանայ անմահ հոգի մը ունենալուն մէջ:

Լաւ գիտնալով հանդերձ տարբերութիւնը լոյսին ու խաւարին, ճշմարտութեան ու սուտին միջեւ, կը նախընտրեն խաւարը՝ լոյսին, սուտը՝ ճշմարտութեան, կը մերժեն լոյսը եւ կը հեռանան ու կը փախչին անկէ։ Այն ճշմարտութիւնը զոր կը բերէ Յիսուս իր աշխարհ գալուստովը կը խրտչեցնէ այն անձերը որոնք ուրիշ տեսակ ճշմարտութեան մը կը սպասէին, իշխանութեան, փառքի ու պատիւի հետամուտ էին: Իսկ Յիսուս կը քարոզէ խոնարհութիւն, ներողամտութիւն, սէր... իրենց գործին չի գար գործադրել այս տեսակի խրատներն ու պատգամները:

Իսկ մենք, այսօր, ի՞նչ է մեր նախընտանքը։ Մտիկ ընել Քրիստոսի խօսքերուն եւ հաւատա՞լ անոր, թէ ըսել. Շատ կարծր են քու խօսքերդ, դժուար է հետեւիլ քեզի, կը նախընտրենք մենք մեր ազատ ճամբէն քալել, եւ ընթացք տալ մեր քմահաճոյքին, կատարելով մեր անձնական կամքը, այսինքն ազատ ապրելով աւետարանի դրած կաշկանդումներէն։ Նիկոդեմոս այդ հազուագիւտ փարիսեցիներէն էր որ Քրիստոսի խօսքերուն հաւատաց եւ հետեւեցաւ անոր. սակայն բազմաթիւ ուսեալ ու բարձրաս-տիճան հրեաներ բռնեցին կորստեան ճամբան։

Մենք ալ՝ կարող ենք շատ օրինակելի ու օրինաւոր կեանք մը ապրիլ, պահելով բոլոր պատուիրաններն ու եկեղեցական կանոնները, որեւէ մէկուն իրաւունքը չառնել եւ նոյնիսկ՝ աղքատներուն օգնել։ Սակայն այս բոլորը չեն բաւեր լոյսի մէջ քալելու համար. Իրական լոյսը Յիսուսն է, որուն միակ օրէնքը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. Սիրէ՛ քու ընկերդ քու անձիդ պէս, օգնութեան հասիր անոր` նեղութեան մէջ եւ, եթէ պէտք է, զոհէ քու անձդ իրեն համար։ Այսքան մեծ զոհողութեան` որեւէ մէկը պատրաստ չէ. ասոր համար ալ մենք եւս այսօր բոլորովին լոյսի մէջ չենք քալեր, սակայն կրնանք ըսել թէ կը դիմենք դէպի լոյսը։

Մեր իսկական վիճակը կարելի է դասել ընդմէջ լոյսին եւ խաւարին. կը գտնուինք երկուքին մէջտեղը. խաւարը միշտ մեզ կը հետապնդէ մեր շուքին նման, եւ կ՛ուզէ մեզ պահել իր շրջանին մէջ, իր իշխանութեան ներքեւ. բայց միւս կողմէն, լոյսը մեզ կը քաշէ դէպի իրեն եւ մեզի յոյս կը ներշնչէ հասնելու մեր նպատակին, ապրելու լուսաւոր աշխարհի մէջ, հեռու խաւարային ամէն ազդեցութենէ եւ ճնշումէ։

Խուսափելու համար խաւարին իշխանութենէն հարկ է որ միշտ արթուն մնանք, աղօթքով, ապաշխարանքով եւ սրտի տրամադրութեամբ օգտակար դառնալու մեր շուրջը ապրողներուն, անոնց օրինակ տալով հոգեկան արժէքներով լեցուն կեանքի մը եւ որդեգրելով քաջարի կեցուածք մը կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց։

Ամենամեծ անխելքութիւնը պիտի ըլլար, մեր կողմէն, մնալ խաւարին մէջ։ Իրազեկ ըլլալով մեր քրիստոնեայի ինքնութեան, շարունակել ապրելու, նման անաստուածներուն եւ անտարբերներուն, որոնք կ՛անտեսեն իրենց կրօնական պարտականութիւնները, առարկելով թէ անդենական կեանք գոյութիւն չունի եւ թէ ամէն ինչ պիտի վերջանայ այս աշխարհին վրայ երբ մեր աչքերը վերջնականապէս պիտի փակենք։ Լսենք Տիրոջ խօսքը, մօտենանք լոյսին, հեռանալով խաւարէն, եւ փրկութեան հասած կ՛ըլլանք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2021, 08:47