Սուրբ Ծնունդ, Աստուածայայտնութիւն: Սուրբ Ծնունդ, Աստուածայայտնութիւն: 

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ: Արհ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի Աստուածայայտնութեան տօնին քարոզը։

Աստուած էր որ մարմնացաւ, եւ մեզի նման մարդ եղաւ, նուիրենք իրեն մեր սէրը եւ յարգանքը այն բոլոր մարդոց որոնք իր պատկերին համաձայն ստեղծուեցան, զիրենք դարձնելով եղբայր եւ բարեկամ մեր հոգեւոր կեանքի:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մոգերը ճամբայ ելան իրենց աչքերը սեւեռած դէպի աստղը՝ որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի կեանքի նոր շրջան մը այսինքն դէպի նորածին մանուկը՝ որ լոյսն է Աստուծոյ: Այս երեւոյթը կը պարզէ երկու պատկերներու:

         Առաջին՝  պատկերը Հրեաներու որոնք ոչ մէկ ճիք կը կատարեն երթալու, հարցնելու եւ փնտռելու նոր մանուկը որ իրենց փրկիչը պիտի դառնայ :

         Երկրորդ պատկերին մէջ կը տեսնենք Հեթանոսները որոնք եկած եւ հետաքրրուած  են: Եկած են փնտռելու, գտնելու եւ տեսնելու նոր Մեսիան: Անոնք Կ'ունենան մեծ ուրախութիւնը զինքը տեսնելու եւ կը բանան իրենց նուէրները :

         Այս ուխտաւորները կարեւոր հանդիպում մը ունէին «Հրեաներու թագաւորին» հետ:  Տիտղոս մը՝ զոր Պիղատոսն ալ տուաւ Յիսուսին 33 տարիներ ետք անոր խաչին վերեւ տախտակի մը վրայ արձաննագրելով զայն: Նոյն բանը գոչեցին այն զինուորները որոնք խաչը կը պահէին ըսելով « ողջոյն    Հրեաներուն թագաւորին: » Յիսուսի հետ այս հանդիպումին, Աստուծուած ընկերակցած էր մոգերուն աստղին միջոցաւ:

          Աստուծոյ ծրագիրն էր որ հեթանոս մը ըլլար Յիսուսը փնտրելու եւ ճանչնալու Բեթղէհէմի մանուկը, այսինքն Աստուծոյ կողմէ ղրկուողը այսինքն աշխարհիս վրայ Աստուծոյ յայտնութիւնը, այս է իմաստը « Epiphanie » ի լատիններուն քով :

         Մատթէոս Աւետարանիչը, որ իր աւետարանը ուղղեց Հրեաներուն, շեշտը կը դնէ Աստուծոյ կամքին վրայ որով Ան իր Որդին աշխարհ կը ղրկէ մարդոց փրկութեան համար եւ ասոր համար կը հրաւիրէ զիրենք, ինչպէս նաեւ Հեթանոսները, ճանչնալու Մեսիան եւ մոգերուն նման քայլ մը առնելու այս նոր Փրկիչը աւելի մեծ հաւատքով փնտռելու եւ գտնելու ուղղութեամբ:

         Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,  այս տօնական օրերուն անշուշտ նուէրներ փոխանակեցիք ձեր սիրելիներուն հետ : Անշուշտ հաճոյք զգացիք երբ հաւնեցաք ստացուած նուէրները, որովհետեւ անոնք ձեր անձին անունով եկան :

         Մոգերու նուէրներն ալ Յիսուսի անձին տրուեցան, այսինքն անոր անունին համապատասխան էին : Ոսկին՝ որովհետեւ թագաւոր էր, խունկը՝ որովհետեւ Աստուած էր, զմուռսը՝ որովհետեւ մահկանացու էր :

         Որովհետեւ թագաւոր էր նոր մանուկը իրեն նուիրենք մեր ցանկութիւնը ապրելու  իրեն հետ  որպէս հպատակ  իր թագաւորութեան մէջ, այն թագաւորութեան մէջ ուր ոչ ատելութիւն , ո՛չ պատերազմ, ո՛չ ոխ եւ ո՛չ անհաւատութիւն կը գտնենք, այլ միայն սէր եւ միութիւն, որովհետեւ թագաւորը՝ որ եկած է, եկած է  միմիայն ծառայելու եւ ոչ ծառայութիւն խնդրելու: 

         Որովհետեւ Աստուած էր : Նուիրենք իրեն մեր աղօթքը , մեր նուէրը թող ըլլայ մեր ներկայութիւնը իր Սուրբ Զոհին , Սուրբ Պատարագին, Սուրբ Հաղորդութեան ուր կը լսենք զինք ու կը խորհրդաձենք իր խօսքերուն շուրջ:

         Որովհետեւ Աստուած էր որ մարմնացաւ, եւ մեզի նման մարդ եղաւ, նուիրենք իրեն մեր սէրը եւ յարգանքը այն բոլոր մարդոց որոնք իր պատկերին համաձայն ստեղծուեցան, զիրենք դարձնելով եղբայր եւ բարեկամ մեր հոգեւոր կեանքի :

         Սիրելիներ,

            Այս է մեր ծննդեան յայտնութիւնը, նոր՛ ճանապարհը որ մեզ երջանիկ եւ սուրբ պիտի դարձնէ շնորհքովն մանուկ Յիսուսի : Ամէն : 

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2021, 17:30